Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին նշուեցաւ կիրակի, 22 նոյեմբեր 2020-ը յայտարարել հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակի օր, ուր յատուկ արարողութիւն պիտի կատարուի աշխարհի բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ: