Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Յիշատակի Եւ Յարգանքի Երեկոյ` Նուիրուած Վաստակաւոր Բեմադրիչ Եւ Դերասան Պերճ Ֆազլեանի

October 11, 2016
in Մշակութային
0
Յիշատակի Եւ Յարգանքի Երեկոյ` Նուիրուած Վաստակաւոր Բեմադրիչ Եւ Դերասան Պերճ Ֆազլեանի

Շաբաթ, 8 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան»  կեդրոնին մէջ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային մարմինին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վաստակաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի յիշատակին նուիրուած յարգանքի երեկոյ:

Ձեռնարկին հանդիսավարն էր բեմադրիչ Ժերար Աւետիսեան, որ իր բացման խօսքին մէջ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային մարմինին անունով ողջունելէ ետք ներկաները, ներկայացուց Պերճ Ֆազլեան բեմադրիչն ու դերասանը, յատկապէս երկար տարիներ լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ ունեցած իր ներդրումը եւ Ռահպանի եղբայրներուն հետ իր բարձր մակարդակի գործակցութիւնը: Աւետիսեան մատնանշեց, որ Պերճ Ֆազլեան ունեցած է աւելի քան 100 թատերական գործ հայերէնով, արաբերէնով, ֆրանսերէնով եւ թրքերէնով, եւ այդ գործերը իրենց յատուկ տեղը ունին թատերական կեանքին մէջ: Ժ. Աւետիսեան ըսաւ, թէ վաստակաւոր բեմադրիչ եւ դերասան Պերճ Ֆազլեան 1959-ին հիմնած է «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբը, զոր ղեկավարած է մինչեւ 1971 թուական` աւելցնելով, որ Ֆազլեան արժանացած է զանազան պարգեւատրումներու` «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», «Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ» մետալներու եւ շարք մը այլ պարգեւներու:

Ձեռնարկին խօսք առաւ Յակոբ Վարդիվառեան, որ իր անձնական կեանքի յուշերուն ընդմէջէն ներկայացուց 1951-ին Պերճ Ֆազլեանի Պոլիսէն Լիբանան հասնելու եւ Պէյրութի մէջ «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի հիմնումի հանգրուանը, որուն յաջորդեց լիբանանցի հանրութեան բացուելու հանգրուանը:

Իր սրտի խօսքը փոխանցեց լիբանանցի հանրածանօթ երաժշտագէտ Էլիաս Ռահպանի, որ բարձր գնահատեց 1950-1960-ական թուականներուն Պերճ Ֆազլեանի ներդրումը լիբանանեան թատերական կեանքի զարգացման գործին մէջ` կարեւոր նկատելով յատկապէս Ռահպանի եղբայրներուն հետ Ֆազլեանին կատարած գործը` անոնց ստեղծագործած թատերական գործերուն մէջ:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ լիբանանցի գրող Ալեքսանտր Նաժժար, որ ներկայացնելով Պերճ Ֆազլեանի թատերական գործին արժէքը, զայն որակեց իբրեւ «Լիբանանեան թատրոնի հայրապետը»:

Նոյն ծիրին մէջ խօսք առաւ լիբանանցի դերասան Ռաֆաաթ Թարապէյ, որ նոյնպէս իր փորձառութեան եւ անձնական ծանօթութեան բերումով լուսարձակի տակ առաւ Պերճ Ֆազլեանի հիմնական դերակատարութիւնը լիբանանեան թատերական կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ վերջին շրջանին լիբանանեան թատրոնին հիմքը դնող տիտաններէն 5-ը հեռացած են այս կեանքէն, անոնցմէ մէկը Պերճ Ֆազլեանն է, իսկ երկրորդը` Վարուժան Խըտշեան:

Յիշատակի երեկոն փակուեցաւ Լիբանանի սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար Յարութ Ֆազլեանի խօսքով. ան իր ընտանիքին անունով ներկայացուց իր հօր` Պերճ Ֆազլեանի արժանիքները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ մարմինին` յիշատակի երեկոն նախաձեռնելու համար:

 

Previous Post

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԸ ԿԸ ԳՈՐԾԱԿՑԻ THE LITTLE ENGINEER ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Next Post

Հալիտէ Էտիպէն Նամակ Մը` Թալէաթի Թղթապանակին Մէջ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.