Այս տարի կը լրանայ 20-րդ դարու հայ արձակի ականաւոր ներկայացուցիչներէն մէկուն` Մկրտիչ Սարգսեանի ծննդեան 90-ամեակը: Ծնունդով Ջաւախքէն` Մկրտիչ Սարգսեան առաջին հերթին մեր գրականութիւն բերաւ պարզ ու շիտակ մարդուն, հողի փիլիսոփայութեամբ ապրող հայուն, որն իր հաւատքը բազմիցս կը հաստատէ փորձութիւններով, պայաքարելով իր հողին ու իր հայրենիքին համար: Մկրտիչ Սարգսեան դարձաւ պատերազմական թեմային նուիրուած ամենանշանաւոր գրողը, ան հրատարակեց «Կեանքը կրակի տակ», «Սերժանտ Կարոն», «Բարեւ, բարի արեւ», «Ուզում եմ սպաննել պատերազմը», «Տատս գնաց պատերազմ», «Երգ ձեռքի մասին», «ճակատագրով դատապարտուածները», «Խաղաղութիւն պատերազմէն առաջ», «Քեռի Սիմոնը», «Մեր ջահէլութիւնը» վէպերն ու վիպակները, որոնք դարձան կարեւորագոյն ձեռքբերումներ թեմայի արտացոլման ճանապարհին, վերածուեցան հանգրուանային գեղարուեստական ստեղծագործութիւններու: Գրողին մեծ ճանաչում բերաւ մասնաւորաբար «Սերժանտ Կարոն» վիպակը, որ թարգմանուեցաւ տարբեր լեզուներու, ստեղծուեցան վիպակի բեմական պատումները: Այս վիպակը դասուեցաւ խորհրդային շրջանին մէջ ստեղծուած պատերազմական գրականութեան լաւագոյն նմուշներու շարքին, հմայեց ու հետաքրքրեց Կարոյի կերպարով… Գրողը գրեց նաեւ «Խաչուած քաղաքը» պատմավէպը, որն իր թեմայի եւ ընդգրկած ժամանակաշրջանի առումներով նորութիւն է մեր գրականութեան մէջ:
Մկրտիչ Սարգսեան մեր արձակին մէջ կը շարունակէր Դերենիկ Դէմիրճեանի հիմնաւորած աւանդոյթները, գրողական իր հաւատամքով եւ ոճական կառուցումներով մօտենալով իր մեծ հայրենակիցին:
Մկրտիչ Սարգսեան նաեւ հանրային նշանաւոր գործիչ էր, ան եղած է «Գրական թերթի» գլխաւոր խմբագիրը, Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղարը:
Գրողի ծննդեան 90-ամեակի յոբելեանական համդիսութիւններու կազմակերպման համար տեղի ունեցած կազմակերպչական յանձնախումբի նիստը ծրագրեց մայիս ամսին հրաւիրել գիտաժողով` նուիրուած Մկրտիչ Սարգսեանի գրականութեան, որուն կը մասնակցին անուանի գրականագէտներ, պատմաբաններ: Գիտաժողովը տեղի կ’ունենայ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկին մէջ: Լոյս կը տեսնէ նաեւ գիտաժողովի նիւթերու ժողովածու: Հանդիսութիւնները կ’ընդգրկեն նաեւ գրողի ծննդավայր Ախալքալաքը, ուր կը կազմակերպուին յոբելեանական ձեռնարկներ:
Իբրեւ յոբելեանական հանդիսութիւններու ինքնատիպ նախերգանք` «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Դէպի լեառն Աբուլ» գիրքի շնորհանդէսը: Ձեռնարկին ընթացքին «Միտք» վերլուծական կեդրոնի փորձագէտ Վահէ Սարգսեան ընդգծեց, որ գիրքը յատկապէս կարեւոր է Ջաւախքի մէջ հայապահպանութեան համար: Ան նաեւ համոզուած է, որ գիրքը վեր կը հանէ Ջաւախքի մէջ ներկայիս առկայ շարք մը հիմնահարցեր. «Ես ապշեցի` եւս մէկ անգամ ընթերցելով Մկրտիչ Սարգսեանի ստեղծագործութիւնները, քանի որ դա այսօր Վրաստանում տեղի ունեցող մոնոէթնիզացման` վրացականացման պրոցես է, որը Մկրտիչ Սարգսեանը խորութեամբ զգացել է եւ իր գործերում պատկերել»:
Մկրտիչ Սարգսեան, իր կեանքի մեծ մասը ապրելով Երեւան, սրտին մէջ միշտ վառ կը պահէր ծննդավայրի` հայրենի Ջաւախքի սէրն ու կարօտը: «…իմ հայրենի Ջաւախքի ամէն քարն ու թուփը, նրա մարդիկ, անկախ իրենց ազգութիւնից, թանկ են ինձ համար: Սահեանի բառերով ասած` այնտեղ ամէն ինչ իմ աչքերով է ինձ նայում: Մօր կաթի քաղցրութիւնն ունի ծննդավայրը: Սա պիտի լաւ իմանալ…»,- կը գրէ գիրքի հեղինակը:
«Գրքի շնորհանդէսով մենք սկսում ենք նաեւ Մկրտիչ Սարգսեանի 90-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնների շարքը»,- ըսաւ «Հայաստան» հրատարակչութեան տնօրէն Վահագն Սարգսեան: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ գիրքին մէջ հիմնականին վերահրատարակութիւններ են. «Ճիշտ է` վերահրատարակութիւններ են, բայց նոր ընթերցմամբ: Մի նոր տեսանկիւնից մի նոր աշխարհ է բացում գիրքը»: Ելոյթներ ունեցան նաեւ ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր, «Ջաւախք» հայրենակցական միութեան նախագահ Շիրակ Թորոսեան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, գրողներ Ներսէս Աթաբէկեան, Սամուէլ Խալաթեան, Վահան Սաղաթելեան, թատերագէտ-գրականագէտ Լեւոն Մութաֆեան, գրականագէտ Մարգարիտա Խաչատրեան, «Հայկական հանրագիտարանի» տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան եւ անոնք, որոնք, ներկայացնելով գրողի ստեղծագործութիւնները, եւս մէկ անգամ կարեւոր համարեցին գիրքի տպագրութիւնը յատկապէս մեր օրերուն: Գիրքի շնորհանդէսին ներկայ էր նաեւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, գնդապետ Գուրգէն Դալիբալթայեան:
Սեփական լրատուութիւն – ՀԱՅԵՐՆ ԱՅՍՕՐ