Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց երկրին դիմագրաւած ապրուստի դժուարութիւնները եւ զանոնք լուծելու հեռանկարները` ՄԱԿ-ի հետեւորդ կազմակերպութիւններուն, յատկապէս մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրող կազմակերպութիւններուն ընդմէջէն:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի այս դժուար պայմաններուն մէջ լիբանանցիներուն տառապանքը մեղմացնելու իմաստով:
Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
Յետմիջօրէին Ռուշտի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ՄԱԿ-ի մարդասիրական ֆոնտը Լիբանանին 6 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն կը յատկացնէ` թեթեւցնելու համար վառելանիւթի տագնապին պատճառած բեռը, յատկապէս առողջապահական հոգատարութիւն ապահովելու նպատակով:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆատի Աաուարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններուն ու կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւններուն ընթացքը:
Հանդիպումէն ետք Աաուար յայտնեց, որ նախագահ Աուն ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային յայտարարուի: