ԼԱՒՐՈՎ՝ ՌՈՒՍԻԱ, ՖՐԱՆՍԱ, Մ. ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ ՄԻԱՑԵԱԼ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏԵՆ
ՆԱԹՕ-Ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկ կրակը դադրեցնելու կոչ ուղղեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Reuters լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, թէ Սթոլթենպըրկ սոյն յայտարարութիւնը կատարած է մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Անգարայի մէջ:
« Չափազանց կարեւոր է, որ մենք շատ յստակ պատգամ հասցնենք բոլոր կողմերուն, որ անոնք անյապաղ դադրեցնեն ռազմական գործողութիւնները: Մենք պիտի աջակցինք խաղաղ եւ համաձայնուած լուծում գտնելու ջանքերուն». յայտարարեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարը, ընդգծելով՝ հարցին չկայ ռազմական լուծում:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Մ. Նահանգներ համատեղ յայտարարութիւն մը կը պատրաստեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով:
« ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները՝ ի դէմս Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Մ. Նահանգներու յայտարարութեամբ մը հանդէս եկան: Այժմ մենք կը պատրաստենք յայտարարութիւն». ըսաւ Լաւրով:
Քիչ առաջ Երեւանի Զուարթնոց օդակայանը ժամանեց ռուսական IL-96-300 տիպի ինքնաթիռ մը, որ ներառուած է «Ռուսիա» յատուկ ստորաբաժանումիՆ մէջ:
« Ռուսիա» յատուկ ստորաբաժանումը կ’ապահովէ երկրի պաշտօնակատար անձնաւորութիւններու, Ռուսիոյ յատուկ ծառայութիւններու եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու փոխադրութիւնը եւ կ’ենթարկուի Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմին:
Հայաստանի հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ խօսնակ Մանէ Գէորգեան հաստատեց Ռուսիյաէն յատուկ անձնակազմի մը ժամանման լուրը:
Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօոսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, թէ թշնամիի ռազմական կեդրոններուն հասցուած հարուածներէն ետք, Ազրպէյճանի տարբեր քաղաքներէն մի քանի հարիւր հազար մարդ խուճապահար փախուստ կու տայ դէպի Պաքու եւ թիկունքային այլ բնակավայրեր: