Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ժոզեֆ Պորելէն Կը Ստանձնէ Հրատապ Նամակ Մը

August 27, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Նախագահ Աուն Ժոզեֆ Պորելէն Կը Ստանձնէ Հրատապ Նամակ Մը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Ռալֆ Թրաֆը, որ նախագահ Աունին յանձնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեֆ Պորելի յղած նամակը:

Հանդիպումէն ետք Թրաֆ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը իր նամակին ընդմէջէն կոչ ուղղեց նախագահ Աունին եւ լիբանանեան քաղաքական դասակարգին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը, ինչպէս նաեւ կատարելու այն բոլոր բարեկարգումները, որոնք Լիբանանը դուրս կը բերեն զինք յուզող ներկայ տագնապէն:

Նամակին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրոպական Միութեան կողմէ նախորդ տարիներուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ընթացքին Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւններուն` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է նաեւ յաւելեալ օժանդակութիւններ տրամադրելու Լիբանանին` կառավարութեան կազմութենէն ետք:

«Իր նամակին մէջ Պորել շեշտեց, որ Լիբանան փլուզման ընթացքին մէջ է, իսկ Լիբանանի մէջ տիրող ընկերային իրարանցումը, վտանգն ու ապակայունութիւնը հետզհետէ կ՛ամրապնդուին: Հետեւաբար հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը պէտք է համաձայն գտնուին ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը` լիբանանցիներուն շահերը ապահովելու համար», ըսաւ Թրաֆ:

Previous Post

Պուրճ Համուտի Աղբանոցներէն Մէկուն Մէջ Կը Յայտնաբերուի Նորածին Մանուկ Մը

Next Post

Միքաթի Պաապտայէն Մեկնեցաւ Ըսելով. «Աստուծմէ Բարին, Աստուծմէ Բարին»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.