Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՅԱՒԵՐԺ ՓԱՌՔ ՄԱՅԻՍ 9-Ը ԿԵՐՏՈՂ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

May 9, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՅԱՒԵՐԺ  ՓԱՌՔ   ՄԱՅԻՍ 9-Ը  ԿԵՐՏՈՂ   ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ  ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ

ԸՆԹԵՐՑՈՂ, ՊԱՐՏՔ ՄԸ ՈՒՆԻՍ ԿԱՏԱՐԵԼԻՔ,  ԽՈՆԱՐՀԻՐ՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ԱՌՋԵՒ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

Մայիս ամիսը մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան  մէջ   դարձած  է  յաղթանակներու, հայրենասիրութեան եւ  հաւատարմութեան   խորհրդանիշը՝ Աւարայրէն,  Սարդարապատ,Պերլինէն՝ Շուշի:  Հայ  ժողովուրդին համար  Մայիս 9-ը  կը խորհդանշէ  Երկրորդ  Համաշխարհային  պատերազմին ֆաշիզմի դէմ  յաղթանակը  եւ  Շուշիի ազատագրութիւնը:

Հայ  ժողովուրդը այսօր, երախտագիտութեան զգացումով  կը  խոնարհի այն  քաջորդիներուն յիշատակին առջեւ, որոնք Հայրենական Մեծ պատերազմի եւ Արցախեան   հերոսամարտի  տարիներուն  զոհաբերեցին գերագոյնը՝  յանուն, ազատ անկախ եւ արժանապատիւ  կեանք ապրելու իրաւունքին:

Տօնական այս օրուան խորհուրդը միայն  յաղթանակներու եւ   հայ  ժողովուրդի   ռազմական տաղանդի դրսեւորման, հայրենիքի  սիրոյ ու սխրագործութիւններու հաստատումը չէ միայն: 9 Մայիսը միաժամանակ  հայ  ժողովուրդին ազատութեան, անկախութեան եւ խաղաղ  կեանքի  իրաւունքի  հաստատումն է:  Ճիշդ այս  իմաստով,անհրաժեշտ է  հաւաքական  ճիգերով, միասնութեամբ եւ  համախմբուածութեամբ  պահպանել այնքան սուղ  գինով  ձեռք  բերուած  խաղաղութիւնը:

Պատերազմը երկու  պարագաներուն ալ  պարտադրուեցաւ  մեր  ժողովուրդին: Խորհրդային  բանակին հետ Պերլին  մտած  հայկական զօրամասերը կերտեցին մեր ժողովուրդին ապագայ  յաղթանակները: Ազատութեան  պայքարը եւ  խաղաղութեան  երազը իրենց նախնիներէն   ժառանգած մեր ժողովուրդի զաւակները համոզուած էին, թէ  այլ ելք  չկար:  Պարտաւոր էին յաղթելու   ֆաշիզմին, նոյնպէս ալ՝ ազերի վոհմակներւն:

Հիթլերեան  բանակին պարտութիւնը  միաժամանակ  թրքական  բանակին պարտութիւնն էր, որովհետեւ թրքական բանակը   յարմար առիթը կը սպասէր  ներխուժելու Արաքսի  արեւելեան շրջանները…: Այս առիթով կը փափաքիմ   ընդգծել՝ անհրաժեշտ է  նոր սերունդին  բացատրել   ֆաշիստական Գերմանիոյ  յաղթանակին  հետեւանքները  հայ  ժողովուրդին վրայ:

Այսօր,  նաեւ օրն էարժեւորելու  այն հայորդիները, որոնք Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին  տարբեր  ճակատներու վրայ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի,  Պուլկարիոյ,  Յունաստանի մէջ  եւ այլուր  միացան Դիմադրական շարժումներուն: Խիզախութեան  հրաշալի  օրինակներ տուին Միսաք Մանուշեանը՝ Ֆրանսայի,  Մկրտիչ Դաշտոյեանը, Գէորգ   Քոլոզեանը՝ Իտալիոյ, Արտեմ Պետրոսեանը՝ Չեխոսլովաքիոյ  մէջ:

Երկրորդ  Համաշխարհային  պատերազմը  ոտքի   հանեց  Սփիւռքը: Սփիւռքի   հանգանակութեամբ ստեղծուեցան «Սասունցի Դաւիթ» եւ «Զօրավար Բաղրամեան» հրետանային    շարասիւնները: Սփիւոքահայութեան մասնակցութիւնը դրսեւորուեցաւ գաղափարական եւ  զինեալ  պայքարի եւ այլ եղանակներով:

Մեծ  Հայրենականը  կրկնակի  յաղթանակ  էր  հայ ժողովուրդին համար. Առաջինը՝  ահեղ  թշնամիին դէմ, երկրորդը ներքին, հոգեբանական՝  մեր վրայէն    ջնջելով   կոտորուող  ժողովուրդի խարանը:  Մեր ժողովուրդը   ապացուցեց, թէ  ոչ միայն կրնար կռուիլ, այլեւ՝   յաղթել:  Հայ ազատամարտիկները Հայրենական պատերազմի  յաղթանակները  իրենց   ուսերուն  վրայ  կրելով մասնակցեցան  Շուշիի ազատագրութեան եւ Արցախեան հերոսամարտին:

Մեծ   Հայրենականէն   քառասուն եւ եօթ  տարիներ   ետք,   հայ  ժողովուրդը  կրկնակի  տօնի վերածեց   Մայիս 9-ը, ազատագրելով  1920-ին  սուրի եւ  հուրի  միջոցով  բռնախլուած, հայաթափուած Շուշին: Շուշիի ազատագրութեամբ  վճռուեցաւ   պատերազմին ելքը  եւ   դադրեցաւ  թշնամիին կրակը: Շուշիի ազատագրութիւնը անձնազոհութեան, սխրանքի, ազգային  միասնութեան  վառ արգասիք էր:

Շուշիի ազատագրութիւնը  դարձաւ   հոգեւոր եւ  մշակութային զարթօնքի մեկնակէտ:  Այսօր,  Արցախը դարձած է հայախօս՝ իր  կրթական  օճախներով,  մշակոյթով, եկեղեցիներով:  Յաղթանակի այս  բաժինը նոյնքան կարեւոր է, որքան՝  ռազմականը: Յիշողութեան, յաղթանակի եւ  յարգանքի այս  խորհուրդները անհրաժեշտ է  գաղափարախօսութեան  վերածել   եւ  իբրեւ սրբութիւն փոխանցել գալիք սերունդներուն:

Այս իրողութեան տակ, ոգեւորութիւն  եւ հրամայական կը դառնայ Արցախի  մէջ  տնտեսական եւ  ժողովրդագրական աճ արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը:

Մայիս 9-ը մեր   ժողովուրդի  պատմութեան մէջ խաղաղութեան, ազատ ապրելու խորհուրդի օրն է:   Արտագաղթի դէմ պայքարելու, հայրենի  հողը  կառուցելու  ուխտի  օրը:

Յաւերժ  փառք եւ պատիւ  Մեծ Հայրենականին եւ  Արցախեան ազատամարտին  նահատակ   հայորդիներուն: Խոնարհինք  Հայրենական Մեծ պատերազմին  եւ Շուշիի ազատագրութեան զոհուած մարտիկներու   շիրիմներուն:

Պատիւ՝  Մայիս  9-ը  կերտող  մեր  բիւրաւոր նահատակներուն, պատերազմի վեթերաններուն,  հերոս ազատամարտիկներուն, հայրենիքի սահմանները  թուրք-ազերիական   հորդաներուն դէմ պահպանող քաջարի  հայ  սահմանապահներուն, Հայոց  Բանակին:

Յարգենք նահատակներուն յիշատակը, նուազագոյն  երախտագիտութիւնը  յայտնենք, գուրգուրալով  անոնց  ընտանիքին, զաւակներուն: Չսակարկենք, այլ՝ խոնարհինք հայրենիքը  երկինքէն  պահպանող  հերոսներուն   նուիրական ոգիին առջեւ, որպէսզի  հայրենի  հողին հետ  շաղախուած անոնց  կտակով մկրտենք մեր նորահաս սերունդները:

Փառք ու պատիւ  յաղթանակներու  կերտիչ ազատատենչ  հայ  ժողովուրդի  զաւակներուն:

 

 

Previous Post

ՀԱՏՎԱԾ 2019-Ի ԱՊՐԻԼԻ 23-ԻՆ ՍԻՎԻԼՆԵԹԻ ԹԱԹՈՒԼ ՀԱԿՈԲՅԱՆԻ ՀԵՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆՅԱՆԻ ԶՐՈՒՅՑԻՑ

Next Post

US Should Employ Naval Blockade Of Venezuelan Oil: Rick Scott

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.