ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային հարցերու պատասխանատու Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան այցելեցին «Սանթա Մարիա» բժշկական կեդրոն, ուր անոնք դիմաւորուեցան հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյնա Ժոզեֆ Հարպի եւ հանրային կապերու տնօրէն Ռիթա Ֆայեզ Ղոսընի կողմէ:
Յ. Բագրատունի եւ Վ. Օհանեան-Գէորգեան շրջեցան բժշկական կեդրոնին մէջ եւ այցելեցին հոն բժշկուող պարագաներուն ու տարեցներուն, ինչպէս նաեւ կեդրոնին մասին բացատրութիւններ լսեցին Հարպէն եւ Ղոսընէն:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «Սանթա Մարիա» բժշկական կեդրոնի դիմագրաւած հսկայ դժուարութիւններուն, յատկապէս կեդրոնի աշխատանքներուն ֆինանսաւորումին` նկատի ունենալով, որ հոն բուժուող պարագաները ընկերային ու հոգեբանական ծանր պայմաններ կը դիմագրաւեն եւ կարիքը ունին յատուկ հոգատարութեան, ամէնօրեայ դրութեամբ առողջապահական, մարդասիրական եւ ընկերային հետապնդումի, ինչպէս նաեւ դեղորայքի եւ բժշկական սարքերու: