Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ խորհրդակցութիւն կազմակերպած է` հանրապետութեան մէջ առանձին ապրանքատեսակներու գիներու բարձրացման եւ անոր հետեւանքներու կարելի մեղմացման ուղղուած լուծումներու քննարկման նպատակով:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկումի եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Արմէն Գէորգեան, Կեդրոնական դրամատան նախագահ Արթուր Ջաւադեան, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Կարայեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեան, նախագահի գլխաւոր խորհրդական Արամ Ղարիբեան, նախագահի վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար Յովհաննէս Յովսէփեան, պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Վարդան Յարութիւնեան, տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնախումբի նախագահ Արտակ Շաբոյեան:
Ընդգծելով, որ խորհրդակցութեան ներկայ կարգ մը նախարարութիւններու ղեկավարներ նաեւ պատասխանատուութիւն կը կրեն տնտեսավարողներու ազատ եւ արդար մրցակցութեան ապահովման համար` հանրապետութեան նախագահը նշած է, թէ պատասխանատուներէն կ՛ակնկալէ, պահպանելով այդ մրցակցութեան պայմանները, իրականացնել առանձին ապրանքներու գիներու բարձրացման ամէնէն խիստ մշտադիտարկում, որուն համար պետութիւնը ունի անհրաժեշտ բոլոր գործիքները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան պահանջած է գնաճի առարկայական պատճառներու կամ հիմնաւորումներու մասին խօսելէ բացի ներկայացնել լուծումներ` ուղղուած գիներու բարձրացման հետեւանքներու մեղմացման եւ հանրութիւնը մշտապէս տեղեկացնել սպառողական շուկաներու մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներու մասին:
«Յարգելի՛ գործընկերներ,
Ես յոյսով եմ, որ ամանորեան տօնակատարութիւններուն զուգահեռ շարունակած էք կատարել ձեր պաշտօնական պարտականութիւնները, մասնաւորապէս` շարունակած էք մշտադիտարկել սպառողական շուկան եւ այդ շուկային մէջ տեղի ունեցող գործընթացները: Վերջին շաբաթներուն ընթացքին հանրային լայն քննարկումներու եւ անհանգստութիւններու առարկայ դարձած են սպառողական շուկային մէջ որոշ ապրանքատեսակներու գնային տատանումները: Այդ պատճառով 12 դեկտեմբերին իմ հարցազրոյցիս մէջ ես անդրադարձայ այդ խնդիրին, եւ ձեզմէ ստացած արձագանգները կը խօսէին այն մասին, որ այդ տատանումները նախ եւ առաջ եւ հիմնականին մէջ պայմանաւորուած են միջազգային շուկաներու մէջ տուեալ ապրանքատեսակներու գնային տատանումներով: Բայց 12 դեկտեմբերէն մինչեւ այսօր գրեթէ մէկ ամիս անցած է, եւ դուք կարելիութիւն ունեցած էք մանրամասն ուսումնասիրելու այդ գործընթացը: Հիմա ես ուշադրութեամբ պիտի լսեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին վերլուծութիւնը: Պատճառները կը ճշդենք, բայց մինչ այդ կ՛ուզեմ ուշադրութիւն հրաւիրել երեք հանգամանքի վրայ:
Առաջին հանգամանքը հետեւեալն է. ակնյայտ է, որ Հայաստանի մէջ շուկայական յարաբերութիւններ կը գործեն, եւ պետութիւնը չի միջամտեր գիներու ճշդումի գործընթացներուն, բայց մենք նախ պարտաւորութիւն ունինք միջավայր ձեւաւորելու` մրցակցային միջավայր, որ կ՛երեւի հիմնական գործօններէն մէկն է գիներու արդարացի կարգաւորման գործին մէջ: Երկրորդ` մենք ունինք ամբողջական գործիքակազմ շուկային մէջ գերիշխող դիրք ունեցող տնտեսավարողներու գործունէութիւնը ուսումնասիրելու: Եւ երրորդ` մենք ունինք բազմաթիւ լծակներ պարզելու, թէ շուկաներուն մէջ տատանումները իրապէս առարկայական գործընթացներու արդի՞ւնք են, թէ՞ տնտեսավարողներու ագահութեան պատճառ:
Յաջորդ հանգամանքը հետեւեալն է, որ մենք պարտաւոր ենք, ուղղակի պարտաւոր ենք առանց յոգնելու, առանց հաշուի առնելու բազմաթիւ հանգամանքներ, մշտապէս հանրութեան տեղեկացնել սպառողական շուկաներուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն մասին` մշտապէս: Եւ չբաւարարուինք միայն անով, որ փոխնախարար մը օր մը ըսած է, թէ որ՛ն է այս կամ այն ապրանքի թանկացման պատճառը: Բոլորս` այստեղ նստած բոլորս, պարտաւոր ենք մշտապէս հանրութեան տեղեկացնել այդ գործընթացներուն մասին: Վստահ եմ, որ մարդիկ կը տեսնեն` մեր ըսածները առարկայակա՞ն են, թէ՞ չեն: Ընդ որում` այս բացատրութիւնները ներկայացնելու զուգահեռ մշտապէս պէտք է կանխատեսումներ ընել, եւ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կանխատեսումներուն համար ալ պատասխանատու է: Անոնք, որոնք պատասխանատու են գնաճի համար Հայաստանի մէջ, այո՛, պէտք է մշտապէս կանխատեսում ընեն եւ վստահեցնեն բոլորին, որ պետական պիւտճէով նախատեսուած ցուցանիշները պիտի կատարուին, որ, այո՛, ապրանքատեսակ մը թանկացած է, ծառայութիւն մը աժանցած: Երբ մենք ատիկա չենք ըներ, այս բացը կը լրացնեն ուրիշները: Եւ շատ-շատերը, որոշ պարագաներու մասնագիտական ունակութիւններու, միւսները տեղեկատուութեան պակասի պատճառով, երրորդները այլ հանգամանքներով պայմանաւորուած, կը փորձեն ինչ որ ձեւով իրավիճակը լարել: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ` Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացի, այդ կարգին` այստեղ նստածներս, իրաւունք ունինք ամբողջական պատճառներու մասին ստոյգ տեղեկատուութիւն ունենալու:
Յաջորդը` եթէ իրապէս որոշ ապրանքատեսակներու թանկացումները ունին առարկայական պատճառներ, ապա պէտք է մտածենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է մեղմացնենք այդ հետեւանքները: Ես հիմա չեմ ուզեր դեղատոմս առաջարկել, բայց օրինակ կ՛ուզեմ բերել. մենք տարիներէ ի վեր օժանդակած ենք վառելանիւթի ձեռքբերման գիները գիւղացիական տնտեսութիւններու կողմէ: Խնդրեմ, ասիկա կը կարծեմ, շատ բնական գործիք է, եւ պէտք է շարունակել օգտագործել, բայց պարտադրանք չէ: Այսինքն` ես ասիկա կ՛ըսեմ, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրը մտածէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի փորձենք մեղմացնել հետեւանքները: Եւ միւսները, որ այս կէտին մէջ կը մտնեն` պէտք են, վստահաբար, հաստատումները, բայց ոչ խօսքերով, այլեւ գործով, որ պիւտճէով նախատեսուած բոլոր եկամուտները պիտի հաւաքագրուին: Արդէն տարուան երկրորդ կէսին մենք կը նայինք, թէ նաեւ ինչպիսի՛ լրացուցիչ խնդիրներ կրնանք լուծել` ընկերային նշանակութեան, որպէսզի գնաճը շատ ցաւոտ չ՛անդրադառնայ մեր, նախ եւ առաջ, ընկերային առումով անապահով խաւին վրայ: Ես անոր կարելիութիւնները կը տեսնեմ, իսկ դուք, վստահ եմ, ինձմէ աւելի սրատես էք այս հարցերուն մէջ», խորհրդակցութեան սկիզբը ըսած է հանրապետութեան նախագահը:
Քննարկման մասնակիցներուն Կեդրոնական դրամատան նախագահը տեղեկատուութիւն ներկայացուցած է սպառողական ապրանքներու շուկային մէջ 2017-ի վերջին եւ 2018-ի առաջին տասնօրեակներուն արձանագրուած գնաճին վերաբերեալ:
Փոխվարչապետը ներկայացուցած է սպառողական շուկաներուն մէջ էական գնաճ ունեցող ապրանքներու գնաճի պատճառներուն վերլուծութիւնը եւ անոր հետեւանքներու մեղմացման ուղղութեամբ իրականացուելիք քայլերուն վերաբերեալ առաջարկներ:
Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնախումբի նախագահ Արտակ Շաբոյեան ներկայացուցած է հիմնական սպառողական կամ մեծ ընկերային նշանակութեան ապրանքներու գիներու դիտարկումի արդիւնքները` յատկապէս բարձր կեդրոնացուածութիւն եւ մեծ ընկերային նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու շուկաներուն մէջ:
Խորհրդակցութեան հիման վրայ հանրապետութեան նախագահը շարք մը յանձնարարականներ տուած է պատասխանատուներուն:
Յատկապէս, կառավարութեան յանձնարարած է կազմել ընկերային մակարդակի վրայ կարեւոր ապրանքներու ցանկ մը: Շարունակաբար ուսումնասիրել այդ ապրանքներու գիներուն ելեւէջները, ներկայացնել գնային փոփոխութիւնները պայմանաւորող առարկայական եւ ենթակայական գործօնները, գնահատել անոնց թանկացման վտանգները եւ առաջարկել ձեւեր թանկացման ազդեցութիւնը մեղմացնելու նպատակով: Արդիւնքները պարբերաբար ներկայացնել հանրութեան:
Յանձնարարուած է նաեւ առաջարկել գնաճի հետեւանքներու մեղմացման տարբերակներ այն ընկերային մակարդակի վրայ կարեւոր ապրանքներու համար, որոնք հարկային կամ այլ օրէնսդրական փոփոխութիւններու պատճառով թանկացած են: Նախ եւ առաջ ընկերային մակարդակի վրայ կարեւոր գիւղատնտեսական ապրանքներու համար պիտի մշակուի եւ ներկայացուի տեղական արտադրութեան զարգացման եւ ներմուծուող ապրանքներու փոխարինման համալիր միջոցառումներու ծրագիր, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ ապահովելու գիներու կարելի եղածին չափ մատչելի մակարդակ` միեւնոյն ժամանակ խրախուսելով տեղական արտադրութիւնը:
Օրէնսդրական փոփոխութիւններ նախաձեռնելով, որոնց շնորհիւ կարելի են ընկերային մակարդակի վրայ կարեւոր ապրանքներու գիներու էական փոփոխութիւններ, կառավարութիւնը պէտք է զուգահեռ մշակէ միջոցառումներ, որոնք ուղղուած պիտի ըլլան այդ գնաճի հետեւանքներու մեղմացման: Կառավարութեան յանձնարարուած է նաեւ մշտական դիտարկում իրականացնել սեղմուած կազի, վառելանիւթի եւ տիզըլային վառելանիւթի շուկաներուն մէջ եւ յայտնաբերուած խնդիրները փոխանցել տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնախումբին` կտրուկ միջոցներ ձեռնարկելու նպատակով:
Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնախումբին առաջարկուած է` բարձր կեդրոնացուածութիւն ունեցող ապրանքային շուկաներու մէջ գիներու անհիմն բարձրացման պարագաներուն ձեռնարկել կտրուկ միջոցներ, ուսումնասիրել հացահատիկի եւ ալիւրի շուկաներուն մէջ գիներու ճշդումը եւ խնդիրներու առկայութեան պարագային ներկայացնել համապատասխան առաջարկներ: