ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութիւն
Կազմակերպութեամբ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային յանձնախումբի, Հինգշաբթի, 15 Յուլիս 2021-ի երեկոյեան, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը Հոկտեմբեր 2020-ին իր մահկանացուն կնքած լիբանանահայ արձակագիր, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի նախկին խմբագիր, «Սիփան» հրատարակչատան տէր եւ տնօրէն Արամ Սեփեթճեանի:
Հանգամանօրէն իրենց խօսքը փոխանցեցին լիբանանահայ մտաւորականներ Պարոյր Աղպաշեան եւ Համբիկ Մարտիրոսեան: Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան: Անոնք անդրադարձան Արամ Սեփեթճեանի գրական, հրապարակագրական, ազգային ու մարդկային արժէքներուն, բերելով անձնական օրինակներ:
Արամ Սեփեթճեանէն գրական եւ հրապարակագրական երկու ընթերցումներով հանդէս եկաւ հմուտ ասմունքող Տիկ. Անի Եփրեմեան: Աւարտին, շնորհակալական խօսք արտասանեց Արամ Սեփեթճեանի երէց որդին՝ Հրաչը, Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Հայերէնի բաժանմունքի վարիչ, որ այս օրերուն կը գտնուի Լիբանան: Ան լուսանկարներու շարքով մը մեծ պաստառի վրայ վերապրեցուց քաղցր յուշեր: Միջոցառումը ձեռնհասօրէն ու արհեստավարժօրէն վարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ եւ հանգուցեալ Սեփեթճեանի փեսան՝ Տոքթ. Շահէ Փարթամեան: Անոր խօսքը համեմուած էր պատշաճ մէջբերումներով: Բոլորին համար անակնկալ մը վերապահուած էր, երբ ընթերցուեցաւ Արամ Սեփեթճեանի երկարամեայ այլ բարեկամի մը՝ Ժիրայր Դանիէլեանի գրաւոր սրտի խօսքը Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ափէն:
Աւարտին, հանդիսավար Տոքթ. Շահէ Փարթամեան հրաւիրեց ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Վիգէն Չերչեանն ու ՀԵԸ Անդրանիկ Մշակութային Միութեան ատենապետ Պրն. Շահէ Պապահէքեանը, որոնք կազմակերպիչ մարմինին կողմէ յուշանուէր մը յանձնեցին հանգուցեալին տիկնոջ՝ Մելինէ Սեփեթճեանին:
Ապա, կոկիկ հիւրասիրութեան մը շուրջ ներկաները կիսեցին իրենց հին ու նոր յիշատակները: