Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Յունական Կողմի Պատասխանը՝ Ազրպէյճանական Հակահայ Ծանուցումներուն

December 4, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Գաղութահայ Կեանք
0
Յունական Կողմի Պատասխանը՝ Ազրպէյճանական Հակահայ Ծանուցումներուն

«Ազատ Օր»ը իր 1 Դեկտեմբեր 2021ի թիւով կը գրէ հետեւեալը.

«Մեր նախորդ թիւերով հաղորդած էինք ազրպէյճանական հակահայ արարքներուն մասին՝ Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրական միջոցներուն վրայ:

«Օրին, Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը դիմած էր Թեսաղոնիկէի պետական հաստատութեան եւ քարոզչական ծրագիրի պատասխանատուներուն՝ պահանջելով ծանուցումներուն չեղեալ յայտարարուիլը, ինչպէս նաեւ բացատրութիւններ՝ ազրպէյճանական շրջանակներուն կողմէ կատարուած հակահայ արշաւին մասին:

«Նախ եւ առաջ, Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ ստացաւ Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրութեան պետական կառոյցին կողմէ. նամակին մէջ հաստատութիւնը կը յայտնէ, թէ հանրակառքերու գովազդային ծրագիրը յանձն առած է ընկերութիւն մը, եւ իրենց սպասարկութիւնները տեղեակ չէին խնդիրէն: Հաստատութեան կողմէ ցաւ կը յայտնուի կատարուած արարքին առնչութեամբ եւ կը նշուի, թէ անմիջական հրահանգ տրուեցաւ վար առնելու տուեալ ծանուցումը: Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը եւս ստացաւ, ստորագրուած՝ «Ինթըրպաս» գովազդային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնին կողմէ, որ վերջին տարիներուն յանձն առած է Թեսաղոնիկէի հանրակառքերուն վրայ ծանուցումներու տեղադրման ծրագիրը: Ընկերութեան տնօրէնը կը հաստատէ, որ համաձայնութիւն կնքուած էր «Յոյն-ազրպէյճանական միութեան» (ՔԱԼԱ) հետ՝ ծանուցում մը զետեղելու միայն մէկ հանրակառքի վրայ:

«Նամակին մէջ նշուած է, թէ «ընկերութիւնը Թեսաղոնիկէի փոխադրական հաստատութեան տնօրէնին կողմէ տեղեակ պահուեցաւ ազրպէյճանական գրգռիչ քարոզչական արարքներուն մասին, որոնք կատարուեցան ազերիամէտ շրջանակներէ, ինչպէս նաեւ իմացաւ Թեսաղոնիկէի բազմամարդ հայ համայնքի եւ այլ շրջաններու համայնքներու իրաւական եւ հասկնալի հակազդեցութեան մասին»:

Ընկերութեան ներկայացուցիչը կը յայտնէ, թէ գովազդային ծրագիրը անմիջապէս չեղեալ նկատուեցաւ, եւ յոյն-ազրպէյճանական միութիւնն ալ տեղեակ պահուեցաւ, թէ արգիլուած է քաղաքական բովանդակութեամբ ծանուցումներու տարածումը: Ընկերութիւնը նաեւ կ՛ընդգծէ, թէ ծանուցումը միայն մէկ հանրակառքի վրայ երեւցած է, իսկ անկէ անդին ընկերութիւնը որեւէ պատասխանատուութիւն չունի ծանուցումներու մասին, որոնք եղած են կանգառներու վրայ կամ այլ բացօթեայ վայրերու մէջ: Նամակին աւարտին, ընկերութիւնը կը խնդրէ հանրութեան ներողամտութիւնը՝ նշելով, որ ցաւալի արարքը տեղի ունեցաւ առանց որեւէ նենգ կամ միտումնաւոր պատճառի իրենց կողմէ»:

Previous Post

Ատրպէյճանցի Զինուորականներ Սպաննեցին 65ամեայ Արցախցին

Next Post

Միրզոյեան Կարեւոր Նկատեց ԵԱՀԿի Համանախագահներու Հովանիին Տակ Խաղաղ Լուծումը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.