Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Զարգացում Արձանագրուած Է, Իսկ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կայանան»

September 2, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Զարգացում Արձանագրուած Է, Իսկ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կայանան»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ամերիկեան Քոնկրեսի արտաքին հարցերու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ ծերակուտական Քրիս Մըրֆիի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ յառաջիկայ փուլին ընթացքին կատարուելիք աշխատանքները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ զարգացում արձանագրուած է` աւելցնելով, որ կառավարութենէն պահանջուածը բարեկարգումներու իրագործումն է, ինչպէս նաեւ երկրին տնտեսական զարգացում ապահովելը:

Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կայանան սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, այսինքն` 2022-ի գարնան: «Պիտի հսկենք, որ այդ ընտրութիւնները կայանան ազատութեան եւ պարկեշտութեան մթնոլորտի մէջ, որովհետեւ ժողովրդավարութիւնը օրէնսդրական եւ գործադիր իշխանութիւններուն մէջ վերանորոգում կ՛ենթադրէ` թօթափելու համար 1990-էն մինչեւ օրս արձանագրուած ձախողութիւնները», ըսաւ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ ինք յանձնառու կը մնայ փտածութեան դէմ պայքարին` աւելցնելով, որ Լիբանանի որդեգրած իրաւական հաշուեքննութեան որոշումը փտածութեան դէմ պայքարի եւ բարեկարգումի կարեւորագոյն քայլերէն է:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան: Ան բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան օժանդակութեան համար:

Նշենք, որ նախագահ Աուն ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ 4 միլիառ 927 միլիոն լ. ոսկի պիտի յատկացուի «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» ընկերութեան` Կեդրոնական դրամատան իրաւական հաշուեքննութեան նպատակով:

Ամերիկեան Քոնկրեսի արտաքին հարցերու յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը յետմիջօրէին այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի

Previous Post

Թարեք Մաժզուպ. « Պիտի Չարտօնեմ Կրթական Մարզին Փլուզումը, Ոչ Ալ Ուսուցիչներուն Աշակերտներուն Ուսման Իրաւունքէն Պիտի Զիջիմ»

Next Post

Turkey says it cannot handle new wave of migration

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.