ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 2018ի Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն, Արցախի Հանրապետութեան մէջ ծնած են 1738 երեխաներ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած 1.1 տոկոս նուազ:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ այս մասին, Հինգշաբթի օր տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ Արցախի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան նախագահ Մանուշ Մինասեան:
Վերջինս կը տեղեկացնէ, թէ բազմապտուղ ծնունդներուն թիւը ընթացիկ տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր ժամանակաշրջանին եղած է 34 (բոլորն ալ զոյգ)՝ նախորդ տարուան 46ին փոխարէն:
«Ըստ դիտարկման՝ այս տարուան ծնած աղջիկ երեխաներուն ամենատարածուած անուններն են՝ Անի, Մարիա, Նարէ եւ Մանէ, իսկ տղաներունը՝ Դաւիթ, Տիգրան, Հայկ եւ Դանիէլ», յայտնեց Մ. Մինասեան՝ աւելցնելով, որ նշեալ ժամանակամիջոցին Հանրապետութեան մէջ մահացածներուն թիւը 897 մարդ է, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ նուազած է 0.3 տոկոսով: Հանրապետութեան մէջ հաշուետու ժամանակաշրջանին ծնածներուն 43.6 տոկոսը եւ մահացածներուն 39.6 տոկոսը բաժին հասած են մայրաքաղաքին: