Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Լիբանանի Բարելաւման Որեւէ Ծրագիրի Ձախողեցումը Կը Նշանակէ, Թէ Փտած Համակարգը Կը Վախնայ Հաշուետուութենէ»

September 6, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Lebanon’s Aoun says some want to block government and foment chaos

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երիտասարդական պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ Լիբանանի բարելաւման, ինչպէս նաեւ ելեւմտական եւ տնտեսական առողջացման համար մշակուած որեւէ ծրագիրի ձախողեցումը կը նշանակէ, թէ փտած համակարգը կը վախնայ հաշուետուութենէ եւ հարցապնդումէ, «որովհետեւ բարեփոխումի որեւէ ծրագիր նախ եւ առաջ պիտի ճշդէ արձանագրուած վնասները, երկրորդ` պատասխանատուութիւնները, իսկ երրորդ` այդ հարցերը լուծելու միջոցները», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ նիւթական վնասները առանց ճշդելու գումարներու բաշխումը` Կեդրոնական դրամատան, դրամատուներուն եւ պետութեան միջեւ, հիմնական երկու վտանգաւոր հարցերու յանգեցաւ. «Առաջին` պատասխանատուները չիմացան երկրին ելեւմտական քանդումին մասին, իսկ երկրորդ` ժողովուրդը առանձինն կը կրէ ելեւմտական փլուզումին եւ դրամատնային իր հաշիւներուն վիճակին անորոշութեան պատասխանատուութիւնը, մինչդեռ` ժողովուրդը զոհն է եւ ոչ թէ դահիճը: Ոչ ոք, ինչքան ալ բարձր ըլլայ անոր պաշտօնը, իրաւունք ունի ժողովուրդը պատասխանատու նկատելու երկրին մէջ որդեգրուած սխալ, քանդիչ եւ փտած քաղաքականութիւններուն», հաստատեց նախագահ Աուն:

Հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ լիբանանցիներուն իրաւունքն է իմանալ, թէ ո՛վ ամէնօրեայ դրութեամբ կը շահագործէ զիրենք եւ կ՛օգտագործէ դրամատնային իրենց հաշիւները: «Ժողովուրդս գողցուած է եւ ամէնօրեայ դրութեամբ գողութեան կ՛ենթարկուի», եզրափակեց ան:

Previous Post

10 Տարի Դիւանագիտութեամբ Բաւարարուելէ Ետք, Լիբանանեան-Սուրիական Յարաբերութիւններու Բնականոնացման Առաջին Քայլը Առնուած Է

Next Post

«Կը Զօրակցինք Լիբանանի Մէջ Հզօր Կառավարութեան Մը Կազմութեան» Շեշտեց Ռայիսի

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.