ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` ընկերակցութեամբ` Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, երէկ այցելեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող հարցեր: