Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետ Հասսան Տիապ, փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր, ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի, լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, բանակի պիւտճէի ծրագրաւորման տնօրէն գնդապետ-զօրավար Եուսեֆ Խուրի Հաննա, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր եւ նախագահ Աունի զինուորական եւ ապահովական հարցերու խորհրդատու գնդապետ-զօրավար Պուլոս Մաթար:
Նախագահ Աուն շեշտեց երկրին ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան բարձր գնահատեց բանակին եւ ապահովութեան ի գործ դրած զոհողութիւններն ու ջանքերը` իրենց ստանձնած բոլոր պարտականութիւններուն մէջ:
Վարչապետ Տիապ ընդգծեց նախազգուշական ապահովութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ այս իմաստով առնուելիք քայլերը` լիբանանցիներուն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը երաշխաւորելու համար:
Ապա ապահովական կառոյցներու պետերը ներկայացուցին իրենց տեղեկագիրները, որոնք կը վերաբերէին երկրին ներկայ իրավիճակին, ապահովութեան ուժերու ստանձնած պարտականութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապահովական կառոյցներու կարիքներուն:
Նախքան նիստին գումարումը նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Նշենք, որ նախագահ Աուն այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, իսկ ժամը մը ետք` կառավարութեան նիստին: