Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն հաստատեց, որ Լիբանան գոհունակ կը զգայ, որ վաղը Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու ժողովը` շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանսային, որ ՄԱԿ-ի հետ գործակցաբար նախաձեռնած է Լիբանանը հրաւիրելու այդ ժողովին:
Նախագահ Աուն ըսաւ, որ Լիբանան այդ ժողովին պիտի մասնակցի պաշտօնական պատուիրակութեամբ` մաղթելով, որ ժողովէն բխած որոշումները գործադրուին, որպէսզի կարելի ըլլայ Լիբանանին զօրակցելու եւ անոր օժանդակելու իմաստով տրուած որոշումները շօշափելի դարձնել եւ վկայել զանոնք, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական ծանր պայմանները:
Հանդիպումին ընթացքին Քիւպիչ նախագահ Աունին ներկայացուց ՄԱԿ-ի եւ Ֆրանսայի կողմէ կազմակերպուած այդ ժողովին մանրամասնութիւնները: Ան նշեց, որ ժողովը հզօր պատգամ մը պիտի ուղղէ` Լիբանանի հետ տարբեր երկիրներու գործակցութեան յանձնառութեան իմաստով:
Միւս կողմէ, Փտածութեան դէմ պայքարի միջազգային օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան գրառում մը կատարեց` հաստատելով, որ Լիբանան ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ ճզմելու համար փտածութեան ախտը, որուն պատճառով լիբանանեան պետութիւնը հիւծած է:
«Կը փափաքինք, որ պարկեշտութիւնը վերածուի գործելաոճի, մշակոյթի եւ կենցաղի` մեծերուն ու փոքրերուն համար», շեշտեց նախագահ Աուն: