Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Յիշատակի Երեկոյ՝ Նուիրուած Բազմավաստակ Դաստիարակ Երուանդ Պապայեանի

October 17, 2014
in Մշակութային
0
Յիշատակի Երեկոյ՝ Նուիրուած Բազմավաստակ Դաստիարակ Երուանդ Պապայեանի

ՊԸՐՊԵՆՔ .- Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 3ի երեկոյեան, առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, նախագահութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի տեղի ունեցաւ յուշերեկոյ՝ նուիրուած բազմավաստակ կրթական մշակ, դաստիարակ Երուանդ Պապայեանի:
Ընթացքին գործադրուեցաւ արժանավայել յայտագիր մը: Երեկոյի հանդիսավարն էր Լեւոն Քէշիշեան, որ կատարեց բացման խօսքը եւ ամփոփ կերպով անդրադարձաւ հանրային-հասարակական գործիչ, հանգուցեալ Երուանդ Պապայեանի կեանքին ու գործին եւ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն:
Պապայեան եւ Գարայեան ընտանիքներուն անունով իր սրտի խօսքը ուղղեց դոկտ. Սիլվա Գարայեանը: Ելոյթ ունեցան նաեւ տոքթ. Արշակ Գազանճեան եւ Փայլակ Ահարոնեան, որոնք երկար տարիներ գործակցած էին Պապայեանի հետ:
Գեղարուեստական բաժինով իրենց ներդաշնակ երգերով ելոյթ ունեցան Արեւմտեան թեմի Քրեսենթա հովիտի Հայց. եկեղեցւոյ Երուանդ Պապայեան շաբաթօրեայի սանիկները՝ բարձր գնահատանքի արժանանալով հանդիսականներուն կողմէ:
Երեկոյի գլխաւոր բանախօսն էր տոքթ. Գրիգոր Ատանալեան, որ հանգամանօրէն անդրադարձաւ հանգուցեալի կրթական-դաստիարակչական եւ գրական բարձր վաստակին, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄի միջոցաւ կատարած իր բազմակողմանի ծառայութիւններուն: Ան նոյնպէս խօսեցաւ իր ունեցած քաղցր յուշերուն մասին:
Օրուան պատգամը փոխանցեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ կեդրոնացաւ Պապայեանի գրական-դաստիարակչական բեղուն գործունէութեան վրայ՝ յիշելով նաեւ, որ անցեալ տարի հանդիսաւոր կերպով նշուած էր անոր ծննդեան հարիւրամեակը։ Առաջնորդը նշեց, որ Պապայեան տնօրէն եղած էր Պէյրութի Թէքէեան վարժարանին, ուր առաջնորդը պատանեկան տարիքին վայելած է իր հայրական գուրգուրանքը եւ ջամբած կրթութիւնն ու հայրենասիրական ոգին: Ան աւելցուց, որ Պապայեան շքանշանով պարգեւատրուած է երջանկայիշատակ Վազգէն Ա., ինչպէս նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն կողմէ:
Առաջնորդը իր պատգամին մէջ նշեց. «Հարիւրամեայ Երուանդ Պապայեան իր բովանդակ կեանքը դարձուց խունկ ու աղօթք Աստուծոյ տան խորանին, հայ դպրոցի նուիրական յարկին տակ ուսած մանուկներուն ու պատանիներուն համար։ Ոգեկոչման այս արարողութիւնը անտարակոյս ջերմագոյն երախտագիտութեան արտայայտութիւն է՝ ձօնուած Երուանդ Պապայեանի անզուգական անձնաւորութեան յիշատակին», ըսաւ ան ու հանգուցեալի նկարագիրին գլխաւոր յատկանիշներէն նշեց հետեալները.
– Աստուածասէր մարդ
– Լուսաւոր ներկայութիւն
– Ոգեղէն կերպար
– Հայրենակարօտ սիրտ
– Էջմիածնապաշտ հայ
– Դպրութեան ռահվիրա
– Հոգիներու ճարտարապետ:
Ապա, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի գլխաւորութեամբ, եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներու, կատարուեցաւ հոգեհանգիստ, որուն աւարտին առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն-հոգեճաշ, ուր Վաչէ արք. Յովսէփեան եւ այլ հայորդիներ իրենց սրտի խօսքը ուղղեցին հանգուցեալ Երուանդ Պապայեանի ընտանեկան պարագաներուն եւ ներկաներուն:

Previous Post

Էրդողանի Վտանգաւոր Խաղը Շարունակւում է. Հասան Ջեմալ

Next Post

Հայուն Կիրակի Օրուան «Հեւք»ը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.