ԴՈԿՏ. ԱՐԹՈՒՐ ԱՆԴՐԱՆԻԿԵԱՆ
Ա. Երբ Ստուերներն Են Ապրեցնող
Անըմբռնելի զգացում մը զիս միշտ կը գամէ անտես սիւններէն` գինովցնող ուժով մը, ու ես կ՛ենթարկուիմ. թեթեւասահ տեսիլքներ կու գան… պէյրութեան մթնոլորտէն` աւելի քան քսան տարիներու ապրածէս: Միտքէս դուրս կը շարունակուի ճամբան սեւեռումներուս` բացատրելի միայն ինծի… ուրկէ ուր կու գան մարդիկը, կը քալեն տխրադէմ, վաստակախոհ, յոգնած` իրենց կորսուած մանկութիւնը փնտռելու սիրոյն. Գարեգին Կաթողիկոս Յովսէփեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Սիմոն Վրացեան, Բարսեղ Կանաչեան, Գէորգ Գանտահարեան, Կարօ Սասունի, Գասպար Իփեկեան, Վահէ Սէթեան եւ շատեր…
Տարօրինակ զգացումէ մը կը վախնամ, երբ շրջապատուած կը զգամ իրենց ոգիի արթնցնող կենդանութեան գորովով. ինչպէ՞ս ինքզինքս պաշտպանէի անոնց լիաշունչ մերձաւորութենէն, երբ խօսիլը մոռցած` հարցումներ ունէի եւ խօսքերուս մէջ անզօրութիւն կը զգայի: Հարցասիրութիւնս օձիքէս բռնած` կարծես թէ կ՛ըսէր. «Հարցու՜ր, հարցու՜ր, որպէսզի յագենաս, տարիներու դիզուած պատմութիւններէն ի վերջոյ ամոքուիս»:
Անըմբռնելի սա զգացումներէս անկարելի է խուսափիլ, էութիւն տոչորող յաճախականութիւններէն ձերբազատիլ. ասիկա բարեբախտութիւն մըն է: Զանոնք եթէ ճանչցած ըլլայի, վերապրումներուս կը տիրէր աննիւթեղէն հմայք մը, ներշնչումներս ալ ինձմէ հեռու կը վանէի, չէի դժգոհիր, սրտնեղիլ` կնոջ մը պէս, զոր տարիներով փափաքած արու զաւկի մը կարօտով ապրած է, բայց ծնած… ջուխտակ աղջիկ:
Կը շարունակէի չդժգոհիլ, վասնզի հանդիպած, ճանչցած եմ սերունդի մը դառնութիւնը կլլած բազմաթիւ մտաւորական մարդիկ, որոնք զիս իրենց նախորդներու յիշատակները փոխանցած են: Այդ երեւելիները վերջին երեսուն տարիներու պատնէշին վրայ եղած են, ինծի վիճակուած էր վայելել անոնց մտերմութիւնը: Չեմ ուզեր խոստովանող մը ըլլալ` յանձնուելով խոհերուս հովերուն` եսասէրի մը պէս: Չեմ ուզեր խեղդած կամ շահագործած ըլլալ իմացականութեան իմ բաժնեմասը, այլապէս կը կորսնցնեմ զգայունակութիւնս, որ միշտ զիս պատսպարած է` հանդուրժած սակաւախօս ըլլալս: Կ՛անցնիմ: Բայց անցեալ եւ ներկայ մարդոց շուքերէն խուսափիլ չեմ կրնար. քաղաքը` Պէյրութ զիս կ՛արգիլէ. ամէն քայլափոխի, ուր ալ ըլլամ, մանաւանդ` մթնոլորտին մէջ զիս գօտեպնդող… շղթայուած կը մնամ երանելի մարդոց տեսիլքներէն: Արդեօք կ՛ըմբռնե՞մ յուզումս, ինչպէս հայելիի դէմ առ դէմ կերպարանքս` շուարումէն զիս անճանաչ ու ինձմէ օտարուած բոլորովին այլ հանգամանքներու մէջ յայտնուած ու անոնցմէ ոգեւոր-գերեվար:
Վերջապէս զիս զգուշացնող մը կը յայտնուի` թիկունքէս ցնցելով. «Անոնց շուքէն կենդանութիւնը կը զգաս այն լուսաւոր օրերու: Վհատելու պատճառ չունիս: Զանոնք ապրեցնելը` ի գին ամէն բանի, մերօրեայ տուայտանքները մոռցնելուն կը նպաստէ»: Ջերմեռանդութեամբ կը հաւատամ այս խօսքերուն, բայց ո՞վ էր թիկունքէս ցնցողը: Կարծես իմ հաւատամքէս աներեւոյթ փրցուած անմարմին մէկը. «Տարօրինակ, տարօրինակ մարդ արարած մը», ինչպէս կ՛ըսէր Մուշեղ Իշխան: Գայթակղող մը, զոր Եդուարդ Պոյաճեանին Այնճարէն կու գար ու գաղտագողի իր գորովանքը կը փոխանցէր, իբր` այլ ճամբայ մը որդեգրելու իրաւունք չունիս բնաւ, քուկդ անոնց ճամբայով քալելն է, օր մը օրանց իրարու կը հանդիպիք, երբ հայու երազանքները, այլեւս իրականութիւն ըլլալէ զատ, հակառակ ամէն բանի… ծառայեն հայու պարտութիւններու գերեզմանի աւերմանը: Չեմ գիտէր` օր մը յուսատուութեան երկինքը կը պարզուի՞. կարծեմ միշտ պէտք է վերադառնալ ու խոստովանիլ, որ տակաւին քմայքոտ աճպարարութիւններու զոհն ըլլալով, այլեւս զոհաբերութիւններու սահմանն անցած ենք եւ յուզմունքէն չորցած շրթներով անկարող ապացուցելու, որ Աստուծոյ ընտրեալ ազգն ըլլալով… չարաշահած ենք Անոր համբերութիւնը: Իր անունովը երդմնազանց ժամավաճառութեամբ սնուցանելով ինքզինքնիս` մեր անօթի հոգիները լեցնելով օտար պատարագիչներու սնամէջ վարժանքներով:
Հիմա ինքզինքս հեռապատկերի մը դիմաց, աղերսող ձայնէն խանդավառ, վերստին կ՛անգիտանամ ուր գտնուիլս. Նշան Փալանճեան ճեմարանին դուռը կիսաբաց է, ինչպէս` Նիկոլ Աղբալեանին ժպիտը… Չարենցին հանդիպած ատեն… մինչ այդ զիս զգուշացնողը նորէն թիկունքէս կը շշնջայ. «Քալէ՛, քալէ՛, մինչեւ տեղ մը հասնիս, դուն պէտք չունիս վհատելու, վասնզի անոնց ապրածը կ՛երեւակայես ապրիլ, հայերուն Պէյրութը ապագայի ետին պահուըտած` կը սպասէ լուսեղէն վերընձիւղեալ օրերու»:
Անսպասելի, անսպառելի զգացումներէն կ՛արթննամ, ու միտքիս մէջ ճամբայ մը կ՛երկարի Անթիլիասի լուսաբացներէն, զիս պարուրող ճամբայ մը, եւ ո՛ւր ալ երթալու ըլլամ` առաձգական որոնումէ կը գայթակղիմ: Բայց ո՞վ կը զգուշացնէր, չեմ գիտեր, բան մը գիտէ՞ր իմ մասիս, որ այդպէս կը քաջալերէր հասկնալու համար ով ըլլալս. կը լուսաւորէր. գիտնալով հանդերձ, որ հարկատուն եմ զգացումներու` ինձմէ դուրս յորդող… յիշատակներու ընդմէջէն:
Երեւան, 22 օգոստոս 2022
Յատուկ «Ազդակ»-ի համար