ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 1 Օգոստոսին այցելած է Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն եւ մասնակցած գերատեսչութեան 2019 թուականի առաջին կիսամեակին տարած աշխատանքներու արդիւնքներու ամփոփման նուիրուած նիստին: Այս մասին կը յայտնեն նախագահականէն։
Լսելով ծառայութեան տնօրէնին, տարբեր ստորաբաժանումներու պատասխանատուներուն զեկոյցները՝ երկրի ղեկավարը համապատասխան յանձնարարականներ տուած է քննարկուած հարցերուն եւ առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ: