Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Միքաթիի հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը

August 18, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Aoun, Mikati meet over govt. line-up, ending month-long deadlock

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան թղթածրարը:

Պաապտայէն մեկնումի ընթացքին վարչապետ Միքաթի ըսաւ. «29 յունիսին նախագահ Աունին ներկայացուցի կառավարութեան կազմի պատկերացում մը, որուն մասին այսօր քննարկումներ կատարեցինք եւ պիտի շարունակենք խորհրդակցիլ: Խորհրդակցութիւններն ու քննարկումները պիտի շարունակուին, որովհետեւ տեսակէտներուն միջեւ հսկայ տարբերութիւններ չկան»:

Հոքշթայն Կը Հաստատէ, Որ Կայ Յառաջդիմութիւն,
Որ Կրնայ Հասցնել Համաձայնութեան

Միւս կողմէ, Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններուն հսկող ամերիկացի բանագնաց Էյմըս Հոքշթայն նախորդ քանի մը օրերուն ընթացքին նախաձեռնեց հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու կարգ մը լիբանանեան հեղինակութիւններու հետ` անոնց յայտնելու համար, թէ ժխտական ամբողջ մթնոլորտը Լիբանանի մէջ շրջանառութիւն կը կատարէ, մինչդեռ սահմանագծումի թղթածրարին առումով գործող ամերիկեան եւ իսրայէլեան հեղինակութիւններ կը տեսնեն լուծման յանգելու հսկայ կարելիութիւններ:

Հոքշթայն յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին ուշ գիշերին Նաքուրայէն անցած է Թել Աւիւ, սակայն չէ կրցած իսրայէլացիներուն հետ քննարկել սահմանագծումի թղթածրարը, որովհետեւ իսրայէլացի պատասխանատուները Կազայի դէմ պատերազմի մանրամասնութիւններով զբաղած էին: Ան նկատել տուաւ, որ Իսրայէլի նախարարական սեղմ կազմը չէ անդրադարձած ծովային սահմանագծումին` աւելցնելով, որ ինք հանդիպում մը ունեցած է Իսրայէլի վարչապետին հետ, եւ երկուստեք համաձայնած են դրական շրջագիծի մը շուրջ:

Հոքշթայն ընդգծեց, որ ինք կը սպասէ Իսրայէլ ուղղուելու ժամադրութեան մը, որուն հիման վրայ քայլեր պիտի առնուին:

Հոքշթայն հաստատեց, որ կայ յառաջդիմութիւն, որ կրնայ հասցնել համաձայնութեան, որովհետեւ Ուաշինկթըն եւ Թել Աւիւ յանձնառու են Լիբանանի ծովային սահմաններն ու իրաւունքները յարգելու եւ վաւերացնելու:

Previous Post

«Սուրմալու»-ի ողբերգութիւն. հետեւութիւններ

Next Post

«Սուրմալու»-ի պայթումին հարցով Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը բողոքագիր յղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.