ՓՈՔՐ ՏԱՐԻՔԷՆ ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՃԱՇԱԿԵԼԷ ԵՏՔ… ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ, ՊԵՏԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ. ՄՕՏ ՔՍԱՆ ՏԱՐԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԲԵՂՈՒՆ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ՝ ԼԱՒԱԳՈՅՆՍ, ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՕՐԷՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՎ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԵԼՔՈՆ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ:
Ծնած է 11 Ապրիլ 1919-ին, Մեծ Կղզի, Պոլսոյ դիմաց Մարմարա Ծովուն մէջ: Աւազանի անունով՝ Մելքոն-Նորայր: Զաւակն է Մարինոս Չիլինկիրեանի եւ Մատթէոս Էպլիղաթեանի, որոնք իրենց ծննդավայր՝ Քրքաղաճէն հեռանալով պատանեկան տարիքին հաստատուած են նախ Իզմիր, յետոյ՝ Պոլիս:
Հայրը՝ իրաւաբան Մատթէոս Էպլիղաթեանը նշանակուած էր Պոլսոյ «Ազգային Խնամատարութեան» ընդհանուր տնօրէն, միաժամանակ՝ 1918-ին, ներկայացուցիչը Հայաստանի Հանրապետութեան «Խնամատարական եւ վերաշինութեան» նախարարութեան, իսկ 1920-ին՝ «Գաղութային գործերու վարիչ», գործնապէս՝ Պոլսոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ընդհանուր հիւպատոսի աշխատանքները վարող:
1922-ին, Պոլիսը կը գտնուէր Առաջին Համաշխարհային պատերազմի «Դաշնակից պետութիւններ»ու զինուորական գրաւման տակ: Սակայն մօտալուտ կը թուէր անոնց մեկնումը եւ իշխանութեան յանձնումը թուրք ազգայնական նոր կառավարութեան: Այդ մտավախութեամբ, Պոլիս ապաստանած բազմահազար հայերու մօտ ստեղծուած էր փախուստի խուճապը: Էպլիղաթեաններու ընտանիքը՝ Մելքոնի մայրն ու մեծ մայրը, Միքայէլ եւ Պետրոս հօրեղբայրներու ընտանիքներով, շոգենաւով կը փոխադրուին Ռումանիոյ Փլէոշտ քաղաքը: Մելքոնի հայրը՝ Մատթէոս, կը մնայ Պոլիս՝ մեկնողներուն հայկական անցագիր ապահովելու պարտականութեամբ: Թէեւ Հայաստանի հանրապետութիւնը արդէն գոյութիւն չունէր այդ ժամանակ, սակայն Դաշնակից պետութիւնները պաշտօնապէս չէին ճանչցած սովետականը եւ կ’ընդունէին հայկական անցագիրներու վաւերականութիւնը: Այսպէս, Դեկտեմբեր 1922-ին, երբ անգլիական ուժերու կողմէ կը փակուի Հայաստանի դեսպանատունը, Մատթէոս Էպլիղաթեան թուրքերու կողմէ ձերբակալութեան վտանգին ի տես, կը միանայ Փլէոշտ գտնուող իր ընտանիքին՝ 1923-ի սկիզբը:
Երեք տարի կը մնան Ռումանիա. այդ ընթացքին կը մահանայ Մելքոնի Միքայէլ հօրեղբայրը, իսկ հայրն ու Պետրոս հօրեղբայրը կը զբաղին գիւղատնտեսութեամբ, բայց կը հանդիպին ձախողութեան, տրուած ըլլաով որ երկուքն ալ համալսարանական ուսումով իրաւաբան էին, եւ գիւղատնտեսութեան մասին իրենց ունեցած ծանօթութիւնն ու տեսական գիտելիքը բաւարար չէր յաջողութեան հասնելու այդ ոլորտին մէջ:
1924-ին, Մելքոնի ընտանիքը կը փոխադրուի Յունաստան, իսկ Պետրոս հօրեղբայրը իր ընտանիքով կը մնայ Ռումանիա: Յունաստանի մէջ, առաջին երկու տարին կ’ապրին Աթէնք, ապա Նէոս Քոզմոս արուարձան՝ Ֆիքս-Տուրղութի հայկական գաղթակայանին մօտ, ուր կը գտնուէր Սուրբ Կարապետ եկեղեցին, եւ անոր կից՝ մանկապարտէզ ու նախակրթարան վարժարան: Եօթը տարեկան Մելքոն, կը յաճախէ Ֆիքս գաղթակայանի այդ վարժարանը, եւ 1932-ին կ’ըլլայ շրջանաւարտ:
Մայիս 1933-ին, դարձեալ ընտանեօք կը փոխադրուին, այս անգամ ֆրանսական հոգատարութեան ներքոյ գտնուող Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը, ուր հայրը՝ Մատթէոս, տարի մը առաջ՝ 1932-ին ստանձնած էր Հայկազեան վարժարաններու տնօրէնութիւնը: Մելքոն կը յաճախէ Հալէպի «Միսիոն Լայիք Ֆրնասէզ»ի երկրորդական վարժարանը: 1934-ին, կ’անդամակցի Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան:
1935-ին, Էպլիղաթեան ընտանիքը դարձեալ կը փոխադրուի, այս անգամ Անտիոք՝ Իսքէնտէրունի նահանգ, ուր Մելքոնի հայրը, քանի մը տարի իբր իրաւաբան գործելէ ետք, 1938-ին կը նշանակուի նախադատ ատեանի դատաւոր, եւ վերաքննիչ ատեանի անդամ:
Այս շրջանին, դպրոցական ուսումը շարունակելու համար, Մելքոն առանձինն կը մնայ Հալէպ, եւ 1938-ին, կ’աւարտէ «Միսիոն Լայիք»-ը, յաջողութեամբ ձեռք ձգելով ֆրանսական պաքալորիայի երկու քննութիւնները, ապա կը փոխադրուի Պէյրութ՝ ստանալու համալսարանական ուսում՝ Պյէրութի ֆրանսացի Յիսուսեան Հայրերու Բժշկական Համալսարանին մէջ: Ուսման զուգահեռ, Մելքոն, մօտ երկու տարի ֆրանսերէն լեզուի մասնաւոր դասեր կու տայ Պէյրութի բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակներու, ընդ որում՝ օրուան վարչապետ Սամի Սոլհի աղջկան:
1940-ին, Բաբգէն Փափազեանի, Եղիկ Գոնեալեանի, Արմինէ Պէրպէրեանի, Գէորգ Էմմիեանի, Շաքէ Տէր Մելքոնեանի, Սեպուհ Սիսեռեանի, Վահէ Տէր Մինասեանի, Ժիրայր Խաչատուրեանի եւ Լեւոն Տէր Մինասեանի կողքին, Մելքոն Էպլիղաթեան կ’անդամակցի Հ.Յ.Դաշնակցութեան Զաւարեան Ուսանողական Միութեան, կուսակցական կազմաւորում ստանալով ղեկավար-դաստիարակներու ա՛յն փաղանքէն, որոնց մէջ էին Նիկոլ Աղբալեան, Լեւոն Շանթ, Ռուբէն Տէր Մինասեան, Կոմս, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Կարօ Սասունի, Հրաչ Փափազեան եւ Սիմոն Վրացեան:
1941-էն մինչեւ 1943 գիտութեան դասեր կ’աւանդէ Յիսուսեան հայրերու Պէյրութի քոլէճին մէջ: Հոկտեմբեր 1944-ին կը մեկնի Հալէպ, «Սէն Լուի» հիւանդանոցին մէջ ֆրանսացի համբաւաւոր վիրաբոյժ՝ գնդապետ բժիշկ Ֆրիւշոյի հսկողութեամբ աշխատակցելու:
10 Յունիս 1945-ին, Պէյրութի մէջ կատարելէ ետք Հիփոկրատի աւանդական երդումը, կը տիրանայ բժշկական վկայականին, եւ կը մեկնի Լաթաքիա, ապա՝ Հալէպ, ուր կը բանայ իր առաջին դարմանատունը. ան կը մասնագիտանայ վիրաբուժական բժշկութեան մէջ:
Հալէպի մէջ, ընկեր Մելքոն ժամանակ կը տրամադրէ ընկերային հասարակական կեանքին հետեւելու, եւ առիթը կ’ունենայ ծանօթանալու եւ մօտէն շփուելու Հալէպի թեմի օրուան առաջնորդ Զարեհ Եպիսկոպոս Փայասլեանի (յետագային Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), գրագէտ Սիմոն Սիմոնեանի, ուսուցիչ Կարապետ Սապունճեանի, Ժոզէֆ Շատարեւեանի, Խորէն վարդապետ Բալոյեան (յետագային Խորէն Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ), եւ ուրիշներու:
1946-ին, Հալէպի հայութեան խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը ներգաղթն էր դէպի սովետական Հայաստան: Ընկեր Մելքոն, եւ եղբայրը՝ Գրիգոր, կ’որոշեն ներգաղթել, սակայն կը հանդիպին իրենց հօր մերժողական կեցուածքին, որ կը խրատէր սպասել քանի մը տարի, եւ տեսնել ներգաղթողներուն կացութիւնը, եւ միայն յետոյ տալ որոշում: Այս միջոցին՝ Յուլիս 1946-ին, տոքթոր Մելքոն, հալէպահայ ակնաբոյժ Ռոպէր Ճէպէճեանէն կը ստանայ հրաւէր՝ մաս կազմելու ներգաղթի թեկնածուներուն առողջական վիճակը քննող բժշկական խմբակին: Ազիզիէ թաղամասին մէջ գտնուող Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ակումբին մէջ կատարուած այս աշխատանքին ընթացքին, ան կը ծանօթանայ իր ապագայ կնոջ՝ Անահիտի, որ այլ կամաւոր երիտասարդ երիտասարդուհիներու կողքին կ’օժանդակէր ընթացիկ աշխատանքներուն: Օրիորդ Անահիտ դուստրն էր Հալէպի երկաթուղիի կայարանապետ Հմայեակ Տոլպագեանի, որ ստանձնած էր ներգաղթողները երկաթուղիով Հալէպէն Պէյրութ փոխադրելու աշխատանքը:
Օգոստոս 1946-ին, ընկեր Էպլիղաթեան կ’աշխատակցի Լաթաքիոյ բժշկական պետական հիւանդանոցին իբր օգնական վիրաբոյժ:
12 Ապրիլ 1947-ի նշանդրէքէն ետք, 10 Մայիս 1948-ին տեղի կ’ունենայ տոքթ. Մելքոնի եւ Անահիտի պսակադրութիւնը, յօդս կը ցնդի ներգաղթի գաղափարը, եւ նորապսակները կը հաստատուին Լաթաքիոյ մէջ:
16 Յունիս 1950-ին, կը մեկնի Փարիզ. ան մաս կը կազմէր Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութեան կողմէ ուղարկուած երեք բժիշկներէ բաղկացած խումբին, որ պիտի աշխատէր «Քոշէն» հիւանդանոցին մէջ՝ համբաւաւոր Փրոֆ. Սէրլ տ’Օպինէի հսկողութեան տակ, փորձառութիւն եւ նորարարութիւն ձեռք ձգելու համար: Ֆրանսայի մէջ, հակառակ բազմազբաղութեան, ընկեր Էպլիղաթեան գործօն մասնակցութիւն կը բերէ կուսակցական կեանքին: Փարիզի մէջ ան կ’անդամակցի Հ.Յ.Դ. «Ռուբէն Սեւակ» Ուսանողական Միութեան, կ’ընտրուի Փարիզէն պատգամաւոր, եւ կը մասնակցի Հ.Յ. Դաշնակցութեան Ֆրանսայի 1951-ի Շրջանային Ժողովին:
Փարիզէն վերադարձին, տոքթ. Էպլիղաթեան կը վերստանձնէ Լաթաքիոյ պետական հիւանդանոցին մէջ վիրաբոյժի պաշտօնը, իսկ 1953-էն սկսեալ՝ կը գործէ նաեւ իր անձնական հիւանդանոցին մէջ (գործակցաբար բժիշկ Ապտէլքերիմ Եազիճիի): Մամուլի միջոցաւ կապ կը պահէ Հալէպի եւ Պէյրութի հայահոծ շրջաններուն հետ, երկար ժամանակ աշխատակցելով Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթին, ինչպէս նաեւ՝ Պէյրութի «Բժիշկ» ամսաթերթին, որուն խմբագրական կազմին եռանդուն անդամը կը դառնայ: Անձնական եւ կուսակցական բեղուն առօրեային կողքին, ընկեր Մելքոն կը լծուի նաեւ հասարակական տարբեր բնոյթի աշխատանքներու. մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լաթաքիոյ վարչութեան, ինչպէս նաեւ՝ տեղւոյն Համազգայինի մասնաճիւղին. այս երկու միութեանց պետական արտօնագիրները իր անունով էին։
1 Յունուար 1956-ին, կը զօրակոչուի Սուրիական բանակ, իբր բժիշկ՝ առաջին տեղակալ սպայի աստիճանով: Հարաւային Քնէյթրա քաղաքին մէջ մէկ տարի ծառայելէ ետք, կը զօրացրուի 1 Յունուար 1957-ին, եւ կը վերադառնայ Լաթաքիա՝ ընտանիքին եւ աշխատանքին՝ պետական, ապա անձնական հիւանդանոցին մէջ:
1961-ի սկիզբը, Սուրիոյ քաղաքական կացութեան խառնաշփոթ վիճակն ու արդէն հասակ նետած իրենց երեք երեխաներուն հայեցի դաստիարակութեամբ զինելու հեռանկարով, 1 Օգոստոս 1961-ին, ընկեր Մելքիոն Էպլիղաթեան, իր կնոջ՝ Անահիտի եւ երեք զաւակներուն հետ հրաժեշտ տալով Լաթաքիոյ, կը փոխադրուի Պէյրութ:
Տոքթ. Մելքոն Էպլիղաթեան կը գործէ «Ժեհթաուի» հիւանդանոցին, ինչպէս նաեւ շաբաթական դրութեամբ՝ Լիբանանի բանակի զինուորական հիւանդանոցին մէջ, վիրաբուժական գործողութիւններ կը կատարէ իրեն օգնական ունենալով Տոքթ. Զաքար Մկրեան (յետագային Պուրճ Համուտի քաղաքապետ) եւ Տոքթ. Էլի Քարամէ: Շրջան մը կը գործէ նաեւ «Սէն Շարլ» եւ Մար Եուսէֆ» հիւանդանոցներուն մէջ: Կ’անդամակցի Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութեան: «Ն. Պարթեւ», «Արամ Տիգրանեան», «Սարգիս Թուխմանեան», «Արամիկ», «Վաչական», եւ «Նորայր Պարթեւեան» գրչանուններով կ’աշխատակցի «Ազդակ-Շաբաթօրեակ»-ին, «Բժիշկ» ամսագրին (որուն Լաթաքիոյ թղթակիցն էր առաջին իսկ օրէն), ինչպէս նաեւ «Բագին»ին (աւելի ուշ մաս կը կազմէ անոր խմբագրութեան):
28 Նոյեմբեր 1962-ին, Կիլիկիոյ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ կը նշանակուի Ազունիէի «Ազգային Բուժարան»ի խնամակալութեան անդամ՝ իբր ներկայացուցիչ հայ Առաքելական համայնքի: Կ’ընտրուի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի, եւ Լիբանանի Ազգային Իշխանութեան անդամ:
1968-ի աշնան գումարուած Հ.Յ.Դաշնակցութեան Լիբանանի Պատգամաւորական Ժողովին կը մասնակցի իբր խորհրդակցական ձայնով հրաւիրեալ, եւ նոյն այդ Ժողովին, կը նշանակուի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ:
Երկու տարի կը վարէ «Ազդակ»ի տնօրէնի պաշտօնը:
Կը նշանակուի Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, եւ, 1969-ին իր առաջարկով ընթացք կ’առնէ Համազգայինի «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանը (որ տարեկան աճող աշակերտութեան թիւ ունէր) քաղաքէն դուրս փոխադրելու՝ նոր հողամաս մը գնելու եւ աւելի ընդարձակ շէնքով օժտելու ծրագիրը:
1971-ին, առաջին եւ վերջին անգամ ըլլալով կ’ընտրուի Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ, եւ այնուհետեւ, յետագայ քսան տարիներու ընթացքին, պետական երեսփոխանի հանգամանքով, իբրեւ խորհրդական կը մասնակցի անոր բոլոր ժողովներուն:
Ապրիլ 1972-ին, Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներ՝ Մեթր Խաչիկ Պապիկեանի, Սուրէն Խանամիրեանի, Տոքթ. Անդրանիկ Մանուկեանի եւ Արա Երեւանեանի կողքին, ընկեր Մելքոն Էպլիղաթեան, Պէյրութի ընտրատեղամասէն կ’ընտրուի Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, եւ աւանդութեան համաձայն, կուսակցականի հանգամանքով կը գլխաւորէ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը, միաժամանակ՝ Կ.Կ.ը ներկայացնելով Պլոքին մօտ:
Երեսփոխան Մելքոն Էպլիղաթեան, Լիբանանի խորհրդարանի իր անդամակցութեան տարիներուն քանիցս ընտրուած է խորհրդարանի դիւանի անդամ: Տարբեր տարիներու ընթացքին ընտրուած է խորհրդարանական արտաքին յարաբերութեանց, կրթութեան, առողջապահութեան, ելեւմտական, տնտեսութեան յանձնաժողովներու անդամ:
9 Նոյեմբեր 1974-ին, ընկեր Մելքոն կ’իրականացնէ իր երազը եւ երկու շաբաթով կ’այցելէ (սովետական) Հայաստան, առանձին՝ իբր զբօսաշրջիկ:
1972/3-ի լիբանանեան ապահովական արիւնալի վերիվայրումներուն եւ ներքաղաքական անկայուն զարգացումներուն, մինչեւ 1976՝ պատերազմի բռնկումն ու 1989/90 պատերազմի աւարտը, ընկեր Մելքոն Էպլիղաթեան իբր Հայկական Երեսփոխանական Պլոքի ներկայացուցիչ, տքնաջան աշխատանքով կ’իրականացնէ շարք մը ծրագիրներ որոնք ուղղակի առնչուած էին լիբանանահայութեան, ինչպէս՝ Պուրճ Համուտի աղբանոցի պարագան՝ Արա Երեւանեանի նախաձեռնութեամբ քննարկումն ու 14 Յունիս 1972-ին լուծում գտնելը, Պէյրութի Աշրաֆիէ թաղամասէն Պուրճ Համուտ հասնող պողոտայի հարցի լուծումը՝ 12 Յուլիս 1972-ին, բնակարանային վարձքերու (13 Նոյեմբեր 1972), ինչպէս նաեւ քաղաքապետութիւններու եւ կուսակցութիւններու մասին օրէնքներու ներկայացումն ու քննարկումը (21 Յուլիս 1972), Այնճարի Միջազգային Փառատօնի եւ անոր պաշտօնական յանձախումբի կազմութիւնը՝ պետական մակարդակով, եւ Փառատօնի կայացումը Սեպտեմբեր 1974-ին, եւայլն: Այս բոլորին զուգահեռ, յաճախ վտանգելով իր կեանքը, քաղաքական եւ բանակցային բազմաթիւ հանդիպումներու մասնակցած է, հաղորդակցելով պատերազմի ընթացքին լիբանանեան, պաղեստինեան, սուրիական տարբեր կողմերու, համայնքներու եւ կուսակցութեանց թէ զինուորական ղեկավարութեանց հետ:
Միջ-կուսակցական՝ լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններուն հետ՝ յարաբերական-գործնական կապ հաստատեց գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ, որուն արդիւնքը եղաւ հայկական միասնական ճակատի ստեղծումը, որ կ’որդեգրէր հետեւեալ սկզբունքը.- «Չըլլալ ոեւէ մէկուն հետ, որ իր քաղաքական առաջադրանքները զէնքի ուժով կը պարտադրէ, այլ՝ ըլլալ բոլոր անոնց հետ, որոնց հետ կարելի է խօսիլ եւ համախմբուիլ միասնակամ Լիբանանի շուրջ»:
Ընկեր Մելքոն Էպլիղաթեանի կենսագրութեան մէջ յիշարժան է 21 Յուլիս 1981 թուականը: Կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, արեւմտեան Պէյրութի մէջ, երբ ան դուրս կու գար ինքնաշարժէն՝ իր բնակարանը բարձրանալու համար, կ’ենթարկուի մահափորձի՝ դաւադիր ձեռքերու կողմէ: Երեք անծանօթ զինեալներ, կարմիր «Ֆիաթ 127» ինքնաշարժէ մը ձայնարգել զէնքով, ընկեր Մելքոնի կռնակէն կը կրակեն: Երեք փամփուշտ ստանալով ծանրօրէն կը վիրաւորուի, բայց չ’իյնար: Թաղեցի իսլամ կին մը տեսնելով պատահածը «հասէ՜ք, Բժիշկին վրայ յարձակում եղաւ» կը պոռայ, մինչ կարմիր «Ֆիաթ»ը նկատելով որ ընկեր Մելքոն տակաւին ողջ է, ետ դառնալու փորձ մը կ’ընէ, սակայն իսլամ կնոջ կանչերուն վրայ թաղային զինեալները կը հասնին, եւ ինքնաշարժը փախուստ կու տայ եւ կ’անհետանայ: Ընկեր Էպլիղաթեան կը փոխադրուի Պէյրութի Ամերիկեան հիւանդանոցը, ուր կ’ենթարկուի վիրաբուժական ստիպողական գործողութեան մը, որ կ’անցնի յաջող:
Ընկեր Մելքոն Էպլիղաթեանի դէմ կատարուած մահափորձը ընդվզումի եւ ուժգին դատապարտումի ալիք մը բարձրացուց պետական եւ քաղաքական շրջանակներէ ներս: Ամերիկեան հիւանդանոց այցելեցին եւ հեռաձայնային կապի մէջ մտան պետական, քաղաքական եւ համայնքային բազմաթիւ պատասխանատուներ, որոնք դատապարտեցին անարգ մահափորձը ու ապաքինում մաղթեցին տոքթոր Էպլիղաթեանի:
Այցելուներու եւ հեռաձայնողներու շարքին էին Լիբանանի նախագահ՝ Իլիաս Սարգիս, խորհրդարանի նախագահ՝ Քամէլ Ասաատ, վարչապետ Շաֆիք Ուազզան, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. աթոռակից Վեհափառ հայրապետները, Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Արամ եպիսկոպոս Քէշիշեան (յետագային Արամ Ա. Կաթողիկոս), նախարարներ, երեսփոխաններ, քաղաքական, կուսակցական եւ զինուորական պատասխանատուներ:
29 Սեպտեմբեր 1989-ին, Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը գլխաւորելով, ընկեր Մելքոն Էպլիղաթեան կը մեկնի Սէուտական Արաբիոյ Թայէֆ քաղաքը, մասնակցելու խաղաղութեան համագումարին: 22 Հոկտեմբեր 1989-ին, տասներեք օր տեւող բանակցութիւններէ ետք, 59 թեր, 3 ձեռնպահ քուէարկութեամբ, լոյս տեսաւ «Լիբանանի Ազգային Համաձայնութեան» բանաձեւը, որ վերջ պիտի դնէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին: Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը ներգործօն եւ հետեւողական մասնակցութիւն բերաւ բոլոր աշխատանքներուն:
Այսպէս, ընկեր Մելքոն Էպլիղաթեան, մօտ քսան տարի ունեցաւ բեղուն գործունէութիւն՝ լաւագոյնս ներկայացնելով լիբանանահայութիւնը Խորհրդարանէն ներս, արժանապատուօրէն կատարելով իր վրայ դրուած բոլոր պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Անոր գրչին կը պատկանին հետեւեալ գործերը.- «Էջմիածին եւ Անթիլիաս-Հայ Եկեղեցւոյ Սահմանադութեան Հարցը» 1994, «Բառերու Կախարդանքը» 2002, «Գաղթակայանէն Խորհրդարան…» Ա. հատոր 1998, «Գաղթակայանէն Խորհրդարան…» Բ. հատոր 2005:
Ընկեր Մելքոնի վաստակած յարգանքն ու համակրանքը մինջեւ օրս անջնջելի դրոշմ ձգած են գաղութի պատմութեան վրայ: Արժանացած է Լիբանանի պետական բարձրագոյն՝ «Մայրիներու» շքանշանին, եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով:
Ընկեր Մելքոն Էպլիղաթեան կը մահանայ Շաբաթ, 26 Նոյեմբեր 2005-ին, 86 տարեկան հասակին, Պէյրութի մէջ: Ան իր յաւիտենական հանգիստը կը գտնէ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ գտնուող Հ.Յ.Դ. Պանթէոնին մէջ:
Ցայսօր կը գործէ «Մելքոն Էպլիղաթեան Մամուլի Ֆոնտ»ը, որ իր ներդրումը կ’ունենայ մանկապատանեկան-երիտասարդական խաւը ներգրաւելու՝ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման աշխատանքերուն նպաստելով:
Ինչպէս վերը նշած էի, ամուսնացած էր, կնոջ անունը՝ Անահիտ, ունէին երեք զաւակներ՝ Նորայր, Սիլվա, Լենա:
Ընկեր Մելքոն Էպլիղաթեան կուսակցական կնքահայրս է: