Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ նախագահեց յատուկ աշխատանիստի մը` մասնակցութեամբ հրաժարեալ վարչապետ Հասսան Տիապի, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնիի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի:
Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Լիբանանի մէջ դեղարաններէն դեղորայքի «անյայտացման» եւ գտնուող դեղերու սակագիներու «սեւ շուկայի» ստեղծման հետեւանքները: Այս առիթով ժողովականները շեշտեցին դեղորայքի մարզին պետական աջակցութեան պահպանումը եւ այս հարցին կարգաւորումը` գործակցաբար առողջապահութեան նախարարութեան եւ հետեւելով վարչապետին կողմէ խորհրդարան յղուած հասցէագրման ծրագիրի ցուցմունքներուն: