Պարոյր Յ. Աղպաշեան
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 100ամեակը եկաւ եւ անցաւ, թէ ո՞րքանով արժանավայել կարգով նշուեցաւ եւ ոգեկոչուեցաւ, դիտորդներն ու հետեւորդները թող արտայայտեն կամ իրենց տեսակէտները պարզեն։
Մէկ բան յստակ է եւ արձանագրելի, որ համատարած կարեւորութիւն եւ ուշադրութիւն հազիւ թէ նշմարելի էին, եթէ բացառենք ՌԱԿ Լիբանանի շրջանակի ղեկավարութեան կազմակերպած զոյգ ձեռնարկները՝ 1 Հոկտեմբեր 2021ին, ՌԱԿի հիմնադիրներու ու վաստակաւորներու շիրիմներու այցելութիւն, կրօնական ու կուսակցական յիշատակելի արարողութիււներով, միւսը՝ 10 Հոկտեմբեր 2021ին, Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, հաւաքական հոգեհանգիստ, յիշատակը յարգելու համար ԲՈԼՈՐ ռամկավար ննջեցեալներուն։
Պէտք է ընդունիլ, որ՝ երկու առիթներով ալ, ներկաներուն ու մասնակիցներուն թիւը ողջունելի էր, մանաւանդ արտասանուած շինիչ խօսքերով (առաջինի պարագային՝ Պարոյր Աղպաշեան, երկրորդին՝ Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Բժ. Աւետիս Տագէսեան), որոնք յաւուր պատշաճի անդրադարձան օրուան խորհուրդին եւ անկէ բխած խորհրդածութիւններուն եւ առաջադրանքներուն։
Իսկ ՌԱԿ Արեւմտեան ափի պաշտօնաթերթ՝ «Պայքար»ին նուիրած 100ամեակի ճոխ թիւը (32 էջ), գնահատանքի արժանի նախաձեռնութիւն մըն էր, որպէս մամլոյ բեմ ու խօսնակ։
Ոչ միայն կ’ենթադրեմ, այլեւ համոզուած եմ, որ ՌԱԿը վաղո՜ւց նման դերակատարութիւններով հանդէս չէր եկած, որովհետեւ անոր տարեդարձը որքան ալ «սահմանափակ» կազմակերպչականութեամբ, որոշ նշոյլ մը, կայծ մը ցոյց տուաւ քանի տաղտղնուած անոր շարքերը, առաւել՝ նօսրացած անոր անդամակցութիւնները, այս կամ այն ձեւով առ այդ ինքնաչէզոքացուած էին, ինքնամփոփուած եւ ինքնապատեանուած, ի տես անոր ճիւղաւորումներուն, պառակտումներուն եւ յուսախաբումներուն, մանաւանդ որ՝ ղեկավարական մակարդակներով քիչ էին ազդեցիկ դէմքեր, իսկ եթէ կային, անոնց մեծ մասը յոյս ու վստահութիւն ներշնչող չէր։
Այս առիթով, կը յիշեմ, Արամ Սեփեթճեան գաղափարակիցին, մտաւորականին ու գրողին անընդհատ հեռախօսազրոյցները, իր անակնկալ մեկնումէն շուրջ երկու տարինեուն՝ թէ՝ «հարիւրամեակը մօտալուտ է, պէտք է պատրաստուինք եւ արժանի շուքով զայն նշենք»։
Վաստակաւոր գաղափարախօսի արդար ակնկալութիւնն էր ատիկա, որուն սրտէն արիւն կը հոսէր, թէ՝ ինչո՞ւ այսպէս եղանք, ի՞նչն էր պատճառը եւ ովքե՞ր էին պատասխանատուները, բայց, հաւատացած էր, որ 100ամեակը կրնար նոր դուռ մը բանալ…։
Թերեւս իր հոգին, երկնային արքայութեան մէջ, ԻՆՉ ՈՐ ՏԵՂ գոհունակութիւն ապրեցաւ, ի լուր այս համեստ, բայց, հաւանաբար յուսադրող երեւոյթին, որուն ամբողջութեամբ կը ձգտէր ան, իսկ այդ օրերուն, միշտ ականջիս կը հնչէին իր խօսքերը եւ իր կապուածութիւնը իր հաւատամքին։
***
ՀամաՌԱԿեան առումով, սակայն ես անձնապէս, որքան ալ զուսպ զգացումներով, տրամադրութիւններով եւ ըմբռնողութիւններով հետեւեցայ 100ամեակային տարեդարձին, զայն համարելով «անկիւնադարձային ճիչ» մը, ակնկալելով որ՝ կտրուկ վերատեսութիւն մը,՝ զգաստ աչալրջութիւն մը, յանձնառու մասնակցութիւն մը եւ շօշափելի պատասխանատուութիւն մը պարուրէ բոլորը, եթէ տակաւին մնացած էր ՈՒԽՏի եւ ԵՐԴՈՒՄի գիտակցութիւնը ու զանոնք վերանորոգելու ու վերակենդանացնելու վճռակամութիւնը։
Պարզօրէն ու ճշմարտօրէն խօսինք. ՌԱԿի վերջին տարիներու տատանումը կամ երերումը ո՛չ երէկուան եւ ո՛չ ալ այսօրուան հիւանդութիւնն է, առնուազն երեսուն եւ աւելի տարուան տխուր պատմութիւն մըն է (այս մասին, այլ յարմար առիթով), որոնց «հեղինակ»ներէն ոմանք առկայ են ու կը դեգերին աջ ու ահեակ, անտարբեր եւ անպատասխանատու, անիրատես եւ անլուրջ յաւակնութիւններով, ու տակաւին կը ջրիկնան կամ յոխորտան, թէ իրենք ոչ մէկ բաժին ունին ատոնց մէջ, ընդհակառակը՝ «շինարար են ու եւ արդարատ» (ի՜նչ հեգնանք)։
***
Այս գրութեանս պատճառը, անյետաձգելիօրէն եւ անխուսափելիօրէ՛ն, յետադարձ հայեացք մը նետելն է, որոշ մտորումներու ու դիտարկումներու կարգով, թէ ՌԱԿեան շրջանակներ ու պատասխանատուներ, ո՞րքանով քննարկումի, վերլուծումի, մեկնաբանումի եւ ախտաճանաչումի ենթարկած են անոր այժմու գործող վարքագիծը եւ անոր ապագայական հաւանականութիւնները։
Դժբախտաբար, շատ քիչ տոկոսով նման միտքերու հանդիպեցայ։ Իսկ անդին, տակաւին կան մտայնութիւններ, ժամանցուած ու վրիպուած, որոնք շեշտը կը դնեն ՄՒԱՅՆ անցեալին վրայ, կը գովերգեն, կը պանծացնեն, կը թմբկահարեն ու կը շեփորեն զայն (կարծես իրենք կամ իրենց շնորհիւ արձանագրուած են յաջողութիւնները), մոռնալով որ՝ այսօրը ի՞նչ կը բերէ ու վաղը ի՞նչ կրնայ տալ, իսկ ՌԱԿը ո՞ւր կը գտնուի։
Համարեա նման իրավիճակի մը մէջ կը գտնուի մարդը (կամ կուսակցականը), երբ կը լսէ խօսքեր ու կը կարդայ գրութիւններ, ուր զարմանալի ինքնագոհութիւն մը կայ, կարծես ՌԱԿը երբեք չէ անցած տխուր արահետներէ, չի գտնուիր խրամատներու կամ չի գալարուիր իր ցաւերուն մէջ։
Կը բաւէ՞ կողմնակի, հարեւանցի կամ մակերեսային ակնարկութիւններով, գուցէ երբեմն ալ սրութիւններով, յիշել կուսակցութեան «հիւանդկախութեան» մէջ գտնուիլը ու բաւարարուիլ ատորմով։
Չէ՞ որ կուսակցութիւն մը, եթէ պիտի մնայ կանգուն, աշխոյժ ու կենսունակ, պէտք է փնտռէ ու գտնէ այն գործօնները, որոնք զինք կրնան պահել այդ ուղիին վրայ, ոչ թէ դարձդարձիկ ու մանուածապատ հնարքերով զայն (ապա)առաջնորդել եւ (ապա)ղեկավարել։
Հարցումը, որ ինքզինք կը պարտադրէ (եւ պէ՛տք է պարտադրէ), հետեւեալն է.
Եթէ որեւէ կլոր թուական կամ ամեակ, իր գոյութան երթը կը տարեդարձէ, կրնա՞յ ըլլալ որ անիկա միայն առընչուի «վարդագոյն» երեսներուն հետ, մինչ յայտնի ու զգալի է, որ ան կը տառապի մէկէ աւելի ախտերէ, որոնց բուժման գծով, գրեթէ ոչինչ կատարուած է (ու կը կատարուի)։
Այս կապակցութեամբ ամենէն կարեւոր ու հիմնարար հարցադրումը այն է, որ՝ որեւէ կազմակերպութիւն, եթէ պիտի շարունակէ մնալ հրապարակի ու պատուանդանի վրայ (ալ ո՜ւր մնաց կուսակցական), կրնա՞յ գոյատեւել, երբ սերնդափոխութեան կամ ջահակրութեան ժառանգորդներ չունի։
Ֆիզիքական կեանքին մէջ, մարդ կը ծերանայ, տարիք կը թեւակոխէ, կրնան գիտակցութիւնը կամ զգացողութիւնը բնական ըլլալ, բայց, եթէ ան պատասխանատուութիւններ ունի (կամ ունեցած է), ինչպէ՞ս կրնայ դիմակալել դաժան ու հատու մարտահրաւէրները, երբ չունի յաջորդներ, ժառանգորդներ, նորագիրներ, որոնք, իրենց երիտասարդական կորովով, առողջամիտ հայեացքներով, անզիջող սկզբունքներով, կրնան մեծապէս նպաստել իրենց պատկանելիական կառոյցներուն։
Այսօր, օրինակի համար, ՌԱԿը ունի՞ այդ սերունդը կամ պատրաստուա՞ծ են նորագիրներ, թէ ամէն ինչ ձգուած է ինքնահոսի կամ պատահականութեանց, երբ մեծ վիհ մը կայ անոնց միջեւ, իսկ անփութութեամբ, կարելի՞ է նաւ թիավարել կամ կողմնորոշել։
Ամբողջական անհեթեթութիւն մըն է տիրող կացութիւնը, այնքան ատեն որ տարտղնուածութեան եւ ամլութեան թեւերը տակաւ կը ծածանին քիչ մը ամէն տեղ, ամէն հարթակի ու մակարդակի վրայ, իսկ սթափութեան լախտերը կը մնան իշխող-քարացած բեկորներ, ոչ ներկան, ոչ ալ ապագան տեսնելով կամ տարբերակելով։
Կրնայ առարկուիլ կամ ինքնապաշտպանուիլ, որ բոլոր ազգային կառոյցները նոյն զառիթափային ընթացքին մէջ են, բայց, ատիկա չի նշանակեր, անձնատուր ըլլալ վերիվայրումներուն եւ ելեւէջներուն, որոնք կը ծագին հոսկէ թէ հոնկէ։
Արդարեւ, ո՞րքան ընդունելի ու համակերպելի է, որ ՌԱԿի մասին ըսուին խօսքեր, որոնք երբեք չեն խորաչափուիր իր փայլունութեան հետ, ներկան ըլլալով, մեղմ ըսած, թուլակազմութեան պատկեր մը, իսկ ապագա՞ն, ո՞վ կրնայ «գուշակել» անոր ճակատագիրը։
Բազմիցս գրած եւ արտայայտուած եմ այս մասին, առանց թերագնահատելու կուսակցութիւններու վարած ու վարելիք դերը, ընդ որուն՝ նաեւ ՌԱԿին, սակայն, պայմաններն ու ժամանակները ցոյց տուած են, որ անոնք կ’ընթանան այնպիսի ճանապարհներով, որոնք հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս նոր սերունդներու ծիրերէն ներս, աններդաշնակ եւ անհաղորդ են, գրեթէ չխանդավառելով ու չգրաւելով զիրենք։
Եթէ լիբանանահայութիւնը պիտի ընկրկի կամ խարխափի այս մարզերէն ներս, թող ոչ ոք համարձակութիւնը ունենայ ակնկալելու, որ այլ գաղութներ կը յաջողին անոր մէջ, որովհետեւ ինչ որ կու տար այս գաղութը, իր ոգիով ու փորձով, իր շունչով ու վաստակով, վստահաբար, ուրիշ ոչ ոք կրնար ու կրնայ տալ, նոյնիսկ եթէ ունի իր ձեռնհասութեան եւ արդիւնաւէտութեան թափերը։
Ահա թէ ինչո՛ւ՝ ով չէր ուզեր հաւատալ, որ ՌԱԿի հարիւրամեակը դառնար ՆՈՐ ԵԼԻՑ մը, ՆՈՐ ՄԵԿՆԱԿԷՏ մը, սխալ ընտրութիւններու, անտեղի պառակտումներու եւ անիմաստ հաշիւներու ՇՐՋԱՆՑՈՒՄՈՎ, կարենալու իր դիրքն ու դերը պահել, այլապէս՝ տարեդարձ նշուած է թէ՞ ոչ, յարգուած է թէ՞ ոչ, մեծարուած է թէ՞ ոչ, ի՞նչ կու տան կամ կը կտակեն ազգութեան ու հայութեան։
(Պէյրութ)