ԻՐԱՆՑԻ ՄԱՐԶԻԿ ՄԸ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐԻ ՄԸ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆՈՒԻՐԵՑ ԻՐ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱԼԸ:
Իրանցի մարզիկ մը՝ Ահմատ Պաղերիփուր, որ 2017 թուականին շահած է Երեւանի մէջ կայացած քարաթէի աշխարհի 12-րդ ախոյեանութեան մրցումներուն ախոյեանութիւնը, Արցախի 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հայ զինուոր Արթուր Սուքիասեանի ընտանիքին նուիրեց իր շահած ոսկէ մետալը:
Ահմատ Պաղերիփուր եւ Արթուր Սուքիասեան մտերիմներ եղած են անցեալէն: Բազմաթիւ միջազգային մրցաշարքերու մասնակցած են միասին:
Իրանցի մարզիկը ներկայացած է Թեհրանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը, յանձնած ոսկէ մետալը, որպէսզի ուղարկուի Արթուր Սուքիասեանի ընտանիքին:
Գնահատելի եւ միաժամանակ նախանձելի երախտագիտութիւն: