Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Ժողով Չգումարելու Հարցն Ու Սալամէի Հրամանագիրին Ունենալիք Հետեւանքները

December 11, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Aoun Meets Miqati, Says Govt. to Address Cost-of-Living Issues

Ամերիկեան տոլարին սակը սեւ շուկային մէջ անցած է 26 հազար լ. ոսկին, իսկ կառավարութիւնը տակաւին ժողով պիտի գումարէ:

Երէկ յետմիջօրէին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր Եգիպտոս կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկրին դիմագրաւած տնտեսական եւ ապրուստի վերաբերող հարցերը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հրապարակած հրամանագիրն ու անոր ունենալիք հետեւանքները, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան սկսած է Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ բանակցութիւններ կատարելու:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկումի առարկայ դարձաւ նաեւ կառավարութեան ժողովներ չգումարելու հարցը, որ իր վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ կառավարութեան, նախարարութիւններուն եւ ընդհանուր տնօրէնութիւններուն աշխատանքներուն վրայ:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ, որ կառավարութեան նիստերը չկայացնելը իր վատ ազդեցութիւնը կ՛ունենայ նաեւ քաղաքացիներու շահերուն վրայ, յատկապէս նկատի ունենալով պետական մարզի պաշտօնէութեան փոխադրածախսերը վաւերացնելու, ինչպէս նաեւ ամսական դրութեամբ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու նախաձեռնութեան սառեցումը:

Վարչապետ Միքաթի Պաապտայէն մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:

Միւս կողմէ, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար, որ վերստին ստանձնեց պայթումի հետաքննութեան թղթածրարին պատասխանատուութիւնը, ընդհանուր դատախազութենէն պահանջեց անմիջապէս գործադրել ելեւմուտքի նախկին նախարար Ալի Հասան Խալիլը բերման ենթարկելու հրամանագիրը:

Պիթար ընդգծեց, որ ապահովական կառոյցի մը կողմէ դատական իշխանութեան կողմէ տրուած հրամանագիր մը չգործադրելու քայլը վտանգաւոր նախընթաց է եւ դատական իշխանութիւններու որոշումներուն նկատմամբ անհնազանդութիւն:

Previous Post

Սուրի Պըրժ Շմալի Գաղթակայանին Մէջ Զինամթերքի Պահեստանոցի Պայթում

Next Post

Paris to Seek Cabinet Revival as FPM MP Slams Shiite Duo

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.