ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Յունահռոմէական ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութեան, Էտմոնտ Նազարեան յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով՝ ոսկի մետալ ապահովեց Պուլկարիոյ:
Էտմոնտ Նազարեան վերանկախացած Հայաստանի առաջին ողիմպիական ախոյեան Արմէն Նազարեանի որդին է:
51 քլկ. դասակարգին մէջ, ան 10-0 արդիւնքով յաղթեց իր թուրք մրցակից Պարըշ Էրպեքին, իսկ քառորդ աւարտականին ան յաղթանակ արձանագրած էր Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Նիհատ Կիւլուզատէի դէմ:
Կիսաւարտականին, Նազարեան յաղթեց Հայաստանի ներկայացուցիչ Արմէն Յարութիւնեանին, որ պրոնզէ մետալին համար իր մղած պայքարին 6-3 արդիւնքով յաղթեց նոյնինքն Կիւլուզատէին: Հայաստանի համար երկրորդ պրոնզ մետալ մը ապահովեց Հոմերոս Առաքելեան, 45 քլկ. դասակարգին մէջ։