Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Խորհրդակցութիւն Ունեցած Է Հանրային Ծառայութիւնները Կարգաւորող Յանձնախումբի Անդամներուն Հետ

February 3, 2018
in Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Նախագահ Սերժ Սարգսեան Խորհրդակցութիւն Ունեցած Է Հանրային Ծառայութիւնները Կարգաւորող Յանձնախումբի Անդամներուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ խորհրդակցութիւն ունեցած է Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի անդամներուն հետ:

Հանդիպումին սկիզբը հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ այսպիսի կազմով յանձնախումբին հետ առաջին անգամ կազմակերպուող խորհրդակցութիւնը պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու լոյսին տակ Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբը կը դառնայ ինքնավար մարմին, որուն վերաբերեալ նոր օրէնքը արդէն ընդունուած է, փոխուած են յանձնախումբին կարգավիճակն ու անոր անդամներուն ներկայացուող պահանջները: Նախագահը խորհրդակցութեան մասնակիցներէն հետաքրքրուած է, թէ այս ընթացքին ի՛նչ խնդիրներ յառաջացած են, փոփոխութիւնները ինչպէ՛ս անդրադարձած են յանձնախումբի ընթացիկ գործունէութեան վրայ, եւ ի՛նչ պէտք է ըլլայ, որպէսզի հանրութեան մատուցուող ծառայութիւններուն որակը ալ աւելի բարելաւուի:

Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Նազարեան ըստ մարզերու ներկայացուցած է վերջին տարիներուն յանձնախումբին կատարած աշխատանքները եւ անդրադարձած 2018-ի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւններուն: Ռոպերթ Նազարեան, այլ մարզերու կողքին ներկայացուցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հետ փոխգործակցութեան եւ միջազգային համագործակցութեան ուղղութիւններով 2016-2017 տարիներուն յանձնախումբին կատարած աշխատանքները:

Խորհրդակցութեան աւարտին նախագահ Սերժ Սարգսեան անհրաժեշտ նկատած է յստակացնել կարգաւորուող ընկերութիւններու փոխյարաբերութիւններու իրաւական դաշտը, բարձրացնել սպառողներու շահերու պաշտպանութեան մակարդակը եւ անոնց անմիջական ներգրաւումը կարգաւորման հոլովոյթին:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է նաեւ յանձնախումբը իր հրապարակային եւ թափանցիկ գործունէութեան շնորհիւ հանրութեան լաւագոյնս ճանաչելի դարձնելը` ամրապնդելով վստահութիւնը կառոյցին նկատմամբ:

Previous Post

Հայաստանի Ժողովրդավարութեան Ցուցանիշը 2017-ին Բարելաւուած Է

Next Post

Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայկական Սփիւռքի Մէջ 1850-1980 (Բ.)

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.