Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ գոհունակութիւն յայտնեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Լիբանան կատարած այցելութեան արդիւնքներուն համար:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց բոլոր արգելքները վերացնելու, փտածութեան դէմ պայքարելու, բարեկարգումները գործադրելու, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու, որպէսզի Լիբանանը կարելի ըլլայ զետեղել տնտեսական իսկական լուծումներու ուղիին վրայ:
«Լիբանանին` Մաքրոնի նուիրուածութեան հանդէպ պէտք է լիբանանեան վճռակամութիւն ցուցաբերենք, մենք մեզի օժանդակենք եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմենք կարող եւ թափանցիկ կառավարութիւն մը, որ անմիջապէս սկսի բարեկարգումի քայլերու` փրկելու համար Լիբանանը եւ ապահովելու համար անոր տրամադրուելիք միջազգային օժանդակութիւնը», հաստատեց ան: