Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային կապ հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի հետ` իր զօրակցութիւնը յայտնելով համայն հայութեան` Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակին առիթով:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցի եւ հայ ժողովուրդները նոյն արհաւիրքին ու սպանդին ենթակայ եղած են` տարբեր դրսեւորումներով եւ տարողութեամբ, բայց եւ այնպէս միեւնոյն ոճրագործին` Թուրքիոյ ձեռամբ: Ան դիտել տուաւ, որ ինք կը զօրակցի բոլոր արդար դատերուն, յատկապէս Հայ դատին եւ հայ ժողովուրդին մղած պահանջատիրական վեհ պայքարին:
Լիբանանի նախագահը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ լիբանանահայութեան ունեցած դերակատարութեան եւ արժէքին` շեշտելով, որ լիբանանահայերը դրական եւ ազդու ներդրում ունեցած են լիբանանեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ ու բազմազան մակարդակներու վրայ:
Երեսփոխան Բագրատունի երախտագիտութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` շեշտելով, որ ան հանդիսացաւ արաբական աշխարհի առաջին եւ միակ նախագահը, որ քաջութիւնը ունեցաւ հրապարակաւ եւ բացայայտ կերպով զօրակցելու Հայ դատին, ճշդելու յանցագործը եւ արդարութիւն պահանջելու գործուած ոճիրին համար: