Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ստորագրեց 2022-ի ու անոր կցուած ամավարկերը եւ զանոնք ուղարկեց խորհրդարան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մեհտի Իսմայիլին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի:
Նախագահ Աուն հանդիպումին ընթացքին շեշտեց ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը` մաղթելով, որ Վիեննայի բանակցութիւնները յաջողին:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ բանակցութիւններուն յաջողութիւնը խաղաղութեան ցուցանիշ է ո՛չ միայն Իրանի, այլ ամբողջ շրջանին համար:
Հանրապետութեան նախագահը ողջունեց իրանեան պատուիրակութիւնը` հաստատելով Իրանի նկատմամբ Լիբանանի յարգանքը:
Ան նշեց, որ Իրան կրցաւ դիմագրաւել դժուար պայմանները եւ հակառակ պատժամիջոցներուն ու անոր վրայ պարտադրուած շրջափակումին կրցաւ բարգաւաճիլ, ունենալ ինքնուրոյն ճարտարարուեստ եւ ագահ չեղաւ իր ժողովուրդին դիմաց, այլ` այդ վատ պայմանները վերածեց ներքին ներդրումներու առիթի եւ կարգ մը մարզերու մէջ նուաճումներ արձանագրեց:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան կը փափաքի Իրանի հետ հեզասահ յարաբերութիւնները պահել, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ Լիբանան կարենայ մօտիկ ապագային դուրս գալ իր դիմագրաւած տնտեսական տագնապէն:
Նախագահ Աուն Իսմայիլիէն խնդրեց իր ջերմ ողջոյնները փոխանցել Իրանի նախագահ Ռայիսիին:
Իսմայիլի իր կարգին յայտնեց, որ Իրան կը ջանայ որդեգրել արտաքին բաց եւ շինիչ քաղաքականութիւն մը, որ վստահութեան, երկխօսութեան եւ մերձեցումի կամուրջներ կը ստեղծէ շրջանին եւ բարեկամ երկիրներուն հետ:
Ան նշեց, որ երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնն ու մերձեցումը Իրանի ապահովական կայունութիւնը կ՛երաշխաւորէ, ինչպէս նաեւ զայն կը հարստացնէ եւ հեռու կը պահէ օտար երկիրներու հաւանական միջամտութիւններէն:
Իսմայիլի յայտնեց, որ Իրան յաջողած է տոկալ իր դէմ պարտադրուած պատժամիջոցներուն, ինչպէս նաեւ արձանագրած է մեծ թիւով նուաճումներ, յատկապէս` «Քորոնա» ժահրի համաճարակին դէմ պայքարելու առումով:
Ան նկատել տուաւ, որ Վիեննայի խորհրդակցութիւնները դրական կ՛ընթանան` աւելցնելով, որ ամէն ջանք պէտք է ի գործ դնել դրական ու շինիչ, ինչպէս նաեւ արդար ու վերջնական համաձայնութեան մը յանգելու նպատակով:
Իսմայիլի ընդգծեց, որ Իրան գործակցութեան ձեռք կ՛երկարէ Լիբանանին եւ պատրաստ է երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու բոլոր մարզերուն մէջ:
Ան պատրաստակամութիւն յայտնեց երկու երկիրներուն միջեւ շարժապատկերի, երաժշտութեան եւ արուեստի տարբեր մարզերուն մէջ գործակցութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ Թեհրան հիւրընկալէ լիբանանեան մշակութային շաբաթ մը, որպէսզի իրանցիները ծանօթանան լիբանանեան մշակութային ստեղծագործութեան:
Պըրրիի Մօտ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Իսմայիլին եւ անոր ընկերակցող իրանեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը:
Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Վարչապետարանին Մէջ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց իրանեան պատուիրակութիւնը:
Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: