ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ալի Տարուիշը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս քաղաքացիներուն ապրած մտահոգութիւններն ու վախը` տարբեր մակարդակներու վրայ տագնապներու խորացման եւ սաստկացումին պատճառով:
Հանդիպումին ընթացքին Տարուիշ հաստատեց ճիգերը շարունակելու եւ կառավարութիւն մը կազմելու կարեւորութիւնը, որպէսզի Լիբանան գերիշխան եւ գործնական որոշում ունենայ` դուրս գալու քաղաքական, տնտեսական եւ ապրուստի ներկայ տագնապներէն, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն ստեղծուի վերակազմակերպուելու եւ վերադառնալու պետական հաստատութիւններու գործունէութեան` քաղաքացիներուն ծառայութիւնը ապահովելու եւ անոնց ձգտումները կատարելու համար: