Յակոբ Չոլաքեան
Ո՛վ չէ հպարտացած Սողոմոն Թեհլիրեանի եւ ընկերներուն ատրճակներէն ելած վրիժառու գնդակներով, որոնք դիաթաւալ զգետնեցին մեր ժողովուրդի մեծագոյն եղեռնի հեղինակները՝ Թալէաթը, Շեքիրը, Ճեմալը. Էնվերը եւ միւսերը:
Մեր աշակերտները իրենց հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ ամենէն շատ կը դիտեն Սողոմոն Թեհլիրեանի նկարը:
Բայց մենք միշտ ալ կը ծածկենք ու անվերծանելի անցեալի կը վերածենք ահաբեկչութեան միւս երեսը՝ ՀԱՅՈՑ ՆԵՐՔԻՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ: Կը ծածկենք, գէշ կ՛ընենք. որովհետեւ այդպիսով արտաքին թշնամիին դէմ մեր պայքարի ամեն ձախողութենէ ետք մեր մէջ սկսած, թափ առած, ահագնացած ահաբեկչութիւնը՝ աղետալի թշնամանքը, ծեծուըռտուքը, եղբայրասպան կռիւները, արդարացուցած կ՛ըլլանք: Իւրաքանքիւր խմբակցութիւն կը շարունակէ քինախնդիր ըլլալ միւսին դէմ ու միշտ՝ ընդդիմադիրը սպանելու, սատկեցնելու, գետին փռելու մոլուցքով ու մոլագարութեամբ կը կորսնցնէ համընդհանուր շահի ամեն տրամաբանութիւն;
Ասիկա գաղափարական դաստիարակութի՞ւն կը կոչէք, ազգասիրութի՞ւն, հայրենասիրութի՞ւն…
Ասկէ առաջ, այստեղ, ես անդրադարձեր եմ մեր Ազգային ազատագրական շարժման իւրաքանչիւր ձախողութեան յաջորդած մեր եղբայրասպանութիւններուն: Չկրկնենք: Բայց նկատենք, թէ մեր օրերուն ատիկա սրբագործուած իրագործում մը նկատողները չեն ծածկեր իրենց ինքնութիւնը: Մենք այդպէս կը դաստիարակենք մեր զաւակները, տաքարիւն տղաքն ու աղջիկները:
1990-ականներուն Երեւանէն վերադարձած վարդապետ բարեկամ մը սարսափով կը պատմէր, թէ ինչպէս Կառավարութեան շէնքի կռնակի փողոցին մէջ գտնուող խորտիկարանի մուտքին կը հանդիպի այդ դաստիարակութեան մէկ վառ օրինակին.- խումբ մը տղաք ու աղջիկներ նշանառութեան փորձ կը կատարեն օրուան նախագահին նկարին վրայ:
Հիմա աւելի բացայայտ կ՛ըլլան ահաբեկելու հրաւէրներն ու սպառնալիքները. ո՛չ միայն դիմատետրի էջերուն վրայ, այլեւ բեմերէն, տարբեր հարթակներէ նոյն հրաւէրն ու սպառնալիքը կ’ընեն նաեւ պատասխանատուները:
Յո՞ երթանք, եղբայրներ, ո՞ւր կը տանին մեզ Ձեր հրաւէրները: