Մինչ լիբանանեան ջուրեր հասած վառելանիւթ փոխադրող նաւերը կը սպասէին Կեդրոնական դրամատան կողմէ վճարուելիք գումարներուն, որպէսզի վառելանիւթը յանձնեն ներածող ընկերութիւններուն, երէկ յետմիջօրէին ամերիկեան տոլարին սակը հասաւ 16.000 լ. ոսկիի:
Ապրուստի ներկայ ահռելի պայմաններուն դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան` փակելով հիւսիսային եւ հարաւային Լիբանանի մայրուղիները, ինչպէս նաեւ կոչեր ուղղելով փակելու նաեւ Կեդրոնական Պէյրութը, Զուքն ու Ժալ Էլ Տիպը, ուր նման արարքներ կատարուած էին նախանցեալ կէս գիշերին:
Ելեկտրականութիւն ունենալու տարրական իրաւունքը չստացող լիբանանցի քաղաքացին, որ հսկայական գումարներ կը վճարէ ելեկտրածին շարժակներու բաժանորդագրութեամբ ելեկտրական հոսանք ստանալու, դարձեալ մութի ենթակայ է վառելանիւթի տագնապին պատճառով:
Միայն իր օրուան հացը վաստկելու նպատակով աշխատանքի ուղղուող լիբանանցի քաղաքացին պենզին չունի` իր աշխատանքին վայրը հասնելու համար:
Ի տես այս իրավիճակին եւ ժամանակաւոր լուծումներ գտնելու տրամադրութեամբ, երէկ նախագահական պալատին մէջ գումարուեցաւ նիստ մը:
Վառելանիւթի սակին նպաստ տրամադրելու առումով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ հիւրընկալեց նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռեմոն Ղաժար, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:
Այս նիստին մասին նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը նշէ, թէ Պաապտայի նիստը քննարկեց վառելանիւթի տագնապը լուծելու միջոցները եւ երկրին ապահովական կայունութեան ու ժողովուրդին ապրուստին վրայ այդ տագնապին ունենալիք ժխտական բարդութիւնները շրջանցելու կարելիութիւնները:
Այս առումով նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի հետ եւ քննարկեց առկայ այն կէտերը, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են վառելանիւթի տագնապին լուծման:
Որոշուեցաւ գործնական արտակարգ քայլերու դիմել, որպէսզի Կեդրոնական դրամատունը կարելիութիւնը ունենայ տագնապը լուծելու, մինչ խորհրդարանը կը մշակէ պէտք եղած օրինագիծերը` վառելանիւթի սակին տրամադրուելիք նպաստին ամբողջական լուծումները տրամադրելու համար:
Աւելի ուշ Կեդրոնական դրամատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Կեդրոնական դրամատունը, դրամի եւ վարկերու օրէնքի թիւ 91-րդ յօդուածին համաձայն, լիբանանեան պետութեան պիտի շնորհէ վարկ մը` Լիբանանի դիմագրաւած արտակարգ վտանգաւոր պայմանները դիմագրաւելու համար:
«Կեդրոնական դրամատունը կը հաստատէ, որ նման վարկ մը շնորհելը կրնայ տնտեսական վատ հետեւանքներ ունենալ, եւ ներքին ու արտաքին իմաստով դրամին արժէքը հակակշռելու առումով իր կարողութեան վրայ ազդել», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Կը նշուի նաեւ, որ Կեդրոնական դրամատունը անհրաժեշտ կը նկատէ պետութեան տրամադրած նիւթական նպաստը հասցէագրել եւ տնտեսութեան բարգաւաճման հիմքերը երաշխաւորել: «Սակայն, եթէ կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ դրամի եւ վարկերու օրէնքի թիւ 91-րդ յօդուածին համաձայն Կեդրոնական դրամատունէն օտար դրամանիշով վարկ ստանալու կարիք ունի, ապա այդ վարկը կարելի է շնորհել պետութեան` իբրեւ պարտադիր ներդրում: Այդ վարկը վերադարձնելու յանձնառութեան իմաստով կառավարութիւնը խոստում պէտք է տայ` ըստ այնմ ճշդելով վերադարձնելու ժամանակն ու տոկոսները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Կեդրոնական դրամատունը ընդգծեց նաեւ նոր կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներու գործադրութեան ուղեգիծի մը որդեգրումը, որ կ՛ապահովէ երկրին տնտեսական «ապաքինում»-ն ու քաղաքացիին ուղղակի օժանդակելու կարելիութիւնը:
«Կեդրոնական դրամատունը, ինչպէս իր պատմութեան ընթացքին, այսօր եւս պատրաստ է զօրակցելու եւ օժանդակելու լիբանանցի քաղաքացիին, եւ այս շրջագիծին մէջ կը սպասէ կառավարութեան ընդառաջումին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Պէտք է աւելցնել, որ նախագահական պալատը յետմիջօրէին հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հերքեց
«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տեղեկութիւնները, թէ հանրապետութեան նախագահը զայրացած է այն իրականութենէն, որ Հասսան Տիապ մերժած է ստորագրել Կեդրոնական դրամատան տրամադրելիք վարկը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նախագահ Աունի եւ Տիապի միջեւ գործակցութիւնը առկայ է` ծառայելու համար Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն, յատկապէս Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար պայմաններուն ընթացքին:
Նշենք նաեւ, որ խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը երէկ վաւերացուցին հատուցման քարտի դրութիւնը, որմէ պիտի օգտուին աւելի քան 500 հազար ընտանիքներ:
«Միացեալ յանձնախումբերուն վաւերացուցած հատուցման քարտին շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը առաւելագոյնը 137 տոլար կրնայ տրամադրել ընտանիքներուն», ըսաւ Ֆըրզլի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պէտք է խորհրդարանին ներկայացնէ կրկնակի աճապարուած օրինագիծ մը, որպէսզի խորհրդարանը վաւերացնէ զայն:
Ֆըրզլի յայտնեց, որ հատուցման քարտը կարեւոր նուաճում մըն է` այս դժուար օրերուն օժանդակութիւն մատուցելու լիբանանցիներուն: