Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրով հիմնուած «Տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ համաշխարհային ներդրման համար» մրցանակաբաշխութեան կազմակերպիչներուն հետ: Նախագահը հանդիպումին սկիզբը անցեալ ութ տարիներուն իրականացած աշխատանքին համար նախ շնորհակալութիւն յայտնած է մրցանակաբաշխութեան կազմակերպիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք շահագրգռուած են մարզին զարգացումով, ապա հետաքրքրուած է, թէ մրցանակի շնորհումի անցեալ այդ տարիներու արդիւնքներէն մեկնելով` անիկա որքանո՞վ ծառայած է նպատակին, արդեօք մրցանակաբաշխութիւնը աւելի հանրայնացնելու խնդիր կա՞յ, ի՞նչ կը մտածեն կազմակերպիչները ապագային մրցանակը աւելի արդիւնաւէտ եւ օգտակար դարձնելու, երկրի ճանաչելիութիւնը նաեւ այդ միջոցով բարձրացնելու, տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին նկատմամբ յատկապէս երիտասարդութեան շրջանակներուն մէջ հետաքրքրութիւնը շարունակաբար բարձրացնելու եւ տնտեսութեան շարժիչ ուժերէն մէկը նկատուող` գերակայ ուղղութիւն յայտարարուած տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի զարգացման աւելի մեծ թափ հաղորդելու ուղղութեամբ:
Հանդիպումին մասնակիցները համակարծիք եղած են, որ հասած են մրցանակաբաշխութեան հիմք դրուած հիմնական նպատակներուն. անցեալ ութ տարիներուն Հայաստան այցելած են տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի զարգացման գործին մէջ համաշխարհային բացառիկ ներդրում ունեցած եւ մեծ հեղինակութիւն վայելող ութ մրցանակակիրներ, որոնք ընտրուած են մրցանակաբաշխութեան ընտրող յանձնախումբին կողմէ: Հայաստանի մէջ մարզի մասնագէտներու եւ երիտասարդներու հետ անոնց հանդիպումները մեծ ոգեւորութիւն յառաջացուցած է: Կազմակերպիչներուն հաստատումով, նպատակներէն մէկը մրցանակաբաշխութեան միջոցով Հայաստանի ճանաչելիութիւնը աշխարհի մէջ` իբրեւ բարձր արհեստագիտութեան զարգացող կեդրոն, մեծցած էր: Այդ ուղղութեամբ, ըստ հանդիպումի մասնակիցներուն, ջանքերը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու խնդիր կայ, որուն նպատակով այժմ աշխատանքներ կը կատարուին:
Մրցանակաբաշխութեան կազմակերպիչները գոհունակութեամբ արձանագրած են, որ Հայաստան այցելած մրցանակակիրները երկրէն հեռացած են մեծ տպաւորութիւններով, անոնցմէ ոմանք` կրկին վերադառնալու ցանկութեամբ, իսկ երեքը շարունակած են համագործակցութիւնը եւ գործնական քայլերով ամրապնդած Հայաստանի հետ կապը: Յատկապէս, «Սիսքօ» ընկերութեան զարգացման գծով նախագահ Մարիօ Մացցոլան մեծ գումար նուիրաբերած է Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին, «Քասփերսքիի տարրալուծարան»-ի գլխաւոր տնօրէն Եւկենի Քասփերսքին համագործակցութեան յուշագիր ստորագրած է Հայ-ռուսական համալսարանին հետ` մագիստրոսութեան նոր ծրագիր բանալու եւ համալսարանին հետ համագործակցութիւնը զարգացնելու նպատակով, «Հիթաչի» ընկերութեան նախկին գործադիր տնօրէն Ցուքիօ Մաքիմոթոն այցելութեան տպաւորութիւններով գիրք հրատարակած է` «Հայաստանը` իբրեւ նորարարական երկիր» վերնագիրով:
Հանդիպումին մասնակիցները խօսած են նաեւ արհեստագիտութեան մարզի զարգացման վերջին տարիներու հիմնական միտումներու, մարտահրաւէրներու եւ այս մարզի ներուժի մասին, առաջարկներ ներկայացուցած հետագայ զարգացման կարելիութիւններուն վերաբերեալ: