Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ դրուատեց կիրակի գիշեր Պաալպեքի մէջ տեղի ունեցած համերգը: «Պաալպեքի Բագոսի տաճարը նախանցեալ գիշեր կեանքի ինթիֆատա կ՛ապրէր, եւ անով ապրեցան լիբանանցիներն ու աշխարհը: Հոն հնչեցին երաժշտական, արուեստի, բանաստեղծութեան, նուագի կիրքեր` նախաձեռնութեան մը ներքեւ, որ կոչուեցաւ գոյատեւում, այն ինչ որ այսօր լիբանանցիները կ՛ապրին», ըսաւ նախագահ Աուն:
Հանրապետութեան նախագահը շեշտեց, որ մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանին կողմէ պատրաստուած եւ գործադրուած Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբին ելոյթը ամէնէն փայլուն արտայայտութիւնն է, որ կը մարմնացնէ դիմակայելու ոգին, որ իր կարգին մղիչ ուժն է մէկ կողմէ «Քորոնա» համաճարակին եւ Լիբանանի պատմութեան մէջ աննախընթաց տնտեսական-ելեւմտական տագնապին դիմադրելու, իսկ միւս կողմէ` մեր հայրենիքին` Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 100-ամեակը պանծացնելու լիբանանցիներուն կամքին:
Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս մութ պայմաններուն մէջ ներդրում ունեցան այս համերգին կազմակերպութեան մէջ, յատկապէս Պաալպեքի փառատօնի յանձնախումբին:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` կառչած մնալու յոյսին եւ ստեղծագործութեան, ինչպէս նաեւ անձնատուր չըլլալու` դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն դիմաց, որպէսզի կարենան ներկայ պայմանները շրջանցել եւ անցնիլ բարգաւաճման, զարգացման ու կայունութեան ափը, որուն կը ձգտինք բոլորս: