ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի, «Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ, Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ «Պատիւ ունեմ» դաշինքի ղեկավար Արթուր Վանեցեան հետ՝ շնորհաւորելով զանոնք։
Ըստ վարչապետի պաշտօնակատարի գրասենեակին` Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց Նիկոլ Փաշինեանը՝ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակին համար: Նախագահը Հայաստանի ապագայ կառավարութեան մաղթեց յաջողութիւն ՝ ի նպաստ Հայաստանի հետագայ զարգացման, յառաջընթացին, ժողովուրդի բարեկեցութեան ու պետութեան անվտանգութեան ապահովման:
Ռոպերթ Քոչարեանին հետ զրոյցին ընթացքին նախագահը շնորհաւորեց զայն եւ անոր ղեկավարած «Հայաստան» դաշինքը` խորհրդարան անցնելnուն առթիւ եւ մաղթեց արդիւնաւէտ գործունէութիւն` ի նպաստ Հայաստանի Հանրապետութեան:
Շնորհաւորելով Արթուր Վանեցեանը՝ նախագահը մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք` ի շահ Հայաստանի: