ՀԱՅՐ ԱՒԵՏԻՔ
Բոլորս միասին կը գտնուինք Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան սեմին: Այս օրերու մեր բոլորին մէջէն մանուկի հոգին կամ մեր մէջ եղած մանուկը կը յայտնուի, ու միասնաբար կ՛ապրինք անոնց պարգեւած ուրախ մթնոլորտը: Ուրախանալը բոլորիս արդար իրաւո՛ւնքն է: Իրաւունք կամ պատճառ չունինք չուրախանալու: Ուրախ ըլլալն ու մնալը աւետարանական սկզբունք ունի. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ՛ըսեմ` ուրախ եղէք» (Փիլիպպեցիս 4.4): Ուրախ ըլլալը ո՛չ սխալ է եւ ո՛չ ալ մեղք, նման արտայայտութիւն կամ մտածելակերպ հակաքրիստոնէական ու հակասուրբգրային է:
Խօսեցանք ուրախ ըլլալու մասին, սակայն գիտէ՞ք, թէ ո՛րն է իսկական ուրախութիւնը: Իսկական ուրախութիւնը ուրիշ մը մեզի հետ ուրախացնելն է: Քու ժպիտդ կը կրկնապատկուի, երբ անժպիտ փոքրիկի մը կամ տարեցի մը դէմքին ժպիտ գծես: Աշխարհ կը տառապի ժպիտ գծագրողներէ, սակայն բազմաթիւ են ժպիտ ջնջողները: Պահ մը ամէն բան մէկդի դնենք եւ մտածենք այն մանուկներուն կամ տարեցներուն մասին, որոնք ո՛չ Նոր տարուան եւ ոչ Սուրբ Ծննդեան ուրախութիւնը գիտեն: Մտածենք անոնց մասին, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին երբեք չեն ապրած անոնց խորհուրդը: Մտածենք անոնց մասին, որոնք վերոյիշեալ օրերուն նուէր մը իսկ չեն ստացած: Մտածենք անոնց մասին, որոնք վերոյիշեալ օրերուն ուրախ մթնոլորտով սեղանի շուրջ չեն նստած: Իմ եւ քու պարտականութիւնն է զանոնք ուրախացնելը: Իրագործե՛նք:
Բոլորս այս օրերուն կը մտածենք նոր մարդ դառնալու մասին: Իրականութեան մէջ ամէն օր պէտք է նոր մարդ ըլլանք ու մնանք: Երբ նոր մարդ ըսենք, մեր միտքերը ընդհանրապէս կ՛ուղղուին բարի մարդ ըլլալու մասին: Ըլլանք բարի նախ մեր անձերուն եւ միեւնոյն ատեն մեր շուրջիններուն հետ: Այսօր մարդիկ բարի մարդ կը փնտռեն, բարի մարդ կ՛ուզեն տեսնել: Մենք Բարի Վարդապետին զաւակներն ենք եւ կոչուած ենք բարի՛ ըլլալ ու մնալ: Առանց բարի ըլլալու` ինչպէ՞ս Բարիին մասին պիտի խօսինք ու դիմաւորենք զԱյն: Բարի Վարդապետը դիմաւորելու համար պէտք է Անոր նմանիլ: Բարի Վարդապետը բարի էր բոլորին հետ: Ընդօրինակե՛նք Անոր բարութիւնն ու կենցաղը ամբողջ:
Եկէք` մէկդի դնենք ամէն դժբախտութիւն, տագնապ եւ նեղութիւն ու մտածենք Նոր տարուան եւ Մանուկ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան երջանկաբեր խորհուրդին մասին: Բոլորս ուրախ մթնոլորտի մէջ ենք եւ նախօրօք կը ծրագրենք մեր բարեկամին, սիրելիին, քրոջ, եղբօր, մօր եւ հօր նուէրով մը ուրախացնել: Արդա՛ր եւ իրա՛ւ: Տակաւին, գեղեցիկ ու ժպիտ պարգեւող տողեր կը պատրաստենք, որպէսզի իրարու ուղարկենք եւ անոնցմով մեր զգացումներն ու խնդակցութիւնները բաժնեկցինք: Արդա՛ր եւ իրա՛ւ: Իրարու կ՛այցելենք, որպէսզի մեր այս ուրախ օրերը միասին անցընելով` գեղեցիկ յիշատակներ պահենք մեր միտքի պաստարին վրայ: Արդա՛ր եւ իրա՛ւ: Միասին գեղեցիկ եւ անմոռանալի նկարներ կ՛ուզենք ունենալ եւ զանոնք մեր մօտ որպէս գեղեցիկ յիշատակ պահենք: Արդա՛ր եւ իրա՛ւ: Իրարու առողջութիւն, յաջողութիւն, երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն կը մաղթենք: Արդա՛ր եւ իրա՛ւ:
Սիրելի՛ ընթերցող, այս բոլորին մէջ ո՞ւր է Քրիստոս: Յիսուս Մանուկին ալ գեղեցիկ խօսք մը չկա՞յ: Փրկիչ Մանուկին այցելութիւն մըն ալ չկա՞յ: Քեզի համար մսուրին մէջ ծնող Թագաւորին նուէր մը չկա՞յ: Նոյնիսկ բարի տարեդա՞րձ չկայ: Մեզմէ ո՛չ ոք պիտի ուզէր իր տարեդարձին առիթով, տասնեակ մարդիկ ներկայ ըլլալով հանդերձ, մոռնային իր տարեդարձը շնորհաւորել եւ բարեմաղթութիւն մը ընել: Փրկիչդ չմոռնա՛ս: Քեզի համար երկինքը ձգած աշխարհ եկող Տիրոջ բարի տարեդարձ ըսելու չմոռնա՛ս:
Մանուկ Յիսուսին նուէր տալու չմոռնա՛ս: Քրիստոս նուէրի՞ պէտք ունի: Ինչպիսի՞ նուէր կրնանք տալ Անոր:
Յիսուս քեզմէ բան մը չ՛ուզեր, Ան ՔԵԶ կ՛ուզէ: Ամէն մարդ քեզմէ կ՛ուզէ, սակայն Ինք միա՛կն է, որ միայն քե՛զ կ՛ուզէ: Դուն քեզ նուիրէ Անոր: Մտիր սրտիդ եւ հոգիիդ մէջ, այդտեղ գտնուող ամէն տեսակի չարիք, նենգութիւն եւ մեղք մաքրէ՛ ու Անոր համար տեղ պատրաստէ: Թոյլ մի՛ տար, որ դարձեալ մսուրին մէջ ծնի, թող մէ՛ջդ ծնի: Վստա՛հ եղիր, որ դարձեալ պանդոկի մէջ սենեակ մը իսկ պիտի չգտնէ, սակայն քեզ` զԻնք ընդունելու պատրաստ թող գտնէ: Եթէ մինչեւ այսօր Անոր դիմաց կեանքիդ դուռը փակած էիր, այսօր առիթն է բանալու եւ ընդունելու:
– Յիսուս Մանուկ Քու Ծննդեանդ առիթով սորվեցո՛ւր մեզի` ի՞նչ կ՛ուզես մեզմէ:
Սիրելի՛ զաւակներս, կ՛ուզեմ այժմ ամէն բան մէկ կողմ դնէք, մտնէք ձեր սենեակները, բանաք ձեր Աւետարանները եւ կարդաք հետեւեալ խօսքերս ու զանոնք ձեր կարիքաւոր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար կեանքի վերածէք. «Անօթի էի եւ զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի եւ ջուր տուիք, օտարական էի եւ ընդունեցիք զիս, մերկ էի եւ հագցուցիք զիս, հիւանդ էի եւ հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի եւ այցելեցիք ինծի» (Մատթէոս 25.35):
Յիսուս Մանուկին նուէրը չմոռնա՛նք: Փրկիչին վերջին պատուէրն ալ չմոռնանք:
Աղօթող եմ, որ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին ծնունդով աշխարհին մէջ կատարեալ առողջութիւն, երջանկութիւն եւ խաղաղութիւն տիրէ: Ամէն:
Բարի տարեդարձ, Յիսո՛ւս Փրկիչ: