Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց միջազգային խորհրդատուութեան «Լազարտ» ընկերութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Ֆրանսուա Խայեաթ, Քզավիէ Աթիէ եւ Թոմաս Լամպըրթ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց խորհրդատուութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը` Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւնները վերսկելու շրջագիծին մէջ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց տնտեսական տագնապի լուծման նպատակով նախորդ կառավարութեան պատրաստած «Տնտեսական ապաքինում»-ի ծրագիրը սերտելու եւ անոր բովանդակած թուային պատկերը փոփոխութեան ենթարկելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով, որ ներկայիս պայմանները փոխուած են:
Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին «Լազարտ» ընկերութեան հանդէպ լիբանանեան պետութեան վստահութեան համար` ընդգծելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան իրենց վստահուած պարտականութիւնը կատարելու, թիւերը ճշդելու, բարեկարգումները կատարելու եւ դրամատնային մարզի վերակազմաւորման ծրագիրը պատրաստելու:
Աւելի ուշ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի համախոհութեամբ հրապարակուեցաւ որոշում մը, որուն հիման վրայ ճշդուեցաւ լիբանանեան պաշտօնական յանձնախումբը, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ պիտի կատարէ:
Յանձնախումբին մաս պիտի կազմեն փոխվարչապետ Սաատէ Շամի, ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ: Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն նաեւ փորձագէտներ եւ խորհրդատուներ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ գարնան տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները: