ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Կը զարմանամ, ամենապարզ արտայայտութեամբ, կը զարմանամ խորքին մէջ մեզ՝ շատերս, այնքան յուզող երեւոյթի մը դիմաց։
Դիմատետրի վրայ իմ բարեկամներէս ոմանք հայերէն չգիտնալու պատճառով կամ յատկապէս օտարախօս եւ օտար օգտատէրերու հասցէագրելու նպատակով անգլերէն կը գրեն։ Բնական կը դիտեմ, առաջինի պարագային՝ հայրենակիցներուն հետ կապ հաստատելը որքան ալ զգացական, նոյնքան ալ տրամաբանական է, իսկ երկրորդի պարագային՝ անհրաժեշտութիւն։ Մենք այնքան պէտք ունինք զիրար փնտռելու եւ այնքան պէտք ունինք մեր ձայնը օտարին հասցնելու։
Բայց ես կը զարմանամ, ամենապարզ արտայայտութեամբ, կը զարմանամ, որ մեր հոգեւոր պաշտօննեաները, որոնք ի պաշտօնէ ծխատէր քահանայ են, կիրակնօրեայ հոգեւոր դպրոցներու տեսուչ են կամ դպրաց դասերու ղեկավար, ամերիկեան հողին վրայ ոտք դնելէ անմիջապէս ետք իրենց դիմատետրին վրայ անձնական-ընտանեկան, խոհական-փիլիսոփայական, ցնծառիթ թէ տրտմալից պարագաներու ինչ որ կը գրեն՝ կը գրեն անգլերէն։
Բայց ես կը զարմանամ, ամենապարզ արտայայտութեամբ, կը զարմանամ, որ անոնք՝ կուսակրօն թէ ամուսնացեալ եկեղեցականները, Անթիլիասի դպրեվանքի շրջանաւարտներ են, այդ Աթոռի ներկայացուցիչներ, այն դպրեվանքին, ուր գործեցին Բաբգէն Աթոռակիցը, Գարեգին Ա․ կաթողիկոս Յովսէփեանը, Գարեգին Բ․ կաթողիկոս Սարգիսեանը, Զարեհ եպս․ Ազնաւուրեանը, Սիմոն Սիմոնեանը, Բիւզանդ Եղիայեանը․․․։ Չէ՞ որ հայապահպան պայքարի ամենածանր պարտականութիւնը իր ուսերուն վերցուցած էր ահաւասիկ ա՛յդ դարբնոցը։ Ու հիմա, ասոնք, որ Սուրիոյ ու Լիբանանի մէջ կրնային նաեւ հայերէնի ուսուցիչի դեր վերցնել, հայոց պատմութիւն ու մատենագրութիւն դասաւանդել, ասո՛նք հիմա անգլերէն կը գրեն․․
Ի՞նչ կը պատահի, ի՞նչ կ՛ըլլայ մեր հոգեւոր դասին․․․
1920-ական թուականներուն, երբ Սահակ Խապայեան կաթողիկոսը հովուական պաշտօններով Սուրիոյ նորահաստատ հայկական բնակավայրերուն կը ղրկէր իր վարդապետները՝ անոնց գործը կ՛ըլլար ժամ-պատարագէ ետք, նորաբաց դպրոցներուն մէջ հայերէն դասաւանդելէ ետք՝ երեկոյեան եւ գիշերային դասընթացքներ բանալ թրքախօս հայորդիներուն, հայերէն սորվեցնել, հայերէ՛ն, հայերէ՛ն․․․
– Է՜հ, ժամանակները փոխուած են պիտի ըսէք,- թերեւս «մեղմացուցիչ դէպք յանցանաց» մը գտնէք, ըսէք, լսէք, այսպէս երթանք․․․
– ՅՈ՞ երթաս, Տէր․․․
Իսկ ես նորէն ալ պիտի զարմանամ, ամենապարզ արտայայտութեամբ, պիտի զարմանամ ու ըսեմ․
– Չեղա՛ւ, բարեկամնե՛ր, ամօթի մասին քիչ մը մտածեցէք։