Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 20 դեկտեմբերին ընդունած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի պատուիրակութիւնը` յանձնախումբի համանախագահ Սաճատ Քարիմի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութիւնը Երեւան կը գտնուի յանձնախումբի հերթական` 17-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով:
Ողջունելով հիւրերը` նախագահը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ Եւրոպական խորհրդարանին հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները բնականոն կերպով կը զարգանան եւ կ՛ընդարձակուին` թէ՛ երկկողմանի, եւ թէ՛ բազմակողմանի հարթութիւններու վրայ: Նախագահը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ շատ կարեւոր նկատած է միջխորհրդարանական կապերու եւ երկխօսութեան զարգացումը, խորհրդարանականներու աշխուժ փոխադարձ այցելութիւնները` առանձնայատուկ կերպով ընդգծելով խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնախումբի ձեւաչափը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան դիտել տուած է, որ տեղեակ է յանձնախումբի երեւանեան նիստի բովանդակալից օրակարգէն եւ յոյս յայտնած է, որ նիստին իբրեւ արդիւնք տրուած որոշումները կը նպաստեն տարբեր բնագաւառներու մէջ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ համագործակցութեան խորացման: Նախագահը կարեւոր նկատած է յանձնախումբին կատարելիք եզրափակիչ յայտարարութիւնը, մասնաւորապէս` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու վերջին զարգացումներուն վերաբերող, Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան տրուած բարձր գնահատականը, ինչպէս նաեւ Արցախի տագնապին գծով հաւասարակշռուած դիրքորոշման արտայայտումը` ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի միջնորդական ջանքերուն աջակցութեան:
Յանձնախումբի համանախագահ Սաճատ Քարիմ պատուիրակութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սարգսեանին` ընդունելութեան, միջխորհրդարանական ձեւաչափով համագործակցութեան տուած գնահատականին եւ իրենց հետ հանդիպումներուն ատեն անկեղծ ու բաց երկխօսութեան համար:
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի եւ ընդունուած յայտարարութեան դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք Հայաստանի մէջ իրականացուելիք աշխատանքներուն օրէնսդրական դաշտին մէջ եւ շարք մը ուղղութիւններով բարեփոխումներուն: