Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն «Լիբանանեան Արժանեաց Ոսկեայ Շքանշան» Ընծայեց Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանին

October 7, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Նախագահ Աուն «Լիբանանեան Արժանեաց Ոսկեայ Շքանշան» Ընծայեց Բժշկութեան Նոպելեան Մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ «Լիբանանեան արժանեաց ոսկեայ շքանշան» ընծայեց բժշկութեան ոլորտին մէջ 2021 թուականի Նոպելեան մրցանակին արժանացած ամերիկաբնակ լիբանանահայ Արտեմ Փաթափութեանին:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց լիբանանահայ գիտնականը, որ մրցանակին արժանացած է ջերմաստիճանի ընկալիչներու եւ շօշափելիքի ուսումնասիրութեան ժամանակ իր կատարած իւրայատուկ բացայայտումներուն համար:

«Այս իրադարձութիւնը հպարտութիւն է իւրաքանչիւր լիբանանցիի համար, ինչպէս նաեւ գնահատանք է ձեր գիտական երկարատեւ հետազօտութիւններուն, որոնք արդիւնաւորուեցան այս նուաճումով: Իրագործում մը, որ Լիբանանի համար նաեւ նուաճում է, յատկապէս երկրին դիմագրաւած ներկայ դժուար պայմաններուն լոյսին տակ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան հաստատեց, որ ամբողջ մարդկութիւնը շնորհակալ պիտի ըլլայ Արտեմ Փաթափութեանի գիտական նուաճումին համար, որ պիտի օժանդակէ մարդկային մարմինը աւելի ամբողջական կերպով ուսումնասիրելու եւ հասկնալու:

«Ջանասիրաբար կատարած ձեր անխոնջ աշխատանքին եւ գիտական ուսումնասիրութիւններուն համար ստացած այս բարձրագոյն մրցանակին արժանի էք, եւ գնահատելու համար ձեր նուաճումը, ձեզի կը շնորհեմ «Լիբանանեան արժանեաց ոսկեայ շքանշան»-ը` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ, նուաճումներ եւ առողջութիւն», շեշտեց նախագահ Աուն:

Նշենք, որ Արտեմ Փաթափութեան մասնիկային կենսաբան եւ ջղաբան է: Ան ներկայիս կ՛աշխատի Քալիֆորնիոյ Լա Խոյա շրջանին մէջ գտնուող «Սքրիփս Ռիսըրչ» կեդրոնին մէջ:

53-ամեայ Փաթափութեան ծնած է Պէյրութ, ուր կենսաբանութիւն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ եւ 1986-ին գաղթած է Միացեալ Նահանգներ:

Վարչապետ Միքաթի Շնորհաւորեց
Արտեմ Փաթափութեանը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին շնորհաւորեց Արտեմ Փաթափութեանը բժշկութեան Նոպելեան մրցանակ ստանալուն առիթով: Ան հաստատեց, որ լիբանանահայ գիտնականին ստացած այս մրցանակը հպարտութիւն է իրեն համար:

Միքաթի ողջունեց եւ յաջողութիւն մաղթեց Ա. Փաթափութեանին, որ Լիբանանի անունը բարձր պահած է եւ փաստած հմտութիւն մը, որ կը ձգտի ծառայել մարդկութեան:

«Յաւելեալ յաջողութիւններ եւ նուաճումներ կը մաղթեմ ձեզի», շեշտեց Միքաթի:

Previous Post

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է 50 Միլիառ Լ. Ոսկի Յատկացնելու Նաւահանգիստի Պայթումէն Տուժածներուն

Next Post

Ալիեւ Ընդունած Է Եւրոպական Միութեան Միջնորդութիւնը

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.