Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Շաբաթ, 3 Նոյեմբերին ստորագրեց Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուած կարգ մը օրէնքներ:
Նախագահը ստորագրեց Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 100-ամեակին առիթով քրէական գործերով համաներում յայտարարելու մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքները: