Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ Ազգային հանդիպումի մը` մասնակցութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Հասսան Տիապի, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն:
Հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախորդ երկու շաբթուան ընթացքին Պէյրութի եւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած ապահովական միջադէպերն ու զարգացումները, որոնց ընթացքին հիմնականին մէջ թիրախ դարձան լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Նիստին ընթացքին իւրաքանչիւրը պիտի յայտնէ իր տեսակէտը, եւ կը նախատեսուի, որ նիստէն բխի հաղորդագրութիւն մը, որ պիտի պարփակէ այն կէտերը, որոնց շուրջ Ազգային հանդիպումը համաձայնութիւն կը գոյացնէ:
Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակի տնօրէն Ռաֆիք Շլալա հաստատեց, որ ազգային երկխօսութեան նիստը բաց է քննարկելու որեւէ նիւթ, որուն մասին մասնակիցները կը փափաքին խօսիլ:
Նշենք, որ երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ անձամբ պիտի չմասնակցի Ազգային հանդիպումին, այլ զայն պիտի ներկայացնէ անոր որդին` Թայմուր Ժոմպլաթը:
Իր կարգին, Խորհրդակցական հանդիպումի երեսփոխան Ատնան Թրապուլսի յայտնեց, որ` լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան շահերուն իբրեւ յանձնառութիւն, իրենք պիտի մասնակցին այսօրուան Ազգային հանդիպումին:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն մասնակցիլ Ազգային հանդիպումին, որուն նպատակը աչքին մէջ փոշի ցանել է: