ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խավիէր Քոլոմինա Փիրիս հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Զրոյցներուն հիմնական առանցքը հանդիսացան Ղարաբաղի տագնապը, յետ-պատերազմեան իրավիճակը եւ հակամարտութեան լուծման հեռանկարները։
Նախագահ Սարգսեան ու Փիրիս անդրադարձան 44օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, զարգացումներուն ու մարտահրաւէրներուն: Խօսելով պատերազմին պատճառով յառաջացած մարդասիրական հարցերուն մասին՝ Հայաստանի նախագահը շեշտեց, որ Ատրպէյճան մինչեւ օրս կը շարունակէ անազատութեան մէջ պահել հայ ռազմագերիները եւ քաղաքայինները, ինչ որ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպտագոյն խախտում է:
Արմէն Սարգսեան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ անհասկնալի եւ լուրջ հարց է 44օրեայ պատերազմին ՆԱԹՕի անդամ երկրին՝ Թուրքիոյ, աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը, որուն մասին ան խօսեցաւ նաեւ Հոկտեմբեր 2020ին ՆԱԹՕի կեդրոն իր այցելութեան ընթացքին:
Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին շեշտեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը բաւական լարուած է, եւ Հայաստան ջանքեր կը գործադրէ զայն լաւագոյնս կառավարելու համար։ Ըստ անոր, շրջանին մէջ կան լուծման կարօտ բազմաթիւ հարցեր, որոնց մէջ Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը առաջնահերթութիւն է Հայաստանի համար։
Կարեւոր նկատելով տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը՝ Փաշինեան նոյն ժամանակ ընդգծեց, որ հայ գերիներուն Հայաստանի վերադարձի հարցը ուղղակի կ՛ազդէ տարածաշրջանային իրավիճակին վրայ, եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այս առումով յառաջիկային կարելի կ՛ըլլայ հասնիլ լուծման:
Ա. Միրզոյեանի հետ հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական խաղաղապահ ստորաբաժանումներու շարունակական ներգրաւուածութեան՝ միջազգային խաղաղապահ առաքելութիւններուն մէջ, որուն համար Խավիեր Քոլոմինա Փիրիս շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանին։
Հանդիպման քննարկուեցան միջազգային եւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր: Նախարար Միրզոյեան զրուցակիցին ուշադրութեան յանձնեց Թուրքիոյ մասնակցութեամբ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած յարձակումին իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը: Այս պարունակին մէջ, ան շեշտեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան իրաւասութեան տակ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը: