Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Յիշատակելի   Թուական մը  Հնչակեան  Օրացոյցէն

February 17, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
ՀԲԸՄԻՈՒԹԵԱՆ  ՀԱՃԸՆԻ  ՈՐԲԱՆՈՑԸ՝  ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՎԿԱՅԱՐԱՆ  ՄԸ

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

17 փետրուար 1893-ը  իբրեւ  անմոռանալի  էջ մը արձանագրուած է  Հնչակեան կուսակցութեան  հերոսական պատմութեան մէջ: Այդ  դժբախտ օրը Սեբաստիոյ  Կիւրին  քաղաքին մէջ  ձերբակալուեցաւ  նշանաւոր յեղափոխական  Թորոս  Ծառուկեանը ՝  Չելլօն:

Ծառուկեանի  հերոսական պայքարը, սփռած ահ ու սարսափը թրքական  շրջանակներու վրայ, ծառայութիւնները՝   օսմանեան  իշխանութիւններու անարգանքին  նշաւակ  դարձող հայ գիւղացիին, անթիւ են  եւ անհամար:

Այս   յօդուածը երախտիքի  համեստ  արտայայտութիւն մըն է այն մեծ հայուն, որուն սիրտը  մինչեւ կախաղանին կատարը բաբախեց, օսմանեան  լուծէն  հայ  ժողովուրդին   քաղաքական  եւ  տնտեսական անկախութեան համար: Ականատեսները  կը վկայեն՝  Չելլօն աչքերը յաւիտեան  փակելէ առաջ «Կեցցէ’ ազատ  Հայաստանը» աղաղակած է:

Առիւծասիրտ այս  մարտիկը, որ թրքական  տասնեակ կանոնաւոր զօրքեր  դողացուցած , զանոնք փախուստի մատնած է,  եւ որուն  շուրջ առասպելական պատմութիւններ  հիւսուած են, ծնած է Կիւրին:  Չելլօ, մանկութենէն  եղած է  հիւանդոտ, տկարակազմ, կարճահասակ, ճաղատ, նիհար, սակայն  չափազանց ուշիմ եւ  մտացի:

Տարիներ   ետք, այս  հիւանդոտ եւ  տկարակազմ  պատանին կը դառնայ   շրջապատին  պատկառանք պարտադրող կտրիճ եւ անվեհեր  երիտասարդ:

Հայրը՝  Մահտեսի Վարդավառ,  շրջուն  վաճառական ըլլալով,Թորոս կը հետեւի  հօր քայլերուն եւ կը շրջի Եոզղաթի գիւղերը:Այս  ասպարէզը, որ  երկար  եւ միայնակ  ճամբորդութիւն կը պահանջէր,  մեծ ազդեցութիւն կ’ունենայ  Թորոսի նկարագիրին վրայ, մանաւանդ երբ ականատես  կը դառնայ հայ  գիւղացիութեան  անտանելի դրութեան, որ դժոխային էր  եւ ոչ՝ մարդկային:

Ապագայ  յեղափոխականին տեղեկութիւններ   կը  հասնին  արեւմտահայութեան  իրաւունքները պաշտպանելու  կոչուած  գաղտնի կազմակերպութեան (խօսքը՝ կը  վերաբերի Հնչակեան կուսակցութեան) մը գոյութեան մասին:Այդ   օրերուն  շատ կը լսուէր   Մինաս անունով  Հնչակեան հերոսի մը քաջագործութիւններուն արձագանգը: Թորոս   քաջ համոզուած էր, որ   իր մօտիկ  բարեկամը՝ Մուրատը (Մեծն  Մուրատ)  այդ գաղտնի   ընկերութեան անդամներէն էր : Ուստի կը դիմէ  Մուրատին, ապահովելու անպայման իր ալ անդամակցութիւնը: Սակայն կը մերժուի:   Մերժումը  չի  յուսահատեցներ զինք: Այդ  ընկերութեան  հաւատարիմ  եւ կտրիճ  մէկ անդամը  ըլլալու փաստը կը հայթայթէ ան  շուտով,  երբ 1000 փամփուշտ եւ   մէկ  քանի  ատրճանակ կը գնէ Գաղատիայէն  (Անգարա) եւ կը տանի  Մարզուան,  կը յանձնէ  ընկերութեան  անդամ իր ծանօթ   բարեկամին՝ Մուրատին:  Վերջինս զայն կը յանձնէ ընկերութեան  Կեդրոնին՝  պաշտպանելու  հայութեան իրաւունքները, որոնք կը յափշտակուէին  թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ,  կառավարութեան  քթին տակ:

Թորոսի  հայրենասիրական այս  գեղեցիկ   ժեստը արժանի կը դարձնէ զինքը  ընկերութեան անդամակցութեան:

Թորոսը  Հնչակեան  մարտիկ  էր այլեւս:  Հայրենիքի պաշտպան զինուոր մը: Անոր տարազը, զէնքերը,  սպիտակ  ձին եւ քաջագործութիւնները զինքը կը դարձնեն « հին առասպելական դեւէրէն մին, որ  մէկ օր կ’երեւի վայր մը,  յաջորդ օրը՝ քսան  ժամ  հեռաւորութեամբ մէկ այլ վայրի մէջ»:

Կեսարիան,  Սեբաստիան  եւ Եոզղաթը  իրենց շրջակայքով  կ’ըլլան Թորոսի   գործունէութեան վայրերը: Անոնց  թուրք եւ  քիւրտ պաշտօնեաները տարիներով  սարսափի տակ  կ’ապրին եւ   լայն շունչ  մը կը քաշեն  երբ 17  փետրուար  1893-ին, թուրք ոստիկանները կը յաջողին ձերբակալել եւ բանտարկել  Թորոսը,  Կիւրինի մէջ:

Թորոս ահռելի  տանջանքներու  եւ չարչարանքներու կ’ենթարկուի  Կիւրինի, Սեբաստիոյ  եւ  Եոզղաթի   բանտերուն մէջ,սակայն կը  մնայ  անդրդուելի եւ  չի  յայտներ իր  գործընկերներուն անունը:

Այս  մեծ յեղափոխականին Գաղատիոյ (Անգարա) բանտէն  կախաղան բարձրանալէ օր մը առաջ՝ 16  յուլիս  1893-ին, երկու  նամակները հրաշալիօրէն կը դրսեւորեն  ճշմարիտ  եւ նուիրուած  յեղափոխականներուն  հարազատ  հայրենասիրական եւ ազատասիրական ոգին:

« Քաջալերուեցէ’ք իմ սիրելի գիւղացիներս, ըսէ’ք անոնց թէ Թորոսները կրնան  մեռնիլ եւ պէտք է, որ մեռնին, բայց անմահ  են  լուսաւոր  գաղափարներ:  Հաւատք գոյացուցէք մեր արդար դատի  յաղթանակին համար: Կուրծքիս   կը սեղմեմ  իմ բոլոր ընկերները,  թող երբեք  չի թուլնան եւ միշտ բարձր  պահեն յեղափոխութեան դրօշը- Հնչակեան դրօշը: Կեցցէ’  նոր   Հայաստանը:

Հնչակեան  եւ  հայ   յեղափոխութեան բոլոր  մարտիկները այ’ս ոգիով  գործած  եւ  դիմաւորած են կախաղանները:

Բոլորը  պաշտելի եւ անմոռաց հերոսներ:

Previous Post

Heavy snowfall disrupts life in Istanbul

Next Post

Turkey won’t leave safe zones beyond borders anytime soon: Erdoğan

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.