Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Յուշ-Երեկոյ Նուիրուած Ժագ Ս. Յակոբեանի Վաստակին

February 18, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Գաղութահայ Կեանք
0
Յուշ-Երեկոյ Նուիրուած Ժագ Ս. Յակոբեանի Վաստակին

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հինգշաբթի, 6 Փետրուարին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ բանաստեղծ, դաստիարակ եւ մտաւորական Ժագ Ս. Յակոբեանին նուիրուած յուշ-երեկոն, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ՝ ոգեկոչման յանձնախումբին։

Ներկայ էին նաեւ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, հոգեւորականաց դասու անդամներ, վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, պատուելի Վաչէ Էքմէքճեան, Մայք Եուսուֆեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Թալին Քարկոտորեան, Սահակ Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեան, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ հոծ թիւով գրասէր ու մշակութասէր հաւատաւորներ։

Նախքան յայտագիրին պաշտօնական բաժինին սկսիլը, ներկաները առիթը ունեցան պաստառի վրայ դիտելու պատկերներ Ժագ Ս. Յակոբեանի շնորհահանդէսներէն, անոր ի պատիւ կամ ներկայութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկներէն եւ հեղինակած գիրքերէն։

Երեկոյին պաշտօնական բաժինը սկսաւ Սիւզի Մազմանեանի՝ «Յորժամ» շարականի կատարումով, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Մարիա Քէշիշեանի, որուն յաջորդեց յիշատակի աղօթքը։

Բացման խօսք արտասանեց եւ հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն վարեց Սարգիս Մահսէրէճեան, որ նշելէ ետք, թէ Ժագ Ս. Յակոբեանի թաղումը տեղի ունեցած էր շատ սեղմ շրջանակի մը մէջ՝ հանգուցեալին փափաքին համաձայն, այս երեկոն անոր յիշատակին նուիրուած յարգանքի ծաղկեփունջ մը նկատեց՝ դիտել տալով, որ անոր մահով կը կորսնցնենք մտաւորականը եւ դաստիարակը, բայց մանաւանդ եզակի բանաստեղծ մը։ Ան նաեւ նշեց, որ Ժագ Ս. Յակոբեան սերտ յարաբերութիւններ մշակած էր Ազգային առաջնորդարանին եւ յատկապէս առաջնորդին հետ, որ միշտ ալ սիրայօժար ընդառաջած էր հանգուցեալի գիրքերու հրատարակութեան կամ վերահրատարակութեան դիմումներով։

Ցուցադրուեցաւ «Ժագ Ս. Յակոբեան Կը Պատգամէ» խորագիրով տեսերիզ մը, որ վերակենդանացուց բանաստեղծին ոգեղէն ներկայութիւնը եկեղեցւոյ մէջ։

Յարգանքի խօսք արտասանեց Մայք Եուսուֆեան, որ իրբեւ ուսուցիչ՝ Լիբանանի մէջ եղած էր գործակիցը Ժագ Ս. Յակոբեանի։ Ան յուզումով յիշեց այն տարիները, որոնք իբրեւ մտերիմ գործակիցներ միասնաբար անցուցած էին հանգուցեալին հետ Լիբանանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ։ «Ան իր կեանքով մեզի սորվեցուց, թէ ինչ որ ընենք՝ Աստուծոյ փառքին համար պէտք է ընենք եւ ոչ թէ մեր անձին համար։ Այդ իսկ պատճառով, իր հրատարակած բոլոր հատորներուն մէջ կը գտնենք հետեւեալ արձանագրութիւնները. «Աստուծոյ փառքին համար» կամ «Տէր Յիսուսի արիւնով»», ընդգծեց Եուսուֆեան։

Սահակ Մեսրոպ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ՝ իբրեւ յարգանք իրենց վարժարանի երկար տարիներու ուսուցիչ Ժագ Ս. Յակոբեանին՝ հանդէս եկան «Ուսուցիչ» եւ «Աղօթք» բանաստեղծութիւններով, ինչպէս նաեւ «Տուն Իմ Հայրենի» հայրենասիրական երգով։

Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան իր սրտի խօսքին մէջ վերյիշեց, որ Քեսապէն՝ իր նախակրթութեան տարիներէն, իր ծնողներուն միջոցաւ ունեցած էր մօտիկ կապեր Ժագ. Ս. Յակոբեանի հետ՝ արտասանելով անոր բանաստեղծութիւնները։ Վերապատուելին մատնանշեց, որ «Ժագ» անուան մէջ տեսած է հետեւալները. Ժ տառին մէջ՝ ժպտադէմ ու ժրաջան անձնաւորութիւնը, Աին մէջ՝ աստուածասէր եւ ազգասէր անհատը, իսկ Գին մէջ՝ գրասէր անձը։

Այնուհետեւ, Ժագ Ս. Յակոբեանի աշակերտուհիներէն Անի Պէրպէրեանի յուշը ընթերցեց Շամլեան վարժարանի աշակերտ Հրակ Խաչերեան. «Գիտէինք, որ բանաստեղծ է մեր ուսուցիչը, բայց այնքան խոնարհ ու բարի էր, որ տարբեր բան չէինք տեսներ իրեն մէջ։ Ազնիւ էր պարոն Յակոբեանը, լաւ կազմակերպուած ու հետեւող ուսուցիչ մը»։ Ապա, վարժարանի աշակերտ-աշակերտուհիները ասմունքեցին «Ով Հայ, Խօսէ Հայերէն» բանաստեղծութիւնը եւ երգեցին «Տեսնեմ Անին Ու Նոր Մեռնեմ» երգը։

Օրուան գլխաւոր բանախօս Գէորգ Պետիկեան ընդհանուր գիծերու մէջ եւ հանգամանօրէն ներկայացուց Ժագ Ս. Յակոբեան բանաստեղծը, մտաւորականը եւ հաւատացեալը։ Խօսելով բանաստեղծ Յակոբեանի մասին՝ ան ըսաւ. «Ժագ Ս. Յակոբեան ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ նրբաճաշակ եւ վաւերական ներկայութիւն մը, որմէ գեղեցկօրէն կ՛արշալոյսէ այս արուեստագէտ բանաստեղծին բազմերանգ եւ նրբահիւս հայերէնը, հմայիչ եւ թելադրական հրաւէրներով։ Ան կանուխէն բանաստեղծութեան հանդէպ յատուկ սէր ցուցաբերած էր։ Տարիները իր մէջ բիւրեղացուցած էին քերթողի իր ձայնը, հոգեւոր պատկերներով, սրտցաւ հայու ամբողջ տառապանքներով, պարզ, թելադրական լեզուով, յուզական, բնապաշտ երանգներով, անանձնական նուիրումով, սրտատրոփ բառերով, պատկերացումներով եւ նուիրումի խօսքերով, որոնք իբրեւ հոգեւոր հաց, հայու մեծ ուրախութեան հաճոյքը կը բերեն ընթերցողին»։

Յայտագիրը վերջ գտաւ առաջնորդին օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։ «Ժագ Ս. Յակոբեան դարձաւ Բանին Կենաց պատգամախօսը՝ իր քրիստոսասէր հոգիով, աստուածանուէր հաւատքով եւ միտքի գոհարներով։ Հայ ազգի պատուական զաւակ եւ արգասաբեր մշակ՝ Ժագ. Ս. Յակոբեան իբրեւ բանաստեղծ որքան որ նուիրուած էր հայ լեզուին, մշակոյթին ու գրականութեան, նոյնքան եւ աւելի՝ իբրեւ հաւատարիմ ծառան Քրիստոսի։ Աստուծոյ ընտրեալ այս անօթը իր գրիչը երկար տարիներ թաթխեց հաւատքի աւազանին մէջ ու բազմատասնեակ հատորներով հարստացուց մեր գրադարանները։ Ժագ Ս. Յակոբեան ճանչցած էր Ճշմարիտ Լոյսը եւ այդ Լոյսն էր, որ ճառագայթեց իր գրիչով 80 տարիներու ընթացքին: Իր խօսքը ուղիղ, անմիջական, շեշտակի, բառին բովանդակ առումովը՝ սրտաբուխ խօսք էր, ճշմարիտ մարդուն հարազատ արտացոլացումը, սիրտէ՛ն աղբիւրացած, իսկ այդ աղբիւրը միայն քաղցրութիւն կը ծորէր, միայն սէր եւ ներողամտութիւն կ՛արտահոսէր, միայն հաւատք, Աստուած եւ Աւետարան կը պատգամէր»։

Տպաւորիչ եւ անմոռանալի երեկոն աւարտեցաւ աղօթքով, որուն ընկերացաւ Ժագ Ս. Յակոբեանի կենդանի ձայնը։

Previous Post

Մեր Ոսկեղենիկը (Ա.)

Next Post

‘Colonial rule ended in 1947!’ Indians lay into British MP & Kashmir policy critic who demanded instant visa for ‘private visit’

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.