Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Յիշենք բոլորը մէկ առ մէկ

April 16, 2022
in Յօդուածներ, Mobile Home, Newsletter
0
Յիշենք բոլորը մէկ առ մէկ

ՎԻԳԷՆ ԱՒԱԳԵԱՆ

Օրացոյցի թերթիկը յիշեցուց, որ արդէն օրեր առաջ 13 ապրիլ էր` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին յիշատակման օրը:

47 տարի առաջ, 13 ապրիլ 1975-ին, Այն Ռըմմէնէի օթոպիւսին տխրահռչակ դէպքով Լիբանան մտաւ քաղաքացիական երկա՜ր պատերազմի մը մէջ, որուն զինուորական ճակատումներուն փուլը աւարտեցաւ Թաէֆի 1989-ի համաձայնութեամբ, բայց քաղաքական, տնտեսական, քարոզչական-տեղեկատուական ճակատումները կը շարունակուին մինչեւ այսօր, բոլոր ճակատներու վրայ եւ պարբերական սաստկութեամբ:

47 տարի ետք, այսօր, պատերազմը տակաւին կանգ չէ առած: Պարզապէս զէնքերն են, որոնք փոխուած են: Գնդացիրին փոխարինած է տոլարի զէնքը, թնդանօթին եւ հրասայլին տեղը գրաւած են տնտեսական ճնշումները եւ ընկերային ցանցերու գրոհները, որոնք օրական աւերներ կը գործեն: Այլապէս, լիբանանցիք տակաւին ելեկտրականութիւն եւ ջուր կը մուրան: Ալիւրի եւ վառելանիւթի տագնապներ կը դիմագրաւեն: Փուռերու եւ դեղարաններու առջեւ երկար շարքեր կը կազմեն, իսկ օտար դեսպանատուներու առջեւ® արտագաղթի համար պոչ կը բռնեն:

Ճիշդ է` աւազէ պատնէշներ չկան այլեւս շրջաններու միջեւ, բայց անոնց փոխարէն` բարձրացած են շատ աւելի վտանգաւոր` քաղաքական-հոգեբանական պատնէշներ, որոնք անկարելի կը դարձնեն կողմերու միջեւ երկխօսութիւնն ու համախոհութիւնը, համաձայնութիւնն ու ազգային միացեալ տեսլականներու մշակումը:

Լիբանանցիք մինչեւ հիմա դասեր քաղած պէտք էր ըլլային իրենց երկարամեայ պատերազմէն, թանկագին զոհերէն եւ միլիառներու հասնող վնասներէն: Իսկ այդ դասերէն մեծագոյնը, անկասկած, պէտք էր ըլլար ա՛յն, որ համայնքներու, կուսակցութիւններու եւ քաղաքական խայտաբղէտ հոսանքներու այս երկիրը կը գոյատեւէ դիմացինը ընդունելով այնպէս, ինչպէս որ է: Ո՛չ ոք կրնայ ոեւէ մէկը ջնջել: Ո՛չ ոք ինքզինք կրնայ պարտադրել դիմացինին: Մերժումը եւ անտեսումը տեղ չունին այս երկրին մէջ, որովհետեւ վերջաւորութեան բոլորը պիտի գոյակցին միասնաբար` համախոհական ժողովրդավարութեան սկզբունքով: Բոլորը պիտի նստին բանակցութեան նոյն սեղանին շուրջ` միասնաբա՛ր լուծումներ գտնելու իրենց սնանկացած հայրենիքին եւ անոր կազմաքանդուած պետութեան ահաւոր կացութեան:

Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի բռնկումի 47-րդ տարելիցին այս օրը նաեւ առիթ է յիշելու բոլոր անոնք, որոնք ինկան այդ պատերազմին ընթացքին:

Ինկողներու շարքին էին բազմաթիւ հայորդիներ, որոնք զոհ գացին պատերազմի կոյր ռմբակոծումներուն եւ կամ հայահոծ թաղերու ինքնապաշտպանութեան հերոսական կռիւներուն: Շատերը զոհուեցան հայութեան դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան պահպանման ի խնդիր, հայ համայնքի ինքնուրոյն կեցուածքներուն եւ սեփական շահերուն պաշտպանութեան ի խնդիր:

Շատերը ինկան իրենց ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու ճամբուն վրայ, իսկ շա՜տ շատերն ալ կենդանի նահատակներ դարձան իրենց նմաններուն մատուցած անմնացորդ ծառայութիւններուն ճամբով:

13 ապրիլ:

Օրը` յիշելու բոլորը մէկ առ մէկ` նահատակներէն մինչեւ անձնազոհները, պատնէշի վրայ ինկողներէն մինչեւ քաղաքական, տնտեսական, ընկերային պայքարի ճակատներուն վրայ մարտնչած բոլոր նուիրեալները: Բոլոր անոնք, որոնք հաւատացին Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ միասնականութեան: Եւ բոլոր անոնք, որոնք խոր համոզումով հաւատացին ամուր, կազմակերպ եւ կենսունակ լիբանանահայութեամբ հզօր եւ անընկճելի հայութիւն մը ունենալու համահայկական անժխտելի հրամայականին:

 

Previous Post

Վաղը մեր Զատիկն է…

Next Post

«Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.