Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին, եւ կը փափաքինք ունենալ տնտեսական տագնապի լուծման ատակ արհեստավարժ վարչապետ մը»

June 22, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Report: Aoun delayed consultations to seek pre-agreement on PM

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք դիտմամբ ուշացուցած է վարչապետի նշանակման երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները, որպէսզի երեսփոխանական պլոքներուն առիթ տայ` թեկնածուի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու, «որովհետեւ բուն հարցը յաջորդ քայլին, այսինքն` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ կ՛իյնայ»:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ խորհրդակցութիւնները պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին ունենալ տնտեսական տագնապի լուծման ատակ արհեստավարժ վարչապետ մը:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ յառաջիկայ փուլին համար ինք կը զօրակցի քաղաքական կառավարութեան մը կազմութեան, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները: Ան շեշտեց, որ կառավարութեան ուժը անոր հաւասարակշռութեան մէջ է: «Իսկ եթէ կառավարութիւնը հաւասարակշռուած է, ի՞նչը կ՛արգիլէ, որ ան ըլլայ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն», հարց տուաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` աւելցնելով, որ իր կարծիքով` նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարուի 31 օգոստոսէն 21 հոկտեմբերի միջեւ:

Միւս կողմէ, ան հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան եւ նախագահական ընտրութեան թուականներուն միջեւ կայ հոլովոյթ մը, որ պէտք է ամբողջանայ, եւ ատիկա Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հարցն է:

«Սալամէ յանցագործ է եւ մեղսակից մը, որ ունի իր մեղսակից գործընկերները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրեն համար յստակ չէ, թէ դատական իշխանութիւնները ինչո՞ւ կը յապաղին զայն ամբաստանելու իմաստով:

Այս շրջագիծին մէջ նախագահ Աուն յայտնեց, որ Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութեան կատարման սեմին կը գտնուինք` աւելցնելով, որ 27 յունիսին Լիբանան կը հասնի իրաւական հաշուեքննութիւնը կատարող գլխաւոր խումբը:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ նախքան իր նստաշրջանի աւարտը, պիտի փակէ իրաւական հաշուեքննութիւնը, որուն վերջնական արդիւնքը Պաապտայէն բացի ոչ մէկ տեղէ պիտի յայտարարուի:

Նախագահական իր նստաշրջանը աւարտին հասցնելու առումով մնացած կարճ ժամանակամիջոցին մասին հարցումի մը պատասխանելով` նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք տկար չէ եւ չէ տկարացած իր կեանքին բոլոր փուլերուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ իր կեցուածքներուն մէջ: «Հետեւաբար վերջին ամիսներուն ալ տկարացած չեմ, սակայն նողկացած», եզրափակեց ան:

Previous Post

Պարտինք ազգային սրբութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութեամբ կենարար շունչ պարգեւել մեր ազգին եւ Սփիւռքին

Next Post

Սուրիոյ վրայով եգիպտական կազ ստանալու վերջնական համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ. 4 ժամ յաւելեալ ելեկտրականութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.