ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ
Հայ ազգը քրիստոնեայ առաջին ազգը ըլլալով, քաջատեղեակ է մեր Տիրոջ ու Փրկչին` Յիսուս Քրիստոսին տասներկու առաքեալներու անուններուն: Սակայն, ցաւ ի սիրտ, ան բոլոր առաքեալներու կեանքին մասին տեղեկութիւններ չունի, որովհետեւ ընդհանրապէս կեդրոնացած է անոնցմէ երեքին` Ս. Բարթողիմէոս, Ս. Թադէոս եւ Ս. Պետրոս առաքեալներուն, ինչպէս նաեւ տասներեքերորդ առաքեալին` Ս. Պօղոսին վրայ: Այդ իսկ պատճառով այս գրութեան նպատակն է ներկայացնել Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն երկուքը` Ս. Անդրէաս եւ Ս. Փիլիպպոս առաքեալները, որոնց տօնը Հայ առաքելական ս. եկեղեցին այս տարի կը յիշատակէ նոյեմբեր ամսուան 12-ին:
Ինչո՞ւ Անդրէաս Եւ Փիլիպպոս Առաքեալները Միասին Կը Յիշատակուին
Ս. Անդրէաս եւ Ս. Փիլիպպոս առաքեալները միասին կը յիշատակուին, որովհետեւ իրենց կեանքը նմանութիւններ ունի: Օրինակի համար, երկուքն ալ Բեթսայիդա քաղաքէն էին: Բեթսայիդան մեծ հունձք տուաւ Աստուածամարդին` Քրիստոսին: Փաստօրէն Աստուածորդւոյն առաքեալներէն հինգը` Անդրէասը, Փիլիպպոսը, Պետրոսը, Յակոբոսը եւ Յովհաննէսը Բեթասայիդա քաղաքէն էին: Անոնց կողքին Բեթսայիդան ուրիշ նշանաւոր հունձքեր ալ տուաւ, ինչպէս Քրիստոսի բարեկամ Ղազարոսը ու անոր քոյրերը` Մարթան եւ Մարիամը:
Անդրէաս եւ Փիլիպպոս առաքեալներուն, նախ աշակերտեցին Յովհաննէս Մկրտիչին եւ ապա` Քրիստոսին: Ի տարբերութիւն Քրիստոսի միւս առաքեալներէն, Ս. Անդրէաս եւ Ս. Փիլիպպոս առաքեալները իրենք անձա՛մբ ուզեցին Քրիստոսի հետեւիլ եւ ոչ թէ Յիսուսի խօսքով իրենք առաքեալ դառնալու հրաւիրուեցան:
Թէ՛ Անդրէաս առաքեալը եւ թէ՛ Փիլիպպոս առաքեալը Քրիստոսի առաջին հետեւողները եղան: Երբ Յովհաննէս Մկրտիչը Յիսուսը մկրտելէ ետք անոնց յայտնեց, որ ինքը չէ ակնկալուած Մեսիան, այլ Նորամկրտեալը` Քրիստոսը, անոնք անմիջապէս Աստուածորդւոյն քով գացին եւ ուզեցին անոր աշակերտիլ (Յովհաննէս 1. 35-39):
Անդրէասն ու Փիլիպպոսը մարդիկը Քրիստոսի առաջնորդեցին, նոյնիսկ երբ տակաւին առաքելութեան չէին ուղղուած: Անդրէաս առաքեալը Պետրոս առաքեալին առաջնորդեց Քրիստոսին (Յովհաննէս 1. 41), իսկ Փիլիպպոս առաքեալը` Բարթողիմէոս (Նաթանայէլ) առաքեալին (Յովհաննէս 1. 46-48):
Թէ՛ Անդրէաս եւ թէ՛ Փիլիպպոս առաքեալները նահատակուեցան խաչելութեամբ:
Երկուքն ալ յունարէն անուններ ունէին:
Սուրբ Անդրէաս Առաքեալ
Աւետարաններուն մէջ Անդրէաս առաքեալին մասին յիշատակութիւններ կը պակսին: Հետաքրքրական է յիշել, որ «Գործք առաքելոց» գիրքը Անդրէաս առաքեալին մասին ոչ մէկ յիշատակութիւն ունի: Այդ իսկ պատճառով Անդրէաս առաքեալի կեանքին հետ կապուած յիշատակութիւնները կը գտնենք իր մասին գրուած աւանդութիւններուն մէջ:
Անդրէաս առաքեալը Պետրոս առաքեալին մեծ եղբայրն էր: Երբ Յովհաննէս Մկրտիչը հրահանգեց իր աշակերտներուն, որ հետեւին Յիսուս Քրիստոսին, Անդրէաս գնաց Տիրոջ մօտ, խօսեցաւ անոր հետ, հաւատաց անոր եւ անմիջապէս իր եղբայրը գտնելով` ըսաւ. «Մեսիան գտանք» (Յովհաննէս 1. 41): Այդպիսով ան Պետրոս առաքեալը առաջնորդեց Յիսուս Քրիստոսին:
Անդրէաս առաքեալը կը կոչուի «նախակոչ» առաքեալ, այսինքն` Քրիստոսի հետեւած եւ անոր կողմէ կանչուած առաջի՛ն առաքեալը: Անոր անունը յունական է: Անդրէաս եւ Փիլիպպոս առաքեալներուն յունարէն անունները համարձակութիւն տուած են Յունաստանէն եկող հեթանոսներուն, որ իրենց դիմեն Քրիստոսի մօտենալու համար:
Աստուածամարդին յարութենէն ետք, Անդրէաս առաքեալը, միւս առաքեալներուն նման, լծուեցաւ աւետարանը քարոզելու առաքելութեան: Եւսեբիոս պատմիչի, Ս. Եպիփանի եւ Ս. Հիերոնիմոսի (Ս. Ճերոմ) համաձայն, ան քարոզեց Կապադովկիոյ, Բիւթանիոյ, Գաղատիոյ, Սկիւթիոյ եւ Բիւզանդիոնի մէջ:
Առաքեալը նահատակուեցաւ Փաթրաս (Յունաստան) քաղաքին մէջ, բազմապատկման նշանի ձեւ ունեցող (լատիներէն x տառին ձեւով) խաչի վրայ: Այնուհետեւ, բազմապատկման նշանի ձեւ ունեցող խաչը թէ՛ մեր մատենագրութեան եւ թէ՛ քրիստոնէական կենցաղավարութեան մէջ ճանչցուեցաւ իբրեւ Անտրէի կամ Անդրէասի խաչ: Բիւզանդական եկեղեցին, որ կը համարուի Անդրէաս առաքեալին կողմէ հիմնուած եկեղեցի, իր եկեղեցիներուն մէջ Քրիստոսի խաչին կողքին կը գործածէ թեքուած խաչ` իբրեւ խորհրդանիշ Անդրէաս առաքեալի խաչին:
Հետաքրքրական է յիշել, որ երբ Քրիստոսի խաչափայտին նման խաչ մը բերած են, որպէսզի Ս. Անդրէասը անոր վրայ խաչեն, առաքեալը իր խոնարհութեամբ մերժած է իր Տիրոջ խաչին նմանող խաչի մը վրայ նահատակուիլ` առարկելով, որ ինք արժանի չէ իր Տիրոջ նմանելու: Ուստի, ինչպէս յիշեցի, ան մարտիրոսացած է բազմապատկման նշանի ձեւ ունեցող խաչի վրայ: Ս. Անդրէասը նաեւ մերժած է իր Տիրոջ նման գամուիլ, ուստի անոր ձեռքերն ու ոտքերը կապած են: Առաքեալը խաչի վրայ ըլլալով հանդերձ, երկու օր շարունակած է քարոզել Քրիստոսի մասին եւ շատ հեթանոսներ դարձի բերած է: Ան իր հոգին աւանդած է հետեւեալ աղօթքով. «Տէ՜ր իմ, յաւերժական փառքի թագաւոր, ընդունէ՛ զիս այսպէս` կախուած այս քաղցր փայտին վրայ: Դո՛ւն ես իմ Աստուածս, զոր ես աչքերովս տեսայ: Թոյլ մի՛ տար, որ զիս արձակեն հոսկէ: Ըրէ՛ այս մէկը ինծի համար, որովհետեւ ես լաւապէս գիտեմ քու խաչիդ առաքինութիւնը»:
Ս. Հիերոնիմոսը կը վկայէ, որ 357-ին Ս. Անդրէասին մասունքները Փաթրասէն Կոստանդնուպոլիս տարուած են: Ապա հոնկէ փոխադրուած են Իտալիոյ Ամաֆէ քաղաքը: 1208-էն սկսեալ անոր գանկը կը գտնուէր Հռոմի մէջ: 1964-ին անոր գանկը Փաթրաս վերադարձուած է: Ներկայիս Անդրէաս առաքեալը կը նկատուի Ռուսիոյ, Յունաստանի եւ Սկովտիոյ պաշտպան սուրբը:
Անդրէաս առաքեալին հետ կապուած հետաքրքրական պատմութիւն մը կայ «Վարք հարանց»-ին մէջ, զոր կ՛ուզեմ հոս յիշել:
Կը պատմուի, թէ եպիսկոպոս մը կար, որ ողորմած էր եւ ժողովուրդին կողմէ սիրուած: Ան ամէն օր աղքատներուն համար առատ ուտելիքներ ու սիրոյ սեղաններ կը սարքէր եւ սեղանակից կը դառնար անոնց. առանց աղքատներուն` ան սեղան չէր նստեր: Եպիսկոպոսը ամէն օր իր աղօթքներուն մէջ Անդրէաս առաքեալին բարեխօսութիւնը կը խնդրէր` ըսելով. «Ո՜վ սուրբ Անդրէաս առաքեալ, զիս փրկէ սատանային չար հնարքներէն եւ փորձութիւններէն»: Օր մը սատանան, նախանձելով եպիսկոպոսին կատարած աստուածահաճոյ գործերուն, կ՛ուզէ զայն փորձութեան մատնել: Ան հմայիչ կնոջ կերպարանք կ՛առնէ եւ աղքատներուն հետ կու գայ ու եպիսկոպոսին դիմաց կը բազմի, որպէսզի իր հմայիչ կերպարանքով գայթակղեցնէ եպիսկոպոսը եւ զայն շնութեան մեղքին առաջնորդէ: Եւ իրապէս ալ այդպէս կ՛ըլլայ: Ամէն անգամ, երբ եպիսկոպոսը անոր կը նայէր, ան միտքով կը շնար: Այս միջոցին Ս. Անդրէաս առաքեալը աղքատի կերպարանք կ՛առնէ եւ եպիսկոպոսին տան դրան մօտենալով` կը սկսի դուռը թակել: Եպիսկոպոսը դուռը կը բանայ, սակայն զայն ներս չ՛ընդունիր, մինչեւ որ հմայիչ կնոջ հաւանութիւնը առնէ: Կինը կ՛ըսէ. «Երեք հարցումներ ուղղենք անոր, եթէ պատասխանները գիտնայ, ներս առ զայն»: Կինը կը հարցնէ. «Ի՞նչն է այն, որ մարմինին անդամներուն մէջ ամէնէն փոքրն է, բայց կրնայ տարբեր կերպարանքներ ստանալ»: Առաքեալը կը պատասխանէ. «Մարդուս դէմքը»: Երկրորդ հարցումը ուղղելով կ՛ըսէ. «Ի՞նչն է այն, որ երկրի վրայ է, բայց երկինքէն բարձր է»: Ս. Անդրէաս առաքեալ կը պատասխանէ. «Եկեղեցւոյ ս. սեղանն է, որ թէպէտեւ երկրի վրայ է, եւ որու վրայ Քրիստոս կը բազմի, բայց երկինքէն աւելի բարձր է, որովհետեւ Քրիստոս երկնքի մէջ իր հօրը աջ կողմը բազմած է եւ միաժամանակ բազմած է ս. սեղանին սկիհին մէջ»: Կինը երրորդ հարցումը կը յղէ` ըսելով. «Ի՞նչն է, որ երկնքի մէջ էր, բայց անդունդներուն մէջ իջաւ»: Առաքեալը կը պատասխանէ. «Դո՛ւն ես, որովհետեւ դուն կին չես, դուն սատանան ես, որ երկնքի մէջ էիր, բայց անդունդները իջար: Անմիջապէս հեռացի՛ր եպիսկոպոսին տունէն եւ մի՛ գայթակղեցներ զայն»: Այս խօսքերը լսելով` սատանան անմիջապէս կ՛անհետանայ, եւ եպիսկոպոսն ու աղքատները կը սկսին ողբալ եւ զղջալ: Ապա եպիսկոպոսը աղքատին կը հարցնէ` ըսելով. «Ո՞վ ես դուն»: Առաքեալը կը պատասխանէ. «Ես Անդրէաս առաքեալն եմ: Դուն միշտ ինձմէ կը խնդրէիր, որ քեզ հեռու պահեմ սատանային փորձութիւններէն եւ ահա ես լսեցի քու աղօթքդ եւ այսօր քու խնդրանքդ կատարեցի»:
Սուրբ Փիլիպպոս Առաքեալ
Փիլիպպոս առաքեալը Բեթսայիդա քաղաքէն էր: Կը կարծուի, որ Պետրոս եւ Անդրէաս առաքեալներուն նման, արհեստով ձկնորս եղած է: Աշակերտած է Յովհաննէս Մկրտիչին: Հակառակ հրեայ ըլլալուն` Փիլիպպոս առաքեալին անունը առնուած է յունարէնէն, որ կը նշանակէ ձիերու սիրահար կամ ձիերու բարեկամ: Փիլիպպոս ծանօթ էր Ս. Գիրքին եւ մանաւանդ` գալիք Մեսիային մասին խօսող մարգարէական գիրքերուն: Ս. Փիլիպպոս եւս կը սպասէր Մեսիային գալուստը: Երբ Յովհաննէս Մկրտիչ յայտնեց իր աշակերտներուն, որ սպասուած Մեսիան Յիսուս ի՛նքն է (Յովհաննէս 1. 35-39), ան առանց ժամանակ վատնելու` հետեւեցաւ Քրիստոսին:
Քրիստոսի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Փիլիպպոս անմիջապէս իր ընկերոջ` Նաթանայէլին (ապագայի Բարթողիմէոս առաքեալին) քով երթալով, Քրիստոսի մասին խօսած եւ զայն Աստուածորդւոյն առաջնորդած է (Յովհաննէս 1. 46-48):
Յովհաննու աւետարանին մէջ Փիլիպպոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները միշտ իբրեւ զոյգ կը ներկայացուին: Այս մէկը կարելի է հաստատել, երբ նկատի ունենանք Փիլիպպոս առաքեալին նահատակութեան պատմութիւնը: Կը պատմուի, որ Փիլիպպոս եւ Բարթողիմէոս զոյգը Հիերապոլիս կ՛երթան: Հոն կը տեսնեն, որ ժողովուրդը մեծ օձ մը կը պաշտէ: Ժողովուրդը արթնութեան հրաւիրելու համար երկու առաքեալները կը քարոզեն ճշմարիտ հաւատքը, ինչ որ կառավարիչին թշնամութիւնը կը գրգռէ: Ուստի Փիլիպպոս եւ Բարթողիմէոս առաքեալները կը մերկացուին եւ գլխիվայր կը խաչուին: Յանկարծ մեծ երկրաշարժ մը կը պատահի: Գետինը բացուելով` 7000 հոգի կը կլանուի հողին մէջ, եւ առաքեալները կ՛իյնան իրենց խաչերուն վրայէն: Բարթողիմէոս առաքեալը կ՛ազատի եւ Հայաստան կ՛երթայ, սակայն Փիլիպպոս առաքեալը արդէն մահացած կ՛ըլլայ (Տասներկուքը… «Տիրոջ մարդիկը», Ուիլիըմ Պարքլէյ, դպրեվանք, Անթիլիաս, 1981, էջ 123):
Հոս կը ներկայացնեմ Փիլիպպոս առաքեալին յիշատակութիւնները Աստուածաշունչին մէջ.
Ա.- Սուրբ Փիլիպպոս առաքեալը, Անդրէաս առաքեալին նման, Բարթողիմէոս առաքեալը հրաւիրեց Քրիստոսի աշակերտ դառնալու: Երբ Նաթանայէլ առաքեալը հարցուց. «Կարելի՞ է, որ Նազարէթէն լաւ բան մը ելլէ» (Յովհաննէս 1. 46): Փիլիպպոս առաքեալը պատասխանեց. «Եկո՛ւր եւ տե՛ս» (Յովհաննէս 1. 46), որովհետեւ, ինչպէս վերեւ յիշեցի, ինք Յովհաննէս Մկրտիչի հրամանով գացած եւ տեսած էր Մեսիան:
Բ.- Օր մը, երբ Յիսուս իր առաքեալներուն եւ 5000 հաւատացեալներու հետ կը գտնուէր Տիբերիոյ լիճի ափին, Աստուածորդին կ՛ուզէ կերակրել անօթի բազմութիւնը: Ուստի Փիլիպպոս առաքեալին կը հարցնէ. «Ուրկէ՞ գտնենք բաւական հաց, որ ասոնք ուտեն» (Յովհաննէս 6. 5): Փիլիպպոս կը պատասխանէ. «Երկու հարիւր արծաթ դահեկանի հաց ալ պիտի չբաւէ ասոնց, նոյնիսկ եթէ իւրաքանչիւրը պատառ մը առնէ» (Յովհաննէս 6. 7): Անկէ ետք Յիսուս գարիի հինգ հացերն ու երկու ձուկերը բազմացնելով` բազմութիւնը կը կերակրէ: Քրիստոս լաւապէս գիտէր, որ իր առաքեալները պիտի չկարենային 5000 հոգի կերակրել, բայց ան դիտմամբ կը դիմէ առաքեալներուն: Այս մէկը Քրիստոսի ուսուցման մեթոտներէն մէկն էր, որ ան մշտապէս կը կիրարկէր: Մեթոտ մը, որուն ճամբով ան իր առաքեալներուն աչքերը կը բարձրացնէր դէպի երկինք` յայտնելով, որ ինք պարզապէս աստուածային յատկութիւններով օժտուած մարդ մը չէր, այլ` Աստուած:
Գ.- Առիթով մը, երբ խումբ մը հեթանոսներ Երուսաղէմ եկած էին, որպէսզի Քրիստոսը տեսնէին, անոնք նախ հանդիպեցան Փիլիպպոս առաքեալին: Առաքեալը զանոնք առաջնորդեց Յիսուս Քրիստոսին (Յովհաննէս 12. 20-26): Ըստ բանաւոր աւանդութեան, այս հեթանոսները այն բանագնացներն էին, որոնք հայոց Աբգար թագաւորին կողմէ ուղարկուած էին Քրիստոսը Հայաստան աշխարհ հրաւիրելու, որպէսզի բժշկէ իրենց հիւանդ թագաւորը:
Դ.- Փիլիպպոս առաքեալը վերջին ընթրիքին ընթացքին Յիսուսի կ՛ըսէ. «Տէ՛ր, ցոյց տուր մեզի Հայրը եւ կը բաւէ մեզի» (Յովհաննէս 14. 8): Քրիստոս կը պատասխանէ. «Այսքան ատեն ձեզի հետ եմ եւ տակաւին չճանչցա՞ր զիս, Փիլիպպո՛ս» (Յովհաննէս 14. 9): Քրիստոս հոն կը յայտնէ այն աստուածային ճշմարտութիւնը, որ Ինք եւ Հայրը մէկ են (Յովհաննէս 14. 9-14): Փիլիպպոսի հարցադրումը պատճառ կը դառնայ, որ Քրիստոս յայտնէ, թէ եկեղեցին ոչ թէ քանի մը աստուածներ կը պաշտէ, այլ` մէկ Աստուած: Այսպիսով, կը հաստատուի Հօր եւ Որդւոյն մէկ աստուածութիւնը եւ միութիւնը:
Աստուածառաքին յարութենէն ետք Փիլիպպոս առաքեալը ինք եւս, միւս առաքեալներուն նման, լծուեցաւ Տիրոջ բարի լուրը տարածելու սուրբ գործին: Աւանդութեան համաձայն, ան քարոզեց Լիւդիոյ, Ասիոյ, Պարթեւաստանի եւ Գաղատիոյ մէջ: Նահատակուեցաւ Ասորիքի Հիերեպոլիս քաղաքին մէջ` գլխիվայր խաչելութեամբ:
Ս. Յովհան Ոսկեբերանին Քրիստոսի տասներկու առաքեալներուն նուիրուած ճառին համաձայն, Փիլիպպոս առաքեալին մասունքները պահուած են Հիերապոլիսի մէջ: Ժամանակ մը ետք սուրբին մասունքներուն մէկ մասը տարուած է Կոստանդնուպոլիս, իսկ միւս մասը` Հռոմ:
Միջնադարեան արուեստը Փիլիպպոս առաքեալը նկարագրած է թէ՛ հինգ նկանակով եւ թէ՛ խաչափայտով:
Ս. Անդրէաս եւ Ս. Փիլիպպոս առաքեալները իրենց կենցաղով կը ներկայացնեն մարդոց ա՛յն տեսակը, որ Աստուածապարգեւը իրեն հետեւող բազմահազար մարդոցմէ հաճեցաւ ընտրել եւ առաքել` իբրեւ իր դեսպանները: Այս հանգամանքը չափազանց կարեւոր է, որովհետեւ կը յայտնէ, թէ ինչպիսի՛ արժանիքներ պէտք է ունենան այն անձերը, որոնք կոչուած են Քրիստոսի խօսքը տարածելու:
Հայ առաքելական ս. եկեղեցւոյ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներուն նուիրուած շարականը զանոնք կը կոչէ «Երանելի սուրբ առաքեալք»: Այո՛, առաքեալները երանելի են, որովհետեւ անոնք իրենց աչքերով տեսան Քրիստոսը, իրենց ձեռքերով շօշափեցին աշխարհի եւ մարդկութեան Փրկիչը, ճաշակեցին Աստուածորդւոյն քաղցրութիւնը (Սաղմոս 34. 8), լսեցին եւ վայելեցին Տիրոջ խօսքին համադամութիւնը: Մարդ արարածներս, որքան կարդանք եւ լսենք բանի մը մասին, այնքան լաւ չենք հասկնար տուեալ նիւթը, եթէ մեր դիմաց կենդանի եւ խօսուն օրինակ մը չունենանք: Այդ իսկ պատճառով, եթէ կ՛ուզենք Քրիստոսը լաւապէս ճանչնալ, պէտք է ճանչնանք այս աշխարհի վրայ Քրիստոսի հայելիները դարձած առաքեալներուն կեանքն ու գործունէութիւնը, որովհետեւ շատ անգամ Քրիստոսին ճշմարիտ հետեւորդով կարելի է Քրիստոսը հասկնալ: Յաճախ կը լսենք, որ սուրբերը մեր աչքերուն առաջ դրուած բաց Աստուածաշունչեր են: Քրիստոսի տասներկու առաքեալներն ալ մաս կը կազմեն այդ բաց Աստուածաշունչերու խմբակին, սակայն անոնք մէկ աստիճան աւելի բարձր են սովորական սուրբերէն, որովհետեւ Քրիստոսին հետ ուղղակիօրէն հաղորդակցութեան մէջ մտնելու պատիւը ունեցան:
Հայ առաքելական ս. եկեղեցին Փիլիպպոս եւ Անդրէաս առաքեալներուն տօնը կը յիշատակէ Խաչվերաց տօնին իններորդ կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
Ուրբաթ, 4 նոյեմբեր 2022
Անթիլիաս, Լիբանան